Մենք Հալածախտէ Չենք Տառապիր (Արման Պաղտոյեանի Յօդուածին Առիթով)

24 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ – ՀԱՐՑԵՐ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

«Ասպարէզ»ի Չորեքշաբթի, 22 Օգոստոս 2018ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Դաշնակցութիւնը Քննադատողները Անպայման Հակադաշնակցականներ Չեն» խորագիրով յօդուածը (Արման Պաղտոյեան), խորագիրէն դատելով, կրնայ ձգել այն թիւր տպաւորութիւնը, որ արար-աշխարհ իրար անցեր է Դաշնակցութեան նկատմամբ բարի կամեցողութիւն ու սրտցաւութիւն ցուցաբերելու համար, բայց եկուր տես որ միայն դաշնակցականներն են, որ «սխալ» կը հասկնան…։

Յօդուածին առաջին իսկ պարբերութիւնը կը հաստատէ վերի դիտարկումս: Այսպէս. «Հակադաշնակցական պայքարի հիսթերիա ստեղծելու ճիգ մը կայ կարծէք: Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքներուն, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու տեսակէտներուն դէմ արտայայտուողներուն, զանոնք չբաժնողներուն կամ, այսպէս ըսած, հակա-տեսակէտ ունեցողներուն հասցէին հակադաշնակցականի պիտակաւորումով յօդուածներու գրոհ մը կայ մեր հասարակական ցանցերու եւ մամուլին մէջ գրեթէ ամէն օր»:

Ուրեմն, տարբեր խօսքով, ըստ յօդուածագիր ընկերոջս, «հակադաշնակցական» պայքար չկայ, այլ… ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ քննադատութիւններ, «հակա-տեսակէտ»ներ արտայայտողներ կան, որոնց նկատմամբ մեր մամուլին մէջ «հիսթերիա»ի հասնող վերաբերում կայ: Այդպէս չէ՛, բացարձակապէ՛ս: Կա՛յ հակադաշնակցական արշաւ մը, յատկապէս այս օրերուն, ըլլա՛յ ընկերային ցանցերու, ըլլա՛յ կարգ մը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ, եւ այս արշա՛ւն է որ հասած է «հիսթերիք» վիճակի ու ո՛չ թէ դաշնակցական մամուլին մէջ ատոնց նկատամբ հակադարձութիւնը:

Ճիշդ է, «գրոհ» մը կայ հանրային ցանցերուն եւ մամուլին մէջ, սակայն այդ գրոհը ոչ միայն Դաշնակցութեան նկատմամբ «հակա-տեսակէտ», կամ մեր տեսակէտները չբաժնողներուն դէմ է (առ ի յստակացում մե՛ր կեցուածքներուն), այլ նաեւ՝ Դաշնակցութեան դէմ զրպարտութիւններու արշաւի լծուած անձերու կամ շրջանակներու դէմ: Ու հիմա ելլել եւ «հիսթերիա՞» անուանել զրպարտողներուն կամ քննադատողներուն պատասխանելը: Եւ որո՞նք են այս «հիսթերիք» գրողները եւ անոնց յօդուածները լոյս ընծայող խմբագիրները. իմ, քու, մեր դաշնակցական ընկերները չե՞ն, սիրելի գաղափարակից ընկեր Արման: Դաշնակցութիւնը իր քննադատներուն դէմ պաշտպանելը ու ատոր ընդմէջէն Դաշնակցութեան տեսակէտները, վարքագիծը, կամ մօտեցումները պաշտպանելը, հանրութեան մօտ տարածելը երբէ՞ն ի վեր սկսանք «հիսթերիա» նկատել: Այս մէկը առնուազն ընկերական չէ: Բայց այս մասին աւելի անդին պիտի անդրադառնամ:

Յօդուածագիր ընկերս, կ՛անդրադառնայ անցնող տասնամեակներու ընթացքին հակադաշնակցական պայքարին եւ շատ արդարօրէն դիտել կու տայ, որ «հակադաշնակցական պայքարը Դաշնակցութեան ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ պայքար էր եւ տակաւին է եւ այս ըմբռնումի սահմաններուն մէջ պահած էինք զայն ամբողջ տասնամեակներ»: Բայց այսօր, կը շարունակէ ան, այս հասկացութենէն դուրս եկած ըլլալու երեւոյթ մը կայ «դաշնակցական մամուլին մէջ» եւ «Դաշնակցութեան վարած հայաստանեան քաղաքականութեան, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու կեցուածքներուն կամ տեսակէտներուն նկատմամբ որեւէ քննադատական խօսք կամ անհամաձայնութիւն յայտնողները անմիջապէս հակադաշնակցական համարելու եւ հակադաշնակցական պայքարի շրջանակին մէջ տեղադրելու մարմաջ մը կայ շարք մը յօդուածագիրներու մօտ»:

Բայց իրականութեան մէջ, որո՞նք են մեր դէմ այս քննադատական կեցուածք դրսեւորողները, ի՞նչ կ՛ըսեն, կամ ըսած են անոնք, որ պատճառ դարձած է մեր կողմէ զիրենք «հակադաշնակցական պայքարի շրջանակին մէջ տեղադրելուն»: Կա՞ն օրինակներ Արման Պաղտոյեանի յօդուածին մէջ: Դժբախտաբար չեն նշուիր: Չեն նշուիր նաեւ այն պատճառով, որ լաւագոյն պարագային՝ հազուադէպ են. ընդհանրապէս‘ չկա՛ն այդ տեսակ յօդուածներ: Եւ մեր հանրային կեանքի յոռի երեւոյթներէն մէկն ալ այս է:

Բացատրեմ օրինակներով:

Առաջին:

Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, դիմատետրի տարածքէն ներս բանավիճեցայ հայրենի ծանօթ մտաւորական Վահան Իշխանեանի հետ: Ան իր գրառումներէն մէկուն մէջ Դաշնակցութիւնը կը քննադատէր՝ ըսելով, որ Հայաստանի մէջ Ձախի (գլխագիր Ձախ) գաղափարական դաշտը դատարկ է, որովհետեւ (կամ) ՀՅԴն «հրաժարած» է իր Ձախ գաղափարախօսութենէն (եթէ ոչ բառացի, գէթ այս էր միտքը): Բնականաբար հակաճառեցի, տալով իմ փաստարկներս եւ հիմնաւորումներս ու այդ ձեւով ալ այդ տարածքի հանրային կարծիքին անգամ մը եւս բացատրեցի Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքները եւ վարքագիծը: Երկուստեք ունեցանք քաղաքակիրթ եւ փոխադարձ յարգանքով յատկանշուող բանավէճ մը, որ դժբախտաբար մնաց միայն դիմատետրի գորշ տարածքէն ներս: Միտքիս ծայրէն բնականաբար չանցուցի, որ Վահան Իշխանեան «հակադաշնակցական» է: Ինչո՞ւ, որովհետեւ իր նպատակը Դաշնակցութեան ամէն գնով հակադրուելու, զայն վարկաբեկելու մարմաջը չէ, այլ՝ Հայաստանի ներքին կեանքէն ներս գաղափարաբանական դատարկութեան վնասները ընդգծելը (վնաս մը, որուն հետեւանքները ակնառու են՝ անվիճելիօրէն): Սրտցաւ հայ մտաւորական մը, որուն հետ բանավիճիլը իրապէ՛ս հաճոյք էր կարծէք:

Անձնապէս կը հետեւիմ հայկական մամուլին, ինչքանով որ մարդկային իմաստով կարելի է: Սակայն ցաւով պէտք է ընդգծեմ, որ Վահան Իշխանեանները եզակի, շա՛տ եզակի երեւոյթներ են: Յատկապէս ներկայ քաղաքական պայմաններուն մէջ, երբ միտքերու միտումնաւոր խառնաշփոթ ստեղծելու ընթացքը թափ առած կ՛երթայ: Վերջին օրինակը «Ազատութիւն» կայանին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ հարցազրոյցն էր, որուն խորագիրը միտումնաւոր (ճիշդ կարդացիք. միտումնաւոր) խեղաթիւրումն էր Հրանդ Մարգարեանի խօսքերուն:

Երկրորդ:

Անցնող Մայիսի կէսերուն, Արա Պապեան հարցազրոյցի մը ընթացքին դիտել կու տար, որ Դաշնակցութիւնը 2017ի ընտրութիւններուն խորհրդարան մտած է «իշխանութիւններուն աջակցութեամբ», որովհետեւ այս վերջինները «լցոնած» էին քուէատուփերը, ապա ան (ի շարս ուրիշ բաներու), դիտել կու տար, որ Դաշնակցութիւնը այսօր «վերածուել է ստալինա-պոլշեւիկեան կուսակցութեան», եւ այլն եւ այլն: Պատասխանեցի յօդուածով մը («Արա Պապեանի Նորագոյն Անլրջութիւնները», 20 Մայիս 2018): Ի դէպ նշեմ, որ այս յօդուածս լոյս տեսաւ գրեթէ բոլոր դաշնակցական թերթերուն մէջ, բացի «Ասպարէզ»էն: Իսկ եթէ լոյս տեսած եւ վրիպած է իմ ուշադրութենէս՝ խմբագրութենէն ներողութիւն կը խնդրեմ):

Արա Պապեանին ըրածը ոչ թէ քննադատութիւն, կամ «տարբեր տեսակէտ» էր մեր վարքագիծին նկատմամբ, այլ բացայայտօրէն հակաքարոզչութիւն, ու այդ ալ՝ ամէնէն աժան որակի:

Իսկ իմ (եւ ուրիշներու) պատասխանն ալ անհրաժեշտ հակադարձութիւնն էր իր արարքին, որպէսզի մեր հանրութիւնը իր կարգին լուսաբանուէր ու միաժամանակ՝ զինուէր նմանօրինակ զրպարտութիւններու դէմ:

Պէտք է յստակացնել. դաշնակցական մամուլին բնական պարտականութիւնն է պատասխանել ՀՅԴի դէմ (կամ… նկատմամբ) քննադատութիւններուն, հակաքարոզչութեան, զրպարտութիւններուն կամ ցեխարձակումներուն, ատոնց հեղինակները «հակադաշնակցական» որակուին կամ ոչ, որովհետեւ հարցը այդ որակումին մէջ չէ բնա՛ւ: Դաշնակցական մամուլին բնական պարտականութիւնն է նաեւ այդ պատասխաններուն ընդմէջէն եւ միաժամանակ հանրութեան բացատրել մեր վարքագիծը եւ սկզբունքները, նման յօդուածագիրները: Այսքան պարզ:

Արմէն Պաղտոյեան իր յօդուածի վերջաւորութեան դիտել կու տայ, թէ «Դաշնակցութիւնը արդեօք քաղաքական ընդդիմախօսներ ունի, թէ բոլոր քննադատողներն ու տարբեր գնահատումներ ունեցողները էութեամբ հակադաշնակցականներ են ա-ռանց բացառութեան: Կ՛ըսեմ առանց բացառութեան, որովհետեւ «քաղաքական ընդդիմախօս» բառերը կարծէք դուրս հանուած ըլլան այս օրերուն դաշնակցական քաղաքական մտածողութեան բառապաշարէն»: Համաձայն. բայց ո՞ւր են այդ «բացառութիւնները», «տարբեր գնահատումներ» ունեցողները: Եւ ո՞վ ըսաւ, որ բոլոր «տարբեր գնահատումներ» ունեցողները հակադաշնակցական կը համարուին: Եթէ պատասխանուած է «տարբեր գնահատումներ» ունեցողներուն, ատիկա բացարձակապէս ապացոյց չէ, որ անոնք հակադաշնակցական «համարուած» են ու այդ ա… «հիսթերիք» կերպով:

Նորէն եկանք այս բառին… 1970ականներու վերջերուն էր, երբ մեր մեծ մտաւորականներէն Էդիկ Յովհաննիսեան յօդուած մը գրեց՝ «Հայրենիք Վերադառնալու Իրաւունքը»: Պատասխան-յօդուած մը գրեցի, բաւական բուռն էր կարծեմ (գէթ ըստ ձեւի ու բառապաշարի Մեր գլուխները տաք էին այդ օրերուն): Քանի մը ամիս ետք, Է. Յովհաննիսեան Պէյրութ այցելեց եւ խմբովին, Մամլոյ դիւանի անձնակազմին հետ իր հետ ըլալլու առիթը ունեցանք: Խօսակցութեան ընդմէջէն, Է. Յովհաննիսեան անդրադարձաւ իր վերոնշեալ յօդուածին եւ դառնալով իմ կողմը, դառնութեամբ, բայց միաժամանակ ջերմ ընկերականութեամբ դիտել տուաւ, որ պատասխանիս ոճը «ընկերական չէր ընկեր Վաչէ»: Կրնար զիս ջախջախել-ճզմել ալ, բայց բաւականացաւ միայն այդքանով, ու… ջերմ ժպիտով: Հասկցողը հասկցաւ ու առաջին հերթին՝ ես: Գլուխս ծռեցի:

Այնպէս որ, դաշնակցական մամուլը ունի իր անգիր օրէնքները, կանոնները եւ աւանդութիւնները, որոնք պէտք չէ խախտին: Այս ալ այդ բառին մասին… եւ ոչ միայն:

horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail