Հայկական Արմատներէն Հեռացածներու Ուսումնասիրութեան Հիմնարկութեան Կենդրոնի ծառայութիւնները

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀԱՒԱՏՔԻ եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ Հարցերու Մշտական Յանձնախումբ

25 ՄԱՅԻՍ 2018 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:

(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)

Յարգելի հայրենակիցներ,

Հաստատակամ եւ առանց նահանջելու մարտավարութիւնը կը շարունակենք, Հայկական Արմատներէն Հեռացածներու Ուսումնասիրութեան Հիմնարկութեան Կենդրոնի ծառայութիւնները:

Ձեզ կը ներկայացնենք, ուսումնասիրութեան հաստատութեան աշխատանքային նպատակները եւ ուղութիւնները:

Հայկական Արմատներէն Հեռացածներու «Հայերն Աշխարհի Տարածքին»
Ուսումնասիրութեան Հիմնարկի աշխատանքային նպատակները եւ ուղութիւնները:

Հայկական Արմատներէն Հեռացածներու Հիմնարկի հիմնական նպատակն է՝ միացնել բոլոր աշխարհիկ դաւանանքներու ՀԱՅԵՐԸ մեկ նպատակի շուրջ, ՎԵՐԱԴԱՐՁ արմատներ եւ ԲՆՕՐՐԱՆ:

– Աշխատանք կը տանինք, պէտք եղած երկիրներու մէջ ներկայացուցիչներ պատրաստել տեղեկութիւններ մէկտեղելու, հաղորդակցութիւն եւ յարաբերութիւն հաստատելու համար:

Հայկական Արմատներէն, Ինքնութենէ հեռացած Հայերու Ուսումնասիրութեան Հիմնարկ, կենտրոնը Ֆրանսա:

Հարմանտայեան Արմենակ

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հաւատքի եւ Հայրենակցական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ

25 ՄԱՅԻՍ 2018 ՓԱՐԻԶ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail