Կարեւոր Է Արցախի Հակամարտութիւնը Լուծել Դրական Մթնոլորտի Մէջ. Մերքել

24 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Օգոստոս 24ին Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Մերքելին կ՛ուղեկցէին Երեւանի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէյեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Գերմանիոյ վարչապետը ծաղիկներ խոնարհեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ: Ան նաեւ Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին վրայ խորհրդանշական եղեւնի մը տնկեց:

0825merkel2

Նշենք, որ 2016ի Յունիս 2ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Մերքել օդակայանին մէջ դիմաւորուած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ: Երկու վարչապետներուն միջեւ աւելի ուշ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին, նախ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ վարչապետ Փաշինեան՝ ըսելով, որ այս Գերմանիոյ վարչապետի մը կողմէ Հայաստան կատարուած առաջին այցն է, որուն համար կարելի է այցը պատմական համարել: Ան նաեւ ըսաւ, որ կողմերուն միջեւ կայացած են բովանդակալից քննարկումներ եւ բանակցութիւններ, որոնք կը վերաբերին Հայաստան-Գերմանիա, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը հարցերու:

«Ուրախ եմ, որ շատ հարցերի վերաբերեալ մեր տեսակէտները համընկնում են, ինչը եւս մէկ անգամ ցոյց է տալիս, թէ մեր երկրների միջեւ յարաբերութիւնները հսկայական պոտենցիալ ունեն: Գերմանիան առեւտրատնտեսական շրջանառութեան ծաւալով աշխարհում երրորդ գործընկեր երկիրն է հանդիսանում Հայաստանի համար, իսկ Եւրոպայում՝ առաջին երկիրը: Այս այցի արդիւնքներով մենք կ՛ունենանք համատեղ կոնկրետ գործողութիւնների օրակարգ, որոնք կը վերաբերեն ամենատարբեր ոլոր-տներին», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:

Իր կարգին, Մերքել յայտարարեց, որ ուրախ է իրեն ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար եւ նշեց, թէ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

«Մենք կը գիտակցինք, թէ 1915ին ի՛նչ սարսափելի իրադարձութիւն տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Այս փաստը պէտք չէ մոռացուի, եւ եւ մենք մեր ներդրումը պէտք է ունենանք՝ այս յիշողութեան պահպանման մէջ», ըսաւ Մերքել:

0825merkel3

Ան նաեւ նշեց, որ անցած ամիսներուն հետեւած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող խաղաղ ցոյցերուն ու Թաւշեայ յեղափոխութեան, եւ աւելցուց, թէ քննարկուած են հայ-գերմանական յարաբերութիւններու սերտացման կարելիութիւնները՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով համագործակցելու շարք մը ոլորտներու մէջ։ Մերքել յայտնեց, որ քն-նարկուած է նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներու կողմէ Գերմանիայէն ապաստան խնդրողներու հարցը:

«Ուրախ եմ, որ Հայաստան յաջողեցաւ Եւրոմիութեան հետ կնքել խոր եւ համապարփակ համաձայնագիր եւ ցանկութիւն ունի խորացնելու յարաբերութիւնները: Գերմանիա իր ներդրումը պիտի ունենայ այդ համաձայնագիրի իրագործման մէջ», ըսաւ վարչապետ Մերքել, միաժամանակ ընդծելով, որ շատ հետաքրքրական գտած էր «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար կեդրոնը:

Մերքել անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին՝ ըսելով, որ Գերմանիա պատրաստ է ջանքեր ներդնելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։

«Խօսած ենք այն մասին, թէ շատ կարեւոր է հակամարտութիւնը լուծել դրական մթնոլորտի մէջ։ Գերմանիան ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ է եւ պատրաստ է այդ ծիրէն ներս աջակցելու Հայաստանին», աւելցուց Մերքել:

0825merkel4

Այցելութեան ծիրէն ներս, Մերքել հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Ուզում եմ գոհունակութեամբ նշել, որ Հայաստանի եւ Գերմանիայի միջեւ յարաբերութիւնները խարսխուած են փոխըմբռնման եւ խորը վստահութեան վրայ: Գերմանիան Հայաստանի համար շատ կարեւոր գործընկեր է, բայց մեր համագործակցութիւնը հնարաւորութիւն ունի շատ աւելի ընդլայնուելու՝ տարբեր ոլոտներում: Եւ, ի հարկէ, չեմ կարող գոհունակութիւնս չյայտնել Գերմանիայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այն աջակցութեան համար, որ զգում ենք Եւրոմիութեան հետ մեր համագործակցութեան ընթացքում», իր կարգին ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Յիշեցնենք, որ Մերքել տարածաշրջանային այցով կը գտնի Հայաստան: Օգոստոս 23ին, ան այցելած էր նաեւ Վրաստան, իսկ Օգոստոս 25ին պիտի մեկնի Ատրպէյճան:

asbarez.com/arm/323615

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail