26 Օ­գոս­տոս 1915. ­Ցե­ղաս­պան Թուր­քեր Մոր­թո­տե­լով Սպան­նե­ցին ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժանն ու ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը

27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ:

Նազարէթ Պէրպէրեան

Հա­յոց յու­շա­տետ­րին մէջ Օ­գոս­տոս 26ին վե­րա­պա­հո­ւած է­ջը պա­տո­ւած է ա­հա­ւոր սե­ւով։
Ա­րիւն եւ սուգ կայ այն­տեղ…

26 Օ­գոս­տոս 1915ին «­Ցե­ղաս­պան ­Թուրք»ը մարմ­նա­ւո­րող ոճ­րա­գործ­ներ դա­շոյն­նե­րով մոր­թո­տե­ցին ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին ճա­ռա­գայ­թող մե­ծու­թիւն­նե­րէն եր­կու­քը՝ ան­զու­գա­կան Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժանն ու ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին մա­սին պատ­մագ­րա­կան եւ ար­խի­ւա­յին հսկա­յա­կան գրա­կա­նու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի։ Հաս­տա­փոր հա­տոր­ներ կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րը։ ­Թէեւ այդ վկա­յու­թեանց շար­քին հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն կը հան­դի­պինք 24 Ապ­րիլ 1915ին ձեր­բա­կա­լո­ւած, աք­սո­րո­ւած եւ նա­հա­տա­կո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ան­հատ առ ան­հատ դի­մագ­րա­ւած ա­հա­ւոր վախ­ճա­նը նկա­րագ­րող ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու, այ­սու­հան­դերձ՝ մե­ծա­նուն մեր ար­ժէք­նե­րէն ո­մանց նա­հա­տա­կու­թեան պա­րա­գա­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ վկա­յու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին, ո­րոնք ուղ­ղա­կիօ­րէն սահմռ­կե­ցու­ցիչ են՝ գոր­ծո­ւած ո­ճի­րին բար­բա­րո­սա­կան, վայ­րագ եւ ան­մարդ­կա­յին բնոյ­թը պար­զե­լու ա­ռու­մով։

Այդ վա­ւե­րագ­րու­թեանց շար­քին է վկա­յու­թիւ­նը ­Հա­սան ա­նու­նով թուրք կա­ռա­պա­նի մը, որ կը նկա­րագ­րէ քստմնե­լի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը հայ գրա­կա­նու­թեան հպար­տու­թիւ­նը կազ­մող Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի եւ ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի ա­հա­ւոր նա­հա­տա­կու­թեան։

Այ­սօր 103րդ ­տա­րե­լիցն է նա­հա­տա­կու­թեան մէջ եղ­բայ­րա­ցած մե­ծա­տա­ղանդ մեր եր­կու գրա­գէտ­նե­րուն ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նին։ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի եւ ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի ան­կորն­չե­լի վաս­տա­կին, հան­ճա­րեղ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ անկրկ­նե­լի տե­ղին մա­սին ըստ ար­ժան­ւոյն անդ­րա­դառ­նա­լու ա­ռիթ­ներ կ’ըն­ձե­ռէ յու­շա­տետ­րը։ Այ­սօր ա­ռան­ձին կեդ­րո­նա­ցու­մով խօս­քը կը պատ­կա­նի թուրք կա­ռա­պա­նին, որ­պէս­զի ա­կա­նա­տե­սի իր վկա­յու­թեամբ պատ­մէ իր ցե­ղաս­պան թուրք ազ­գա­կից­նե­րուն գոր­ծած քստմնե­լի ո­ճի­րին մա­սին («­Շամ­տան­ճեա­նի Յու­շագ­րու­թե­նէն» առ­նո­ւած վկա­յու­թիւ­նը լոյս տե­սած է ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի «Ար­դի ­Հայ Գ­րա­կա­նու­թիւն» դա­սա­գիր­քե­րու շար­քին եր­րորդ հա­տո­րի էջ 120-121ին վրայ).

«­Պատ­մողն է ­Հա­սան ա­նու­նով կա­ռա­պան մը, որ հա­յե­րու ­Չան­ղը­րը աք­սո­րո­ւած մի­ջո­ցին նոյն քա­ղա­քին մէջ կը գտնո­ւի։ Ի­րի­կուն մը, երբ նստած է ա­խո­ռին առ­ջեւ, ան­ծա­նօթ եւ դա­ժան դէմ­քով ձիա­ւոր մը, ա­ռանց ասպն­ջա­կա­նու­թիւն խնդրե­լու, կու գայ իր ձին կը կա­պէ ­Հա­սա­նի ա­խո­ռին մէջ ու, հե­ռա­նա­լէ ա­ռաջ, յի­շեա­լին կը հրա­մա­յէ խնա­մել իր ձին եւ պատ­րաս­տել յա­ջորդ առ­տո­ւան հա­մար։ ­Հա­սան գաղտ­նի կը հե­տե­ւի ան­ծա­նօ­թին, որ կը մտնէ ծա­նօթ իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րէն մէ­կուն տու­նը, ուր քա­նի մը օ­րէ ի վեր ժո­ղով­ներ կը գու­մա­րո­ւին ե­ղեր։

«Այժմ թո­ղունք, որ թուրք կա­ռա­պա­նը ինք խօ­սի.-
«­Հե­տե­ւեալ օ­րը, ա­րե­ւա­ծա­գէն ա­ռաջ ու­րիշ անձ մը ե­կաւ ձին առ­նե­լու։ Այդ մար­դը ին­ծի միա­ժա­մա­նակ ազ­դա­րա­րեց, թէ պար­տա­ւոր էի կառ­քովս միա­սին եր­թա­լու գիւ­ղէն քա­ռորդ ժամ հե­ռու տեղ մը եւ ինք­զինքս դնե­լու ոս­տի­կա­նու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ։ Հ­րա­ման մըն էր, որ ին­ծի կը հա­ղոր­դէր. հար­կադ­րո­ւե­ցայ հնա­զան­դե­լու։ Ա­ռա­ջադ­րո­ւած տե­ղին մէջ ու­րիշ կառք մը կե­ցած էր։ ­Հոն կը գտնո­ւէին ոս­տի­կա­նա­կան պաշ­տօ­նեայ մը՝ ոս­տի­կան զի­նո­ւո­րի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Պոլ­սէն ­Չան­ղը­րը աք­սո­րո­ւած հինգ է­ֆէն­տի­ներ։ Ա­նոնց­մէ մէ­կը ե­րի­տա­սարդ մըն էր, սեւ մօ­րու­քով ու վառվ­ռուն աչ­քե­րով։ Ա­նոնց ա­մէնքն ալ քա­ղա­քին պէ­յե­րուն պէս լաւ հա­գո­ւած էին։ ­Ձեռ­քեր­նին կա­պուած էր։ Մ­տա­հոգ եւ ընկ­ճո­ւած ե­րե­ւոյթ մը ու­նէին։ Ոս­տի­կա­նա­կան պաշ­տօ­նեան զա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դեց իմ կառքս եւ ինքն ալ մտաւ միւ­սին մէջ՝ ոս­տի­կան-զի­նո­ւոր­ներն ալ միա­սին։ ­Մե­զի հրա­ման տրո­ւե­ցաւ ճամ­բայ ել­լե­լու ­Թիւ­նէյ գիւ­ղի ուղ­ղու­թեամբ, որ ­Չան­ղը­րըէն վեց ժամ հե­ռու է։

«­Ժամ մը յա­ռա­ջա­ցած էինք, երբ ճամ­բու դար­ձած մէկ կէ­տին վրայ տես­նո­ւե­ցաւ ի­րի­կո­ւան ձիա­ւո­րը, որ մեր ճամ­բան խա­չա­ձե­ւեց եւ ա­ռաջ ան­ցաւ ա­ռանց բառ մը ար­տա­սա­նե­լու։ ­Քիչ վերջ կրկին ու երկ­րորդ ան­գամ խա­չա­ձե­ւեց մեր ճամ­բան՝ մեր շուրջ դե­գե­րե­լու ե­րե­ւոյ­թով մը։ Թիւ­նէ­յի կէս ժամ մօ­տե­ցած էինք, երբ յան­կարծ միեւ­նոյն ան­ձը մեր առ­ջեւ տնկո­ւե­ցաւ։ ­Շի­տակ կառ­քիս վրայ ե­կաւ, ի­ջաւ ձիէն եւ իմ ձիե­րուս սան­ձե­րը բռնե­լով՝ ու­զեց կառ­քը ա­ռաջ­նոր­դել ճամ­բէն դուրս, բլու­րին տա­կը, հե­ղե­ղա­տէ գո­յա­ցած խո­րունկ ձո­րա­մէ­ջը։ ­Գե­տին ցատ­կե­ցի, նոյ­նը ը­րաւ նաեւ ոս­տի­կան-զի­նո­ւո­րը. կար­ծե­ցինք, որ ա­ւա­զակ­նե­րէ յար­ձա­կում պի­տի կրենք եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կը պատ­րաս­տո­ւէինք, բայց վրայ հա­սաւ ոս­տի­կա­նու­թեան պաշ­տօ­նեան եւ մե­զի հրա­մա­յեց քա­շո­ւիլ ու միա­ժա­մա­նակ մեծ ակ­նա­ծան­քով ան­ծա­նօ­թին բա­րե­ւեց։ այդ ռո­պէին մեր առ­ջեւ ցցո­ւե­ցան չորս հո­գի­ներ՝ մին­չեւ ի­րենց ակ­ռա­նե­րը զի­նո­ւած։

«Ան­ծա­նօ­թը, որ կը թո­ւէր թէ ա­նոնց պետն էր, նշան մը տո­ւաւ։ Այս մար­դի­կը բռնե­ցին զիս եւ միւս կա­ռա­պա­նը, մեր ձեռ­քե­րը կա­պե­լէ ետք՝ կառ­քէն վար ի­ջե­ցու­ցին հինգ աք­սո­րա­կան­նե­րը, ո­րոնց հրա­մա­յե­ցին ի­րենց ու­նե­ցած դրամ­նե­րը յանձ­նել։ Եւ ո­րով­հե­տեւ ձեռ­քեր­նին կա­պո­ւած էր, զա­նոնք խու­զար­կե­լու գոր­ծը ստանձ­նե­ցին ոս­տի­կան­նե­րը, ո­րոնք ա­նոնց­մէ կո­ղոպ­տե­ցին ինչ որ ու­նէին — դրամ, զա­նա­զան ա­ռար­կա­ներ, սի­կառ­նիկ, թղթա­պա­նակ, համ­րիչ։ Ոս­տի­կա­նը քա­նի մը բա­ռեր փսփսաց չե­թէ­նե­րու պե­տին ա­կան­ջին։ Կ’ե­րե­ւայ, թէ վեր­ջի­նէս խնդրեց կո­ղո­պու­տը ի­րեն եւ ոս­տի­կան-զի­նո­ւո­րին թո­ղուլ։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւնն ալ ա­ւար­տե­լէն ետք, ոս­տի­կա­նը եւ ոս­տի­կան-զի­նո­ւո­րը միւս կառ­քը նստե­լով մեկ­նե­ցան։ Իմ ձեռ­քերս ալ քա­կե­լով ար­տօ­նե­ցին, որ քա­ղաք վե­րա­դառ­նամ։ ­Գա­լով աք­սո­րա­կան­նե­րուն, չորս չե­թէ­նե­րուն եւ ա­նոնց պե­տին կող­մէ հրա­մա­յո­ւե­ցաւ ի­րենց հե­տե­ւիլ։

«­Զա­նոնք հե­ռո­ւէն կը դի­տէի. հե­տաքրք­րու­թիւ­նը զիս ան­հան­գիստ կ’ը­նէր… ար­դեօք այդ է­ֆէն­տի­նե­րը ո՞ւր կը տա­նէին։ ­Ձո­րա­մէ­ջը կտրե­լով ան­ցան միւս եզ­րը, ուր փոքր ան­տա­ռիկ մը բլու­րը կը զար­դա­րէ։ ­Քիչ մը ա­ւե­լի յա­ռա­ջա­նա­լով՝ ա­նոնց պե­տը ար­տա­սա­նեց քա­նի մը բա­ռեր, ո­րոնք չկրցի հասկնալ, քա­նի որ ես ա­նոնց­մէ բա­ւա­կան հե­ռու էի։ Աս­կէ ետք մար­դի­կը յար­ձա­կե­ցան է­ֆէն­տի­նե­րուն վրայ, ա­նոնց զգեստ­նե­րը հա­նե­ցին եւ բո­լո­րո­վին մեր­կա­ցու­ցին… չեմ կրնար նկա­րագ­րել այն տե­սա­րա­նը, ո­րուն ներ­կայ ե­ղայ…

«Այս խեղճ զո­հե­րը մէ­կիկ-մէ­կիկ ծա­ռե­րուն կա­պո­ւե­ցան։ Ի­րենց ձեռ­քե­րը կա­պո­ւած ըլ­լա­լով՝ չէին կրնար ինք­զինք­նին պաշտ­պա­նել։ ­Յե­տոյ չե­թէա­պե­տը եւ իր մար­դի­կը ի­րենց դա­շոյն­նե­րը մեր­կա­ցու­ցին եւ սկսան դան­դա­ղօ­րէն ու հան­դարտ կեր­պով զա­նոնք մոր­թո­տել։ Դա­տա­պար­տեալ­նե­րու ա­ղա­ղա­կը եւ ա­նոնց յու­սա­հատ կա­տա­ղու­թիւ­նը սիրտս կը ճմլէին…»

103 տա­րո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն իսկ քստմնե­լի ո­ճի­րի այդ պա­հը այ­սօր ալ կը փշա­քա­ղէ ըն­թեր­ցո­ղին ողջ էու­թիւ­նը։
Ա­ւե­լորդ են մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը։
Այս­պէ՛ս նա­հա­տա­կո­ւե­ցան ­Վա­րու­ժան եւ ­Սե­ւակ։

Այս­պի­սի՛ ա­նաս­նա­կան վայ­րա­գու­թեամբ եւ ցե­ղա­պաշ­տա­կան մո­լուց­քով գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ թրքա­կան պե­տու­թեան ծրագ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն սուրբ նա­հա­տակ­նե­րուն դէմ։

Իսկ քա­ղա­քա­կիրթ կո­չո­ւած աշ­խար­հը ոչ միայն օ­րին ­Պի­ղա­տո­սի պէս ձեռ­քե­րը լո­ւաց, այ­լեւ մին­չեւ մեր օ­րե­րը ա­հա ան­պա­տիժ ձգած է յան­ցա­գործ ցե­ղաս­պա­նը՝ ա­նոր նո­րա­նոր ո­ճիր­նե­րուն նկատ­մամբ ձեռ­նա­ծալ մնա­լով…
«­Դէ՜, եկ վար­դա­պետ եւ մի խե­լա­գա­րիր»…

yerakouyn.com/2018/08/27/26

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail