24 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐԱԿԱՆ:
Հայաստանեան ամառ, հայկական գոյներ ու տրամադրութիւն: Աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող շուրջ 400 պատանի ու երիտասարդ Սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս, շատերն առաջին անգամ, իրենց քայլը կատարեցին դէպի Հայաստան: Քայլ, որ բեկումնային եղաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար` իւրովի: Մէկը վերագտաւ իր հայրենիքը, ուրիշ մը ձեռք բերաւ նոր ընկերներ, միւսը` առաջին անգամ գրեց իր անունը մաշտոցեան տառերով, ուրիշ մըն ալ առաջին անգամ սիրահարուեցաւ եւ ամենակարեւորը` երկու շաբաթ վայելեց իր հայրենիքի օդը, արեւը, մարդոց ջերմութիւնը, սարերու ու լեռներու հպարտ գեղեցկութիւնը, ծանօթացաւ իր նման, պարզապէս տարբեր երկիրներ ապրող հասակակիցներու հետ:
Շահեցաւ ո՛չ միայն ծրագիրի մասնակիցը, այլեւ` Հայաստան աշխարհը: Հայաստանի մէջ երկու շաբաթ շարունակ միախառնուեցաւ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն խօսքը, մէկտեղուեցան ռուսահայն ու ամերիկահայը, ֆրանսահայն ու վիրահայը, մէկտեղուեցան` իրար ճանչնալու, իրար գտնելու ու այլեւս իրար հարազատ մնալու պայմանով. ոչինչ, որ կ՛ապրին աշխարհի տարբեր քաղաքներու ու երկիրներու մէջ: Հեռաւորութիւնը կը կարճեցնէ այն սէրը, որ անոնք գտան Հայաստանի մէջ: Գտան, որ տանին իրենց բնակութեան երկիրներ:
Այդ սէրը` Հայրենիքի մէջ գտնուած սէրը երբեք անհետեւանք չի մնար, այլ ամէն օր, ամէն ժամ ու ամէն պահ կը յիշեցնէ, որ Հայաստան անունով հեռու ու մօտ երկրի մը մէջ իրենք ձգած են յիշողութիւններ, ժպիտներ, ընկերներ ու արցունքախառն ձայներ: Ձայներ, որոնք անընդհատ կը հնչեն անոնց ականջներուն մէջ. «կը խոստանաս, չէ՞, որ ինծի պիտի յիշես», «անպայման կը գրես. լա՞ւ», «չմոռնաս զանգելու», «ե՞րբ կրկին պիտի հանդիպինք», «չեմ ուզեր Հայաստանէն հեռանալ», «ես պիտի վերադառնամ»…
Եւ իսկապէս, օր մը անոնք անպայման կու գան այդ յիշողութիւններուն ու ժպիտներուն ետեւէն: Կու գան ու կ՛երթան, կու գան… ու քիչ մը աւելի երկար կը մնան, իսկ օր մըն ալ` կու գան ու կը մնան ընդմիշտ, որովհետեւ` «Հայաստանը ո՛չ միայն սիրելու երկիր է, այլեւ` ապրելու»,- ինչպէս հրաժեշտի հանդիպման անոնց փոխանցեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Լուսինէ Աբրահամեան
hayernaysor.am/cl/archives/291633