Հայաստան Կանգնած է Անկիւնդարձի Մէջտեղը – Յ. Պալեան

28 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԴԱՏԱԿԱՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Յ. Պալեան

Այս օրերուն շատ դժուար է Հայաստանի մէջ խօսիլ օրէնքի, արդարութեան, խորհրդարանի եւ դատարանի մասին: Երբ ցուցարարներ կը մերժեն դատարանի վճիռը եւ կը պահանջեն դատաւորներու աշխատանքէ հեռացումը, հարց կը ծագի, թէ ո՞ւր կը մնայ Օրէնքի Պետութիւնը, ինչպէ՞ս պէտք է վերաբերիլ Օրէնքի Գերակայութեան հետ:

Օրէնքը անանձնական է: Ան հեռու պէտք է մնայ մասնակի մեկնաբանութիւններէ, անմիջական շահերէ, մանաւանդ յուզումներէ, զգացումներէ, քէներէ: Տարակարծութիւնները երբեք չեն վերացած կացինի հարուածներով:

Ոչ ոք կը խօսի այն մասին, որ հանրահաւաքի մը ներկայ խուռներամ բազմութիւնը հաճոյք կը պատճառէ, ուժ կը ցուցադրէ, բայց յանձնառութիւն կ’ընթադրէ՞ թէ ոչ՝ արդէն այլ հարց է: Մարդիկ կը մտածե՞ն, թէ այդպէս, խուռներամ, ծափերով, կարգախօսներով, երկիր կը կառավարուի՞:1895-ին, ֆրանսացի ընկերաբան Կիւթաւ լը Պոն ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած էր, «Ամբոխներու հոգեբանութիւնը» անունով, զոր կը սերտեն բոլոր սկսնակ ընկերաբանները: Չեմ ըսեր, որ հանրահաւաքի մասնակիցներ պէտք է կարդան այդ գիրքը, բայց առնուազն հանրահաւաքի աղմուկը որպէս արժէք եւ ուղեցոյց ընդունողներ իրենք երկու անգամ պէտք է կարդան: Յետոյ ի՞նչ նպատակի կը ծառայեցնեն այդ ընթերցումը, արդէն այլ հարց է:

Կ’ըսեն, որ քանի աճի ամբոխի համրանքը, անոր ուշիմութեան միջին տարիքը նոյն համեմատութեամբ կը նուազի: Ամբոխին ուղղուած խօսքը արդէն ոչ վերլուծում կ’ըլլայ ոչ տեսութիւն, այլ անմիջականօրէն տեսնուող, հասկցուող, յուզող եւ հակազդեցութիւն սպասող պատգամ: Առանձին քաղաքացին բրածեծ չ’ըներ կամ քարկոծելով ոճիր չի գործեր, բայց ամբոխը նման արարքներ կրնայ գործել բնազդական եւ անգիտակից հակազդեցութեամբ: Ամբոխէն լսուելու համար անոր քէներուն կամ երազներուն բաւարարման մասին խօսք պէտք է ըսել:

Ամբոխը ժողովրդավարութիւնը կը հասկնայ մէկ ձեւով, իր ակնկալութիւններուն ուղղութեամբ: Ան նաեւ միւսը, անձ կամ հաստատութիւն, կրնայ նախայարձակման թիրախ դարձնել, որպէս իր իրաւ կամ երեւակայական զրկանքներու բաւարարումը խանգարող:

Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը յաջողելու եւ ապագայ ունենալու համար իրաւ ժողովրդավարութեան, իրաւունքի, օրէնքի գերակայութեան եւ ազգային-մշակութային ճակատներու վրայ համազգային նուաճում պէտք է ըլլայ, ընդունելով տարբերութիւնները: Տարբեր մտածել չի նշանակեր թշնամի ըլլալ: Դատարանի մը վճիռը չի մերժուիր եւ չի բեկանուիր ըստ ամբոխային ցանկութիւններու, այլ օրէնքի նախատեսած հիմնաւորումներով: Անոնք որոնք սխալ գործած են, երկիրը կողոպտած են, պէտք է որ հաշիւ տան դատարանի մէջ եւ օրէնքի առջեւ, եւ ոչ հրապարակի վրայ խմբուած ցուցարարներուն: Քսան կամ հարիւր հազար մարդոց ամբոխը ոչ դատաւոր է ոչ դատարան, ինչ որ ալ ըլլայ կրկնուող կարգախօսներու բովանդակութիւնը:

Երկրի եւ ազգի հիմնահարցերը կը քննուին, հիմնական որոշումները կը կայացուին ժողովուրդի ազատ կամքով ընտրուած համապատասխան ժողովներու մէջ: Մենիշխանութիւնը եւ ամբոխային ճնշումը պարզապէս թշնամի են ժողովրդավարութեան, քանի որ կը շրջանցեն վիճարկումը եւ փոխլուսաբանումը, հասնելու համար ճիշդին:

Հայաստանի մէջ դատարանի որոշումը (Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային) բողոքի եւ աղմուկի պատճառ դարձաւ փողոցին մէջ, եւ մարդիկ չվարանեցան դատարանի վճիռը հակաօրինական համարել, յայտարարել եւ դատաւորներու աշխատանքէ հեռացումը պահանջել: Նման վերաբերումներու զարգացումը եւ կրկնութիւնը կրնան քաոս ստեղծել:

Ի հարկէ ճնշուած ժողովուրդի հակազդեցութիւնը կարելի է հասկնալ, բայց այդ ալիքին վրայ պետական կառոյցներու անտեսումը աղէտ է, իսկ վտանգաւոր է իշխանութեան սեփականացումը մէկ անձի կողմէ: Ինչ որ ալ եղած ըլլան արդարացումները «թաւշեայ յեղափոխութեան», թոյլատրելի պէտք չէ ըլլայ անոր հունով «յեղափոխական արդարադատութիւն» ստեղծելու փորձը, շրջանցելով օրէնք, դատարան եւ դատաւոր:

Ցանկալի է, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» յաջողութիւն ըլլայ ազգին եւ երկրին համար, քաղաքական կեանքի մէջ վերահաստատելով յաւելեալ բարոյականութիւն: Յեղափոխական արդարութիւնը, երբ կը շրջանցէ օրէնք եւ բարոյական, կը գործուի չարիք: Երբեմն պէտք է մտաբերել ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան «Կիյոթին»ը, որ աւելի քան200.000 գլուխ անջատեց վիզէն եւ նոյնիսկ դատապարտուած Մատամ Ռոլանի ըսել տուաւ. «Օ, ազատութիւն, ի՜նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ»… Նոյն ձեւի յեղափոխական-ամբոխային դատապարտութեան ոճիրներ գործուեցան բոլշեւիկներու կողմէ:

Այսօր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կառոյցները առկախուած են: Ազգային Ժողովը չի գործեր եւ փոխարէն կը խօսուի ուղղակի ժողովրդավարութեան մասին: Հրապարակի վրայ հաւաքուած հազարաւորներ կրնան ծափահարել ներկայացուած առաջարկ մը, բայց կրնա՞ն քննել եւ վիճարկել: Առանց քննութեան եւ վիճարկումի ժողովրդավարութիւնը դատարկաբանութիւն է:

Այս «կացութիւն»ը արտածուած է նաեւ սփիւռքներ: Անհատներ, խմբակներ, կազմակերպութիւններ, զօրակցութիւն կը յայտնեն: Անոնք պէտք է ճշդեն, թէ ի՞նչ բանի զօրակցութիւն կը յայտնեն եւ ո՞ւր կը կանգ կ’առնէ այդ զօրակցութիւնը: Իսկ ոմանք կարծէք չեն վախնար անհեթեթութենէ եւ ծիծաղելութենէ, եւ արտագաղթելէ ետք, որուն ճիշդ անունը հայրենալքում է, կարծիք կը յայտնեն, տեսակէտ կը պաշտպանեն, զօրավիգ կը կանգնին ուրիշներու կատարած «թաւշեայ յեղափոխութեան», որուն իրենք ձեռնարկած պէտք էր որ ըլլային, փոխանակ երջանիկ ապաստան գտնելու հեռաւոր երկիրներու «ապահով» երկինքներուն տակ: «Թաւշեայ յեղափոխոխութիւն»ը ինք թոյլ պէտք չէ տայ նման չարաշահում: Կրնանք այլ բանաձեւումներ ալ աւելցնել:

Հայաստան կանգնած է փոփոխութիւններու անկիւնադարձին մէջտեղը: Կամ կը հաստատուի օրէնքի գերակայութեամբ ժողովրդավարական համակարգ, կամ Հայաստան կը դատապարտուի խարխափումներու «լապորոթարիական» փորձերու:

Կոչեր կ’ըլլան հայկական եւ օտար դրամագլուներու Հայաստանի մէջ ներդրման համար: Բայց տարրական ողջախոհութիւնը միթէ՞ չի յուշեր այն իմաստութիւնը, որ դրամագլուխը կը փնտռէ ապահով հորիզոններ, ապահովութիւն ներշնչող օրէնքներ, քաղաքական կայունութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւնը: Այսինքն յեղափոխութիւնը, ան ըլլայ թաւշեայ թէ այլ, անոր հրապարակ-ակորայի քաղաքականութիւնը եւ հոն կայանալիք-կայացուած որոշումները վստահութիւն չեն ներշնչեր:

Եւ պարզ հարցումը հետեւեալն է. նկատի ունենալով Հայաստան-Արցախի քաղաքական, տնտեսական, ռազմական կացութիւնը, նոյնիսկ «թաւշեայ յեղափոխութեան» «լապորոթարիական» փորձերը ո՞ւր կրնան հասցնել, կամ վտանգել ինչ որ կարելի եղած է փրկել եւ կառուցել:

Հակառակ ըսուածին եւ գրուածին, անմիջականէն անդին կան մտավախութիւններ, որ դիւրին խանդավառութեամբ տարուած մարդիկ չեն ուզեր տեսնել, չեն տեսներ:

Այս հանգրուանին մամուլ եւ մտաւորականութիւն կոչուած են կարեւոր դերի: Անոնք թոյլ պէտք չէ տան որ ժողովրդայնացման (populisme) գինովութիւնը առաջնորդէ անցանկալի եւ անվերադարձ կացութիւններու: Քաղաքական կեանքի մէջ, աւերէն ետք զղջումը անպայման վերականգնումի չ’առաջնորդեր:

Սփիւռքը պահ մը փակագիծի մէջ պէտք է դնէ իր զգացական հայրենասիրութիւնը: Ափրիկեան տափաստաններու մէջ շրջագայող «տուրիստ»ի ականջներուն այնքա՜ն հաճելի է լսել հեռուէն եկող «թամ-թամ»ի ձայնը: Կարդալ ափրիկեցի բանաստեղծ եւ նախագահ Լէոփոլտ Սենկորի բանաստեղծութիւնները: Եւ ողջմտութիւնը չ’ըսե՞ր, որ «թամ թամ»ով քաղաքականութիւն չի խաղցուիր:

Նոյնիսկ եթէ ակնկալութիւններ ունեցող զանգոաւծին հաճոյք պիտի չպատճառուի, հրաժարելով «թիմ»ային խաղէ, Հայաստան «դուխով»էն ետք պէտք է հասնի պետական իմաստութեան:

Իսկ սփիւռք(ներ)ն ալ նոր թառ մը գտնելու զուարճութեան անձնատուր պէտք չէ ըլլան:

Իսկ Հայաստան սփիւռք(ներ)ի, բացի ներդրումներ ընելու կոչէն, համաժոողովներու ճառայէն աղմուկէն, քաղաքական կեանքին եւ որոշումներուն մասնակցութեան հնարաւորութիւն պէտք է ստեղծէ, որպէսզի ընդգրկուինք իրաւ մէկութեան ապագայակերտ ընթացքին մէջ:

Այս թղթածրարը բաց է: Աւելի լաւ է արտայայտուիլ, վիճարկել, քան տրտնջալ եւ մնալ ամուլ, կամ վասն երեւելիութեան բաւարարուիլ ծափով եւ ողջոյնով:

yerakouyn.com/2018/08/28/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail