29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է. «Մինչեւ այժմ հայկական զինուած ուժերը ունեցած են յստակ արտայայտուած ցամաքային ուժի կերպար` օդային գերակայութեան համար պայքարին մէջ ապաւինելով միայն հակաօդային եւ ցամաքային հրթիռային միջոցներու: Ժամանակները, սակայն, փոխուած են: Զինուած ուժերուն հաղորդուելիք տարաշարժուն կերպարը կը պահանջէ նաեւ կործանիչ-ռմբակոծիչներու առկայութիւն, քանի որ ոչ մէկ հրթիռային համակարգ կը փոխարինէ այս կարողութիւնը` օգտագործման ճկունութեան եւ դիմակայունութեան առումով»:
«Շանթ-2018» ռազմավարական հրամանատարական կազմի ռազմափորձին ընդառաջ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ընթացող նախապատրաստական հաւաքի շրջագիծին մէջ 28 օգոստոսին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը:
Դաւիթ Տօնոյեան պաշտօնատար անձերու ներկայացուցած է իր տեսլականը պաշտպանութեան մարզի գործունէութեան զարգացման առաջնահերթութիւններու եւ անոնցմէ բխող գերակայ խնդիրներու վերաբերեալ: Անդրադառնալով զինուած ուժերու զարգացման նախադրեալներուն` պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է անընդհատ սորվելու, բարեփոխուելու եւ բանակը աւելի տարաշարժուն` մեքենայ դարձնելու իրողութիւնը:
«Հորիզոնական հաղորդակցութիւնը, առանց դիւանակալական քաշքշուքներու, պէտք է դառնայ բնական ընթացք, սովորութիւն եւ ոչ թէ բացառութիւն: Պիտի վերացնենք փոխադարձ գործակցութիւնը արգելակող կամ լրջօրէն բարդացնող արհեստական արգելքները` բացառելով այն աշխատելաոճը, երբ առանձին օղակներ յառաջ կը քշեն իրենց օրակարգերը` չիմանալով զանոնք միաւորող ընդհանուր մտայղացումը», նշած է պաշտպանութեան նախարարը:
Չափազանց կարեւոր նկատելով բանակի սպառազինման, կառավարման համակարգի արդիականացման եւ անձնակազմի մարտունակութեան ամրապնդման միտուած քայլերը` նախարար Տօնոյեան վստահեցուցած է, որ այս պահուն ընթացքի մէջ են սպառազինութեան ծրագիրներու թարմացման աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ կը ծրագրուի ձեռքբերել նաեւ բազմագործառոյթ օդուժ: «Մինչեւ այժմ հայկական զինուած ուժերը ունեցած են յստակ արտայայտուած ցամաքային ուժի կերպար` օդային գերակայութեան համար պայքարին մէջ ապաւինելով միայն հակաօդային եւ ցամաքային հրթիռային միջոցներուն: Ժամանակները, սակայն, փոխուած են: Զինուած ուժերուն հաղորդուելիք տարաշարժուն կերպարը կը պահանջէ նաեւ կործանիչ-ռմբակոծիչ օդուժի առկայութիւն», շեշտած է նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:
Զինուած ուժերուն առջեւ դրուած գերակայ խնդիրներու շարքին նախարար Տօնոյեան նշած է նաեւ մարտական հերթապահութեան կրման ձեւերու կատարելագործման առաջնահերթութիւնը` շեշտելով, որ եկած է ամէնօրեայ մարտական խնդիրի իրականացման եղանակներուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու ժամանակը:
«Մեր նպատակն է զգալիօրէն նուազեցնել անձնակազմի` թշնամիի նշանառու կրակի տակ գտնուելու տեւողութիւնը, բարձրացնել պաշտպանուածութեան եւ դիմակայունութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ աւելցնել թշնամիի ներթափանցման խումբերու դարանակալման ու ոչնչացման հաւանականութիւնը», նշած է պաշտպանութեան նախարարը:
aztagdaily.com/archives/406626