28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄԻ ՓՈՐՁԱՐԿԵԼՈՒ ՈՃ:
Իր հակահայ յայտարարութիւններով եւ գործունէութեամբ յայտնի «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան»՝ ASİMDER-ի նախագահը դարձեալ անդրադարձած է համշէնահայութեան խնդրին, պնդելով որ անոնք «զտարիւն թուրք են»: Կէօքսէլ Կիւլպէի՝ նման յայտարարութեամբ հանդէս գալուն պատճառը վերջերս UNESCO-ի կողմէ հրապարակուած «Անհետանալու վտանգի տակ գտնուող լեզուներու աթլասը», որուն մէջ ընդգրրկուած էր նաեւ հայոց լեզուի համշէնի բարբառը, ինչպէս նաեւ այդ առթիւ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ տպագրուած համշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսուի մեկնաբանութիւնը (զոր կրնաք ամբողջութեամբ ընթերցել հետեւեալ հասցէով` http://akunq.net/am/?p=61677):
Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն` ASİMDER-ի նախագահը մասնաւորապէս նշած է. «Տուեալ շրջանին մէջ ապրող համշէնցիները զտարիւն թուրք են: Այդ վայրերուն մէջ բնակող ժողովրդը մոլորեցնելու նպատակով ամէն տեսակի գաղտնի ծրագիրներ իրագործել ձգտող հայկական լոպին եւ վերջինիս աջակիցները անընդմէջ քննարկումներ եւ գիտաժողովներ կը կազմակերպեն այն թեմայով, թէ իբր թէ համշէնցիներու լեզուն հայերէնի մէկ բարբառն է: Յայտնի է նաեւ, որ այս վայրերուն մէջ հիմնուած որոշ միութիւններ կը ֆինանսաւորուին որոշակի հիմնադրամներու կողմէ, որոնց կեդրոնը կը գտնուի Ամերիկա: Թէեւ մենք մամուլով հրապարակեր ենք տուեալ շրջանին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը եւ այդ հայ գործակալներու անունները, սակայն որեւէ միջոց չէ ձեռնարկուած այդ անձերուն եւ միութիւններուն ու հիմնադրամներուն դէմ:
Հայ գործակալները եւ ՀՀ պետական իրաւասուները ինկած են մեր համշէնցի քաղաքացիներուն ետեւէն եւ նոյնիսկ փորձած են զանոնք օգտագործել այս տարածքներու զարգացման, օրինակ` ՀԷԿ-երու (Հայտրոելեկտրակայան) կառուցման արգելք ըլլալու: «Հայ ենք» ըսող համշէնցիները օգտագործուած են նոյնիսկ ՓՔՔ (PKK – Քրտական Աշխտաւորական Կուսակցութիւն) ահաբեկչական կազմակերպութեան` Սեւծովեան շրջանին մէջ տարածուելու: Որպէս ASİMDER-ի նախագահ, կը պահանջեմ, որ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ հիմնուած համշէնական կազմակերպութիւնները վերստին ուսումնասիրուին Թուրքիոյ Ներքին Գործերու նախարարութեան կողմէ, եւ վերջինս հետեւի անոնց գործունէութեան: Հարաւ-արեւելքի մէջ մեր անվտանգութեան ուժերուն կողմէ յաջողութեամբ պսակուած գործողութիւններու հետեւանքով ՓՔՔ-ի ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Եւրոպա թմրանիւթեր տեղափոխելու մայրուղին դարձեր է Ղարաբաղը, Հայաստանը, Վրաստանը եւ Թուրքիոյ Սեւծովեան շրջանի Խոփայի նաւահանգիստը»:
Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներուն ASİMDER-ի նախագահը յաճախ կը շահարկէ Թուրքիոյ համշէնահայութեան թեման: Այս տարուան Մայիսին ան շեշտեր էր, թէ հայկական ծագում ունեցող որոշ լրագրողներ, ուսումնասիրողներ, զբօսաշրջիկներ, լրագրողներ կամ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ` Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի կամ եւրոպական երկիրներու անձնագիրերով, կու գան Թուրքիոյ Սեւծովեան շրջան (այստեղ կը գտնուի համշէնահայերով հոծ բնակեցուած վայրեր եւ բուն համշէնը) եւ կը փորձեն յատկապէս Ռիզէ եւ Արդուին նահանգներուն մէջ ապրող համշէնցիները «համոզել», որ անոնք ունին հայկական ծագում եւ կը խօսին հայերէն: Կիւլպէյ նաեւ ըսած էր, որ ASİMDER-ը զգօն եւ աչալուրջ է նման անձերու ու միութիւններու գործունէութեան նկատմամբ եւ աւելցուցած. «Անոնք (հայերը.) կը ձգտին Սեւծովեան շրջանին մէջ հայկական լոպիիսնկի շարժում ստեղծել եւ հայկական լոպիի կողմէ աջակցութիւն ստացող զանազան տեղական միութիւններու (նկատի ունի Թուրքիոյ համշէնական ՀԱՏԻԿ միութիւնը) միջոցով մեր համշէնցի եղբայրները հրահրել (թրքական) պետութեան եւ կառավարութեան դէմ»:
Այն ժամանակ ASİMDER-ի նախագահը նաեւ անդրադարձեր էր Թուրքիոյ մէջ գործող համշէնցիներու հիմնադրամին եւ նշեր, որ Սթանպուլի մէջ հիմնուած սոյն հաստատութիւնը մասնաճիւղ ունի նաեւ Արդուին նահանգին մէջ, եւ թրքական պետական իրաւասու մարմիններուն կոչ ըրած է ուսումնասիրութիւն կատարելու այդ հիմնադրամին եւ ՀԱՏԻԿ միութեան նիւթական միջոցներուն վերաբերեալ, թերեւս ենթադրելով թէ այդ ֆինանսական աղբիւրները կրնան հայկական ըլլալ:
Նշենք, որ ASİMDER-ը եւ այս կառոյցի նախագահ Կէօքսէլ Կիւլպէյը յատկապէս անցեալ տարի խիստ յաճախ անդրադարձեր էր Թուրքիոյ համշէնահայութեան հիմնախնդիրին։ Այսպէս, օրինակ, 2017 թ․ Փետրուարին Կէօքսէլ Կիւլպէյը յայտարարեր էր, թէ Հայաստանի հայերը գաղտնի ծրագիրներ կը մշակեն Թուրքիոյ Սեւծովեան շրջանին առնչութեամբ։ Անոր խօսքով՝ հայերը ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն համշէնցիներու բնակավայրերուն մէջ եւ կը ձգտին տեղի բնակչութիւնը համոզել, որ անոնք հայկական ծագում ունին։ ASIMDER-ի նախագահին համաձայն՝ հայերը գաղտնի աշխատանքներու միջոցով կը փորձեն հողային պահանջ ունենալ Թուրքիոյ Սեւծովեան շրջանէն։
Եթէ անցեալ տարուան Փետրուարին Կէօքսէլ Կիւլպէյը այդ մասին անդրադառնալով՝ ընդհանրացնելով «Հայաստան» կ՚ըսէր, ապա 2017 թ. Սեպտեմբերին կը նշէ, թէ այդ աշխատանքներուն ետին կանգնած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը։ «Տողան» լրատուական գործակալութեան եւ «Հիւրիէթ» օրաթերթի փոխանցմամբ, Կէօքսէլ Կիւլպէյը յայտարարեր էր, թէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ հայկական լոպիինկի կազմակերպութիւններու կողմէ հովանաւորուող որոշ կառոյցներ ու գիտնականներ, Թուրքիոյ Սեւծովեան շրջանին մէջ ապրող համշէնցիները օգտագործելով ու պնդելով թէ այս տարածքին կիրառուող համշէներէնը հայերէնի մէկ բարբառն է, հանդէս պիտի գան նախ` մայրենի լեզուով կրթութեան, ապա` հողային պահանջքով: ASİMDER-ի նախագահը նաեւ ենթադրեր էր, թէ հայկական լոպիինկի կազմակերպութիւնները, որոնց կեդրոնը կը գտնուի Եւրոպայի մէջ, Թուրքիոյ Սեւծովեան շրջանի համշէնցիներուն պիտի հարկադրեն «համշէնական սփիւռք» ստեղծել իրենց եւրոպաբնակ ազգականներէն. «Հայկական լոպին կը ձգտի եւրոպաբնակ համշէնցիներէն «համշէնական սփիւռք» ձեւաւորել, որ կրնայ պաշտպանել անոնց վերադարձը դէպի այդ հողերը, կարծես թէ անոնք բռնի կերպով այդտեղէն աքսորուեր են: Այդ փորձերուն հետ մէկտեղ, սոյն տարածքին մէջ գործունէութեան դաշտ որոնող ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր աջակցութեամբ գործող որոշ կազմակերպութիւններու միջոցով ինկած է կողմնակիցներ հաւաքելու ետեւէ, որոնք Ռիզէ եւ Արդուին նահանգներուն մէջ քննարկումներ եւ գիտաժողովներ կը կազմակերպեն` համշէնցիներուն հայ ըլլալուն եւ համշէներէնին` իրականութեան մէջ հայերէն ըլլալուն թեմաներով: Նմանատիպ աշխատանքներու եւ տարածուող հանդէսներու միջոցով նպատակ ունին մայրենի լեզուի հարցին անդրադառնալով` նոր գիտակցութիւն ձեւաւորել: Շուտով հայկական լոպիստական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցող որոշ քաղաքացիական-հասարակական կազմակերպութիւններ համշէնցիներու անունով հանդէս կու գան պաշտօնական դիմումով` առ այն, որ համշէնցիներու բնակավայրերու դպրոցներուն մէջ թոյլ տրուի համշէներէնի ուսուցումը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` քրտերէնի պարագային», ենթադրեր էր Կիւլպէյը:
Բնականաբար, թուրք ազգայնամոլներու` յատկապէս համշէնահայերու թեմային վրայ կեդրոնանալու այս միտումը պայմանաւորուած է համշէնահայերու բնակավայրերու աշխարհագրական դիրքով. ինչպէս յայտնի է, բուն համշէնը ընդգրկող ներկայիս Ռիզէ նահանգը եւ հայախօս համշէնահայերով հոծ բնակեցուած Արդուին նահանգը, գտնուելով Սեւ ծովի ափին եւ ներառուած ըլլալով Սեւրի դաշնագրով եւ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով նախատեսուած սահմաններուն մէջ, աւելի մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն թուրքերուն:
Ուշագրաւ է, որ այդ թեմային պարբերաբար կ՚անդրադառնան ոչ միայն թրքական, այլ նաեւ` ատրպէյճանական լրատուամիջոցները եւ տարբեր ատրպէյճանցի «մտաւորականներ»: Այս քարոզչութեան նպատակը տեղի համշէնական միութիւններուն, ինչպէս նաեւ` հայաստանցի եւ սփիւռքահայ գիտնականներու գործունէութիւնը խոչընդոտելն է, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ գործող համշէնական ՀԱՏԻԿ միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու միակ նպատակը համշէնական ինքնութեան պահպանումն է, իսկ հայ ուսումնասիրողներունը` համշէնահայերու մասին գիտական ուսումնասիրութիւններու կատարումը եւ հրապարակումը:
Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեան
Ակունք
yerakouyn.com/2018/08/28/