Տեսակէտ. Մտահոգիչ Որակաւորում – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

25 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Խաթամի յայտարարեց, թէ իր երկիրը Թուրքիոյ, Աֆղանիստանի, Ազրպէյճանի եւ Փաքիստանի հետ ունի լաւ յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են «եղբայրութեան եւ անկեղծութեան» վրայ:

Եթէ Խաթամի կ՛ակնարկէ իսլամական եղբայրութեան, ապա վերոնշեալ երկիրները սիւննիական են եւ հաշտ աչքով չեն դիտեր իրենց շիի «եղբայրները»: Փաքիստանի մէջ շիիները ահաբեկչական յարձակումներու յաճախակի թիրախ են, եւ թէեւ այդ երկրի նորընտիր վարչապետ Օմրան Խան խոստացած է զարգացնել Իրանի հետ յարաբերութիւնները, սակայն տակաւին կանուխ է երկու պետութիւններու յարաբերութիւնները եղբայրական եւ անկեղծ կոչելու համար:

Աֆղանիստանի կառավարութիւնը կը գտնուի ամերիկեան վերահսկողութեան տակ, այս պարագային եւս այդ որակաւորումը տեղին չէ: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները թերեւս յստակ են, սակայն զանոնք անկեղծ եւ եղբայրական կոչելը լաւագոյն պարագայի չափազանցութիւն է` վկայ Սուրիոյ իրադարձութիւնները: Իսկ Իսրայէլի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող, Թել Աւիւի հետ Իրանի դէմ դաւող եւ գործող Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները «եղբայրական եւ անկեղծ» կոչելը պարզապէս հեգնական է, մանաւանդ երբ զայն կատարողը ի պաշտօնէ այդ թղթածրարին քաջածանօթ մէկն է: Ատիկա հեգնական է, սակայն ոչ զարմանալի: Հարցը այն է, որ Իրան ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով խոր ճգնաժամի մէջ է, եւ հասկնալի է, որ խեղդուողը նոյնիսկ օձին կը փաթթուի:

Միւս կողմէ, սակայն, Իրան միշտ ալ հաւասարակշռուած եւ սկզբունքային կեցուածք ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին նկատմամբ, սակայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ անոր ներկայ «եղբայրական եւ անկեղծ» յարաբերութիւնները հաւանաբար իրենց ազդեցութիւնը ունենան այդ աւանդական դիրքորոշումին վրայ: Արցախ-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Նախիջեւան շփման գիծերուն վրայ իրադարձութիւններու եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ անվստահութեան լոյսին տակ, իրանեան կեցուածքին մէջ նուազագոյն փոփոխութեան կարելիութիւնը չի կրնար չմտահոգել հայկական կողմը:

aztagdaily.com/archives/406107

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail