Ազատ Խոհեր` Ժողովրդայնացման Մասին Ընդհանրապէս – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

25 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 17 օգոստոսի Հանրապետութեան հրապարակի տպաւորիչ հանրահաւաքի ընթացքին արտասանած ճառը վերջին տասնամեակներու ընդհանուր սահմանումով ամէնուրեք զարգացող populiste քաղաքական խօսքի նմուշ մըն էր: Ոչ միայն հայկական:

Վերանկախացած Հայաստանի պետութիւնը, հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), զգացական-յուզական երջանկացնող վիճակներէն հեռանալով` իմաստուն վերաբերում եւ գնահատում պէտք է ունենան երկրի եւ ժողովուրդի հարցերուն, ներկային, ապագային եւ պատմութեան մասին, երբ շատ արագ կ’ընթանայ ժամանակը, եւ կը փոխուին յարաբերութիւնները` ներազգային եւ միջազգային:

Փնտռեցի populiste եզրին հայերէնը: Չգտայ: Բառարան մը պարզապէս գրած էր ՊՈՊՈՒԼԻԶՄ: Դիմեցի այլ լեզուներով տրուած սահմանումներու: Կ’ըսուի, թէ ան քաղաքական ամբոխավարական ձգտում մըն է` ժողովուրդի շահերը պաշտպանելու միտող: Նոյնիսկ գրականութեան, նկարչութեան եւ շարժանկարի արուեստին մէջ ան հետամուտ է ցոյց տալու ժողովրդական միջավայրի պատկերը: Փորձենք բաւարարուիլ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅՆԱՑՈՒՄ եզրով` զայն յստակօրէն տարբերելով ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆէ եւ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷ, սպասելով, որ հայերէն քաղաքական բառապաշարին մէջ յայտնուի աւելի ճիշդ եզր մը` չբաւարարուելով ՊՈՊՈՒԼԻԶՄ վարձու բառով:

Ժողովրդայնացում-populisme երեւոյթը ուսումնասիրութեան առարկայ եղած է: Առաջին եզրակացութիւն մը կ’ըսէ, որ «ժողովրդայնացման քաղաքականութիւն մը կը յատկանշուի երեք հիմնական յուզումներով` վախը, զայրոյթը եւ մտերմութիւնը: Ան կը ներկայանայ զանազան արտայայտութիւններով` զգացումի, անձկութեան եւ զայրոյթի (ընդվզումի):

Ուսումնասիրողներ կ’ըսեն, որ վախը հիմնական գործիքն է ժողովրդայնացման ընթացք որդեգրած ղեկավարներու ճառին, որ կը ձգտի ստեղծել ներքին եւ արտաքին թշնամիներ` անոնց վրայ բեւեռելով ուշադրութիւնը, կ’օգտագործէ զգացական ազդակներ` յառաջացնելով մտածման եւ դատումի շփոթներ, որոնք կը կրծեն ժողովրդավարութիւնը եւ կը սահին դէպի անհանդուրժողութիւն` ստեղծելով սեւի եւ ճերմակի հակադրութիւն: Երեւոյթը համատարած է, կ’արտայայտուի մերժումներով` կրօնական, ծագման, գոյնի, ինքնապաշտպանութեան պիտակի տակ:

Եւրոպան սարսափ կ’ապրի` վախնալով, որ գաղթականական ալիքները կրնան արմատապէս փոխել իր աւանդական-պատմական- քաղաքակրթական-մշակութային բնակչութեան կազմի ինքնուրոյնութիւնը եւ կրօնամշակութային դիմագիծը, որուն պատճառով բնազդական ինքնապաշտպանութեան ընթացք մը կայ, որ կը բեւեռուի իսլամութեան վրայ: Կը գործածուի բառ մը. մեծ փոխարինումը: Այս վերջին պարագային պէտք է նշել նաեւ, որ իսլամութիւնը ինք եւս կը յատկանշուի պատշաճեցման մերժումով` սրելով կացութիւնը: Ժողովրդագրական, կրօնական, ինքնութեան եւ տնտեսական հարցերը գումարուելով` ծնունդ կու տան վախի եւ այլամերժութեան, զորս կը շահագործեն քաղաքական ժողովրդայնացման նպատակով: Կը ստեղծուի յաճախ իրականութենէ հեռացող եւ իշխանատենչական նպատակներով չարաշահուող ենթահող:

Օրինակ, այս ինքնութեան պաշտպանութեան երեւոյթը կը ներշնչէ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը, որ կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով, որուն վերջին արտայայտութիւնը եղաւ այն յայտարարութիւնը, որ Իսրայէլ միայն հրեաներուն հայրենիքն է: Բնակչութեան աճի պատճառով երկիրներու պատմական-աւանդական դիմագիծի փոփոխութիւնը վախ կը պատճառէ, եւ այդ վախը կը դառնայ քաղաքական շահագործման միջոց, Եւրոպա եւ Ամերիկա. Պաշտպանութիւն Արեւմտեան Եւրոպայի, պաշտպանութիւն Միացեալ Նահանգներու` լաթինոներու յարաճուն համրանքին դէմ: Նոյնատեսակ վախ` Իսրայէլի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պարագային:

Հաղորդակցական լայնատարած եւ միաժամանակ ըստ կամս շահագործուող հաղորդամիջոցները անարգել կը սրեն կացութիւնները, որոնք պատեհապաշտներու կողմէ կ’օգտագործուին քաղաքական նպատակներով: Այսինքն յուզումներով կ’առաջնորդուի քաղաքական Էութիւնը` վտանգելով իսկական ժողովրդավարութիւնը եւ արգելք հանդիսանալով ներկայացող խնդիրներու իմաստուն լուծման:

Ֆրետերիք Նիցչէ 1878-ին արդէն գրած էր, որ «Այս իրարանցումը այնքան կ’աճի, որ` բարձր մշակոյթը բնաւ ժամանակ չունի իր պտուղները հասունցնելու … Որեւէ ժամանակ, գործող մարդիկ, այսինքն` իրար անցնողները, ասկէ աւելի չեն գնահատած»:

Արագութեան հեւքով կ’ապրինք: Շտապելը կենսաոճն է ժամանակակիցներուս, եւ երբ մտածելու ժամանակ չենք տրամադրեր, կ’առաջնորդուինք յուզումներով, կարճ տարազներով, զգացումներով եւ նոյն գիծին վրայ` կիրքով: Այդպէս են քաղաքական գործիչները: Հետեւեցէ՛ք մեծերու տուիտներուն (tweet), որոնք քաղաքական հասունութենէ հեռու են: Առածը կ’ըսէ, որ գիշերը խորհուրդ կը բերէ: Այդ խորհուրդ բերող գիշերը մեր ժամանակացոյցին մէջ չէ: Յուզումը ըլլալով հակառակը կշռադատման` կրնայ վտանգել ժողովրդավարութիւնը, որ հասարակաց մտածուած կամք է, ընդդէմ` մասնակի շահախնդրութիւններու: Ամբոխավարներ յուզումները կ’օգտագործեն բնազդական վերաբերումներ հրահրելու համար, ինչ որ կ’ընէ ժողովրդայնացումը, մտահոգութիւնները կը վերածէ վախի: Քաղաքական դաշտի մէջ այս ընթացքը ծնունդ կու տայ կիրքերու, ամբոխավարութեան, ինքնակալական ձգտումներու, Օրէնքի Պետութեան յարաբերաբար` խոտորումի:

Ամբոխավարութեան եւ ժողովրդայնացման յառաջացուցած յուզական վիճակը քաղաքացին կը զրկէ իր ժողովրդական իրաւունքէն այն պատճառով, որ ան կը հագնի ուրիշի միտքերը, կը դադրի ինքնուրոյն մտածելէ: Առանց կացութիւններու իմաստուն ճանաչման, որ վիճարկումի եւ համապատասխան եզրայանգումի նախապայմանն է, հասարակաց շահերու ըմբռնումով որոշում չի կայացուիր: Հարկ է նաեւ ընդունիլ, որ քաղաքականութիւնը ամբողջովին զերծ չի կրնար ըլլալ զգացականութենէ, յուզումէ: Բայց քաղաքական իսկական առաջնորդը պիտի գիտնայ զգացականութիւններու փոփոխութիւններէն վեր գտնուիլ: Քաղաքական առաջնորդը նկատի կ’ունենայ հանրային կարծիքի գնահատման հարցախոյզերու արդիւնքները, այս` տուեալ պահու մը յուզական մթնոլորտը, որ մնայուն չէ, փոփոխական է, արեւածաղիկի նման կը փոխուի առաւօտէն մինչեւ երեկոյ:

Միամիտ չըլլանք եւ չանտեսենք զգացումի դերը կողմնորոշումներու պարագային: Հեկել կը մտածէր, որ` «Ոչ մէկ բան կարելի եղած է կառուցել առանց կիրքի», բայց կը յիշեցնէր նաեւ, որ չափազանցուող կիրքը կը յառաջացնէ քաղաքական անկայունութիւն: Չափի հարց է: Հետեւաբար քաղաքական ղեկավարը պիտի գիտնայ գերանցել իր նախնական յուզումները` առաջնորդուելու համար պետական մտածողութեամբ, որ անհրաժեշտ է քաղաքական կայունութեան:

Միամիտ չըլլանք նաեւ խորհելու համար, որ ժողովրդավարութիւնը կրնայ կենսագործուիլ` առանց հաւաքական խանդավառութեան: Մարդիկ այո կամ ոչ ըսելու կոչուած մեքենայ չեն: Այո-ի եւ Ոչ-ի միջեւ կան երանգներ, հանգրուաններ:

Աւելի պարզ. մի՞թէ անհրաժեշտ չէ ժողովրդավարութեան ներշնչել ընկերային յուզում, այլասիրութիւն եւ պատշաճ միասին ապրելու ազնիւ ցանկութիւն, որոնց համար անհրաժեշտ է ընդհանրապէս մշակոյթ եւ քաղաքական մշակոյթ:

Ժողովրդայնացումը անորոշ սահմաններու մէջ կը թեւածէ, յաճախ կը շփոթուի ծայրայեղ աջի հետ կամ ծայրայեղ ձախի հետ` իր արծարծած հարցերու անմիջականութեամբ եւ անոնց առթած յուզումով:

Պատմութեան մէջ շատ յատկանշական պզտիկ զօրավար Նափոլէոն Պոնափարթին ճառը իր պզտիկ բանակի տեսաբան չեղող զինուորներուն, Իտալիա մուտքի նախօրեակին, երբ կ’ըսէ, թէ դուք այս չունիք, այն չունիք, թշնամին ունի… Յաղթեցէ՛ք եւ կ’ունենաք: Պատգամը հասկնալի ըլլալու համար վերլուծման չի կարօտիր:

Ժողովրդայնացումը իշխանութեան, անոր պաշտպաններուն եւ հետեւորդներուն կողմէ քննադատելի է, քանի որ հիմնովին տարբեր է ընդունուած Ժողովրդականութենէ, որ չի շփոթուիր ժողովրդայնացման հետ: Ան ո՛չ լաւ է, ո՛չ վատ: Կրնայ զօրաշարժ յառաջացնել, ժողովուրդին կամ ամբոխին ներկայացնելով անոր հիմնական կարիքներու եւ ակնկալութիւններու պատկերը, անոնց բարւոք լուծման խոչնդոտները` յաճախ ոստում կատարելով կարելիի եւ գործնականի ցանկապատին վրայէն, այսինքն կ’անտեսէ ողջախոհութեան չափանիշը, որ ծնունդ կրնայ տալ մեծ յոյսերէ ետք մեծ յուսախաբութիւններու:

Ժողովրդայնացումը հին եւ միշտ վերանորոգուող երազ է. ժողովրդական օրինականութիւնը` ընդդէմ ընտրանիի ժողովրդականութեան: Այսինքն, օրինականութիւնը գտնուելով հանդերձ մեծամասնութիւն-ժողովուրդին մէջ, ընտրանի-ղեկավարութիւնը իր դիրքին հասած կ’ըլլայ ընտրութեան արդիւնք ժողովրդականութեամբ: Պատմութիւնը մեծ դպրոց է այս երեւոյթը հասկնալու համար, սկսելով Հռոմի Կրաքներու ապստամբութենէն, մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը, Փարիզի Կոմունան, բոլորին մեծագոյնը` Խորհրդային Միութիւնը` մեծ յոյսերու մեծ գերեզմանը:

Ժողովրդայնացումը վախ կը պատճառէ նաեւ պատմական փորձէ քաղուած դասով: Քանի որ ժողովուրդը ինքզինք չի կրնար կառավարել, ամբոխ է, ընտանիք չէ, գիւղ չէ, պէտք ունի ընտրանիի` անկախաբար անոր որակէն: Ժողովրդավարութեան հիմնադիր մեծերը ընդհանրապէս հակաժողովրդավարական էին, կամայ-ակամայ ընտրանին կը հակադրուէր եւ կը հակադրուի ժողովուրդին, հակառակ անոր որ իր գոյութիւնը կը բացատրուի եւ կ’երաշխաւորուի անով:

Ժողովրդայնացման հետեւողները եւ առաջնորդները կոչ կ’ընեն ամբոխավարութեան, նա՛եւ այսօր, չափազանցելով վտանգները, սպառնալիքները, ինչ որ կրնայ չարաշահել հետեւորդներու վստահութիւնը: Ժողովրդայնացման ձախողութեան հիմնական պատճառը, արեւուն տակ տեղ գտնելու համար, ամբոխավարութեան փորձութիւնն է: Այդ փորձութեան դէմ դնելու ուղին ընտրանիի յառաջացումն է, որ պատմական տեւողութիւն եւ յաջողութիւն ունենալու համար ինքնիրեն պիտի խնայէ դիրքի վրայ յաւերժանալու ախտը, ինչ որ ծնունդ կու տայ մեսիանական եւ անփոխարինելիութեան առասպելին, որ է եւ կը մնայ ընտրանիի փորձութիւնը:

Եթէ ժողովուրդը լաւ է եւ իր ներկայացուցիչները` վատ, կը հետեւի այն, որ ժողովրդային կամքը կը նոյնանայ ողջախոհութեան, արդարութեան եւ բարոյականութեան հետ, եւ կը գերադասուի ամէն կարգի մարդոց կողմէ հնարուած ղեկավարման կառոյցի, որուն վերացումը կը դիտուի որպէս աղէտ` կառավարողներուն կողմէ: Կառավարողները լաւ են այնքանով, որ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են ժողովուրդին` ընտրանիի գլխուն վրայէն անցնելով, առանց միջնորդներու, մտաւորականներու, արհեստագէտներու միջնորդութեան: Բայց ինչ որ ալ պատահի, ամէնէն ազնիւ միտումներով սկսած շարժումը ծնունդ կու տայ ընտրանիի մը, որ լաւ կ’ըլլայ, եթէ չանգիտանայ իր ծննդոցի արժէքները: Այլ խօսքով, մասնագէտ-ընտրանին օժանդակը պիտի ըլլայ ժողովուրդին, տեւական osmose-ը պիտի պահուի ժողովուրդին եւ ղեկավարին միջեւ, իտէալ մը: Մասնագէտները, technocrates, կառավարման օժանդակներն են, պէտք է ըլլան, բայց ոչ որոշում կայացնողները:

Բայց լաւագոյն պարագային անգամ, լաւատեսութեան եւ համագործակցութեան պարագային անգամ, կայ ժողովուրդին դէմ իրաւասութիւններ ունեցող փոքրամասնութիւն ընտրանին. Դիւանակալները, դրամատուներու տէրերը, արհեստավարժ քաղաքագէտները, մեծ դպրոցներէ շրջանաւարտները, որոնք յաճախ կը մոռնան ժողովուրդի շահերը եւ կ’առաջնորդուին իրենց անմիջական շահերով, իրենց դիրքէն բխած իրաւ կամ կարծեցեալ իրաւասութիւններով:

Ժողովրդայնացումը ինքնկառավարման ճանապարհն է, որ դրական արդիւնքի հասնելու եւ իր նպատակները իրականացնելու համար տեւաբար ինքզինք հարցականի պիտի ենթարկէ` բարոյական սկզբունքներու լոյսին տակ, առանց անտեսելու օրէնքները եւ իրաւունքները, ըլլա՛յ անհատներու, ըլլա՛յ բարոյական անհատներու իրաւականութիւնը վերահսկող կառոյցները: Անտեսումները կ’առաջնորդեն մենատիրութեան, եւ կը վերսկսի ժողովրդայնացումը, ճամբու ընթացքին ժողովուրդը կը վճարէ գինը:

Երբ ժողովրդայնացումը կ’ունենայ գաղափարախօսութիւն մը, ղեկավարներ, կը դադրի այդ ըլլալէ, կը դառնայ քոս, կը դառնայ համակարգ,, կը ծնի ընտրանին, նոմանքլաթուրա, որ հետզհետէ կը ձուլուի այն պատկերին մէջ որուն դէմ ոտքի ելած էր: Երբ առաջնորդները կը դառնան ընտրանի, կ’իյնանք ինքզինք կրկնող պատմութեան հոսանքին մէջ. Նիցչէի յաւերժական վերադարձը:

Ժողովուրդ հասկացողութիւնը կ’ենթադրէ մեծամասնութեան գաղափարը, առաւելագոյն համրանքը, որ օրինաւորութիւն կու տայ, ժողովրդավարական սկզբունք: Բայց ան կ’ունենայ իր ներքին բաժանումները. զանգուած եւ զանազանութիւն, դասակարգային տարբերութիւններ, մշակութային եւ այլ տարբերութիւններ, որոնք օր մը կը հակադրուին իրարու: Բայց ժողովուրդ եզրը ընդհանրացնող է, գաղափարաբանական ցանկութիւն է զայն տեսնել որպէս մէկութիւն:

Ժողովրդայնացումը պէտք է ըլլայ մեկնակէտ եւ ոչ` վախճան, ծնունդ տալով օրէնքներով ղեկավարման համակարգի, այլապէս ընկերութիւնը կը մնայ մնայուն անկայունութեան մէջ:

Մնայուն յեղափոխութիւնը ապրելու համար միշտ նոր ցնցումներու կարիք ունի, ան ո՛չ կառավարում է, ո՛չ ալ ղեկավարում, անցումային ժամանակ է, ընկերութեան բարօրութեան երաշխիք չէ:

Հայ կեանքը հասունացման կը հասնի, եթէ իրարանցումները գերանցելով` մտածէ ոչ միայն այսօրուան մասին, այլ մանաւանդ` վաղուան, գալիք սերունդներու եւ անոնց պահպանման եւ տեւականացման էական ենթահող հայրենիքի եւ ժողովուրդի մասին:

Հրավառութիւնները երբ դադրին, մտածել ղեկավարելու, ազգային հիմնական նպատակներու իրականացման եւ բարօրութեան մասին:

21 օգոստոս 2018, Երեւան

aztagdaily.com/archives/406078

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail