Հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան յարձակման ենթարկուեցաւ

«Շաբաթ օրուան մայրեր» անունով նախաձեռնութեան հերթական հաւաքին ընթացքին Տիարպէքիր շրջանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան յարձակման ենթարկուած է։ Այս մասին լուրը կը փոխանցէ թրքական «Տոխուզ հապէր» կայքը։

Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ  Փայլան, որ տարբեր առիթներով ալ կը մասնակցի այդ հաւաքներուն թիրախ դարձած է ոստիկաններու յարձակման։

This morning, Terrorist State of Turkey Police: Attack Garo Paylan – Կարօ Փայլան (Turkish deputy of #Armenian origin) was beaten by the Turkish police during a demonstration in Istanbul, while he was trying to protect human rights defenders and some of the participants in the meeting of "Saturday mothers". They were also attacked by the police.https://gagrule.net/istanbul-a-powerful-image-of-unity-against-turkish-fascism-garo-paylan-protect-arat-the-son-of-hrant-dink-video/

Posted by Wally Sarkeesian on Saturday, August 25, 2018

Տեղի ունեցած է պոռչտուք, իսկ ինք Կարօ Փայլան բարձր ձայնով եւ պոռալով ըսած է․ «Այսօր դուք ամէն տեղ անզէն մարդոց վրայ ձեռք կը բարձրացնէք, կը հարուածէք ու կը բռնադատէք, բայց վստահ եղէք, որ օր մը այս վիճակն ալ պիտի փոխուի Թուրքիոյ  մէջ, վստահ եղէք …»:

Նշենք, որ «Շաբաթ օրուան մայրեր» նախաձեռնութիւնը հիմնուած է այն մայրերուն կողմէ, որոնք վաղ 70- ականներուն տարբեր պայմաններու տակ կորսնցուցած են իրենց քիւրտ եւ ալեւի զաւակներն ու թոռները։

Անոնք եղած դէպքերուն գլխաւոր պատասխանատուն կը համարեն Թուրքիոյ քէմալիստական կարգերը։

Սագօ Արեյան

www.shantnews.am/news/view/131940.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail