ԱԶԳԱՅԻՆ ԶԱՐԹՕՆՔԸ կախեալ է միայն մեզմէ….
Արդեօ՞ք օտարն է մեղաւոր, երբ մենք կը խորթանանք մեր լեզուին, մշակոյթին, ազգային մեր արժէքներուն….
Ո՞վ է պատասխանատու, երբ կը քաղքենիանանք հոգիով եւ հազար ու մէկ պատրուակով՝ մեր զաւակները օտար դպրոց կ’ուղղորդենք, կը քաջալերենք որ հայերէնը կարեւոր չհամարեն անոնք իրենց հետագայ «յաջողութեան» համար….
Զո՞վ պիտի մեղադրենք, երբ մեր ուշքը օտարին վրայ է, անոր «արժէք»ներուն, անոր սովորութիւններուն, անոր ապրելակերպին….
Զո՞վ պիտի այպանենք, երբ պոռոտախօսելով հայրենասիրութեան մասին, կը հետեւինք՝ «Ո՛ւր հաց, հոն կա՛ց»ի տխուր հոգեբանութեան…
եւ շարունակ կ’արտագաղթենք դէպի օտար ափեր, հայաթափելով մեր երկիրը, ճերմակ ինքնացեղասպանութեամբ շարունակելով թուրքին գործածը….
Իսկ հայրենասիրութիւնը շարունակական զոհողութիւն է, գործ, պայքար, աննկուն կամք ու հաւատք….
Ափսէի վրայ, պատրաստ ոչինչ կը հրամցուի անհատին թէ ազգին….
Երան Գույումճեան