26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԴՈՒԽՈՎ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Այս կիրակի կարճ զեկուցում մը սփիւռքահայ ներկայ իրավիճակին մասին:
Այս օրերուն Սփիւռքի վիճակը այնքան անորոշ է, որ գրեթէ ամէն մարդ շուարած վիճակի մէջ է:
Մարդ կայ որ ձեռքը ծալած, տունը նստած է եւ «սփիւռքի Նիկոլի»ն կը սպասէ: Այս տեսակը տունը մնացած պառաւ օրիորդ կը յիշեցնէ: Սփիւռքի պատմութեան մէջ մինչև հիմա ինչ որ Նիկոլ եկած է, այս տեսակը բոլորին ալ մերժած է, որովհետեւ իր սպասած նիկոլն ուրիշ է….
Տեսակ մըն ալ կայ որ Հայաստանի Նիկոլին խորտակումը կ’երազէ: Այս տեսակը Սփիւռքի մէջ ինչ որ Նիկոլ տեսած է, բոլորին ալ ոտքին տակը փորած է….
Ամենածիծաղելին այն տեսակն է որ «մէյ մը քարին մէյ մը նալին կը զարնէ» : Մէյ մը ֆէյսպուք կը մտնէ ու նիկոլը կը քովէ, յետոյ կ’ելլէ անոր ոտքին տակը կը փորէ …
Ասոր գիրկէն անոր գիրկը կը ցատկէ.. Ասոր ալ վերջը տունը մնացած պառաւ օրիորդ դառնալն է …. Չէ, կը ներէք… Տունը մնալն ու պառաւ դառնալը ակնյայտ է բայց այս տեսակին օրիորդ մնալը քիչիկ մը կասկածելի է…
Միւս տեսակը մեր Սփիւռքի վերնախաւն է, որ այս օրերուն թէեւ ինքզինք անհոգ կը ձեւացնէ, սակայն վախէն մածունը փչելով կ’ուտէ…Չըլլայ յանկարծ մէջէն «դուխ» մը ելլէ քիթը այրէ…
Հակառակ այս բոլորին, սփիւռքահայութեան մեծամասնութիւնը Հայաստանի յեղափոխութենէն ի վեր բարձր տրամադրութեան մէջ է ու անհամբեր կը սպասէ թէ սփիւռքի յեղափոխութիւնը ուրկէ՞ պիտի սկիզբ առնէ….
Սփիւռքի յեղափոխութեան համար հաւատացէք , ոչ սփիւռքի ոչ ալ Հայաստանի Նիկոլ պէտք է …
Սփիւռքի յեղափոխութիւնը պէտք է սփիւռքահայ մտայնութեան մէջէն սկիզբ առնէ, ու վերը նշուած բոլոր տեսակները այնտեղէն դուրս շպրտելով , նոր ու երիտասարդ մտքերով զանոնք փոխարինէ, ժողովուրդը առաջնորդէ ու Հայաստանի ժողովուրդին միացնէ ….
Խաժակ Այնթէպեան
hayemnews.com