23 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ:
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի երկար տարիներու պատուոյ բարերարներէն լոսանճելըսաբնակ Անդրանիկ Պաղտասարեան գլխաւոր դեր կատարեց Ապրիլեան պատերազմին ծանր վնաս կրած Թալիշ գիւղի վերակառուցման գործին մէջ:
Ատրպէյճանի սահմանէն հազիւ քանի մը վայրկեան հեռու գտնուող Թալիշը Արցախեան առաջին համայնքն էր, որ ատրպէյճանցիներուն կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ 1 Ապրիլ 2016ի վաղ ժամերուն: Պատերազմի աւարտին, Թալիշը հաստատապէս կը մնար հայկական տիրապետութեան տակ, բայց աւերակի վերածուած էր: Մեծ թիւով մարտիկներ եւ գիւղացիներ իրենց կեանքը կորսնցուցած էին, եւ գիւղի հանրային շէնքերուն, բնակարաններուն, առեւտրական հաստատութիւններուն եւ ենթակառոյցներուն մեծամասնութիւնը մասամբ կամ ամբողջովին քանդուած էր: Աւելին. ամբողջ բնակչութիւնը գաղթական դարձած էր, եւ Թալիշը՝ ամայացած:
Պատերազմէն անմիջապէս ետք, սակայն, Լոս Անճելըսի մէջ գործող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը հրատապօրէն իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց համայնքի վերակառուցման վրայ՝ վճռելով օգնել անոր, որպէսզի տառացիօրէն յառնէր մոխիրներէն: Այս նպատակով, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը մեկնարկեց «Թալիշի Վերածնունդ» ծրագիրը, որ իրականացաւ շնորհիւ Անդրանիկ Պաղտասարեանի առատաձեռնութեան, եւ Արցախի կառավարութեան բերած յաւելեալ նեցուկին:
20 Մայիս 2018ին, Թալիշի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը բազմաթիւ նորաւարտ ծրագիրներու բացումը կատարեց: Ձեռնարկին կը մասնակցէին թալիշցիներ, պատուոյ հիւրեր, ներառեալ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի համաշխարհային գործընկերներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Անդրանիկ Պաղտասարեան եւ Սօսի Պապէլեան:
Պատերազմէն ետք, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը վերակառուցեց Թալիշի համայնքային կեդրոնը, հանդիսասրահը, եւ 18 բնակարաններ: Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը վերակառուցեց նաեւ գիւղի 45 քիլոմեթր երկարութեամբ խմելու ջուրի ցանցը, եւ կառուցեց նոր՝ 22 քիլոմեթր երկարութեամբ կոյուղիի ցանց մը:
«Այդ ծրագրերը նպատակ չունեն միայն բարելաւելու Արցախցիների սոցիալական եւ կենցաղային պայմանները։ «Այդ ծրագրերը նպատակ են հետապնդում վերջնականապէս կառուցելու մի երկիր, որտեղ յարաբերութիւնները կանոնագրուելու են ազնուութեան, աշխատասիրութեան, խոնարհութեան, հայրենապաշտութեան, բարութեան, եւ այլ արժէքների վրայ», իր ուղերձին մէջ յայտնեց նախագահ Սահակեան։
«Չէի երեւակայեր, թէ այն գումարով, զոր նուիրեցի, կարելի էր այս գործը ընել, եւ դեռ դրամ ալ մնացած է՝ մեր աշխատանքը շարունակելու համար: Երբ փոքր էի, հայրս կ՛ըսէր, թէ պէտք էր սորվէի դրամը ճիշդ եւ իմաստուն կերպով գործածել: Ահա այսօր անվարան կը հաստատեմ, թէ հոս՝ Թալիշի մէջ, դրամս իմաստուն կերպով կը գործածուի»ջ, բացման արարողութենէն ետք յայտնեց բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան։
Ներկայիս, մինչ Թալիշի բնակիչները աստիճանաբար կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ զանազան ծրագիրներ իրագործել համայնքին մէջ՝ ներառեալ դպրոցի ու մանկապարտէզի վերակառուցումը, գլխաւոր ճամբու հիմնանորոգումը, եւ 17 յաւելեալ բնակարաններու վերակառուցումը: Մեծագոյն նպատակներէն մէկն է շուրջ 70 տուներ վերակառուցել մօտիկ ապագային, որպէսզի կարելի ըլլայ վերաբնակեցնել Թալիշի ամբողջ համայնքը:
«Պատմականօրէն, հայը, մինչեւ որ դանակը ոսկորին չի հասնի, բան մը չ՛ըներ: Ատիկա զիս կը մտահոգէ։ Ես կը հաւատամ, որ եթէ ձեռք ձեռքի տանք եւ զօրացնենք մեր հայրենիքը, մտահոգուելիք ոչինչ կը մնայ: Միայն պէտք է իրարու հանդէպ վստահութիւն եւ հաւատք ունենանք»:, յայտնեցՊաղտասարեան:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
horizonweekly.ca/en/168768-2/