Ամերիկեան Պատժամիջոցները, Անդրկովկասը Եւ Հայաստանը – ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Այսօր Միացեալ Նահանգներու շղթայազերծած տնտեսական աննախընթաց պատերազմը եւ ծաւալած պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը` Քուպայի, Չինաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նկատմամբ, եւ վերջինին ցուցաբերած ոչ բանաւոր միջպետական յարաբերութիւններու Թրամփի կառավարութեան մարտավարութիւնը եւ նոր ոճը իրապէս աշխարհը վերածած են անկանխատեսելի միջազգային քաղաքական եւ տնտեսական անապահով թատերաբեմի մը:

Արդարեւ, ներկայ միջազգային անորոշ, հակասական եւ տարաբնոյթ կացութեան լոյսին տակ, ուր նախկին ռազմաքաղաքական դաշնակիցներու փոխյարաբերութիւնները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, ուր շրջանային եւ միջազգային գերպետութիւնները զանազան տարածաշրջաններու մէջ ուժերու վերադասաւորման փորձեր կը կատարեն, երբ նոր ռազմաքաղաքական համաձայնութիւններ կը ստորագրուին, յատկապէս վերջերս ականատես կը հանդիսանանք Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ մերձեցման քարոզչական եւ քաղաքական նպատակներով գումարուած գերաստիճանին, ինչ որ բնականաբար անտարբեր եւ աննկատ պիտի չձգէր Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական քաղաքական միտքը:

Փաստօրէն, ինչպէս որ Միջին Արեւելքի, Անդրկովկասեան տարածաշրջանի եւ ինչ-որ չափով Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ ակնյայտ են Միացեալ Նահանգներու քաղաքական եւ տնտեսական նկրտումները` մէկ կողմէ Թրամփի նոր խմբակի ճիգը` լեզու գտնելու Հիւսիսային Քորէայի հետ, միւս կողմէ` հարուածելով Չինաստանի ձգտումը միջազգային քաղաքական դերակատար դառնալու, համաշխարհային շուկաներու մակարդակի վրայ տնտեսական, առեւտրական եւ ապրանքաշրջանառութեան արգելափակումներու եւ սահմանափակումներու քաղաքականութեամբ, եւ նեցուկ հանդիսանալով Թայուանի եւ վերջերս` Ֆիլիփիններուն:

Սակայն, հակառակ վերոնշեալ գերպետութեանց հակադրութեան եւ Թրամփի պատերազմական-քարոզչական յոխորտանքներուն, որոնք աւելի ներքին շուկայի սպառումի համար են, բոլորովին հասկնալի պատճառներով, բայց կը թուի, թէ Սուրիոյ հակամարտութեան վերջին փուլին կարծես խնդիրներու կարգաւորման եւ գործակցութեան որոշ եզրեր գտնուած են, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ, ուր սակայն Թրամփի կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին տակ ընդհանուր այս խաղէն դուրս շպրտելու Իրանը եւ անոր դաշնակիցները, որոնք անվիճելիօրէն տիրական դերակատար էին պատերազմի ամբողջ տեւողութեան:

Հակառակ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճորճ Պոլթընի պնդումներուն` պատժամիջոցներու քաղաքականութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, պէտք է ըսել, որ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու այս քաղաքականութիւնը բնաւ չի համընկնիր Եւրոպական միութեան երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական հաշիւներուն, եւ պէտք է աւելցնել, որ Թրամփի կառավարութեան ու եւրոպացիներու միջեւ թէեւ առայժմ լուռ, սակայն շատ ուժեղ շահերու բախում գոյութիւն ունի այդտեղ, յատկապէս` տնտեսական եւ մշակութային, մասնաւորաբար` նոր շուկաներ որոնելու եւ հաստատուելու նոյնինքն պատժամիջոցներու ենթարկուող երկիրներու մէջ. արդարեւ, եւրոպական մեծ ընկերութիւններ կը շարունակեն իրենց ներդրումային մարտավարութիւնը եւ արտադրութիւնները` մերժելով Միացեալ Նահանգներու միակողմանի պատժամիջոցներու եւ այլ տեսակի քաղաքականութիւնը:

Փաստօրէն անվիճելի իրողութիւն է, որ Միացեալ Նահանգներու արկածախնդիր այս քաղաքականութիւնը միջազգային զօրակցութիւն չի վայելեր ո՛չ իր աւանդական դաշնակիցներուն կողմէ, ո՛չ ալ իր դասական մրցակիցներուն, ուր պարբերաբար որոշ տարածաշրջաններու մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերու կապակցաբար քաղաքական կարգաւորումներուն եզրեր կը գտնուէին:

Իսկ միջազգային յարաբերական եւ քաղաքական այս թոհ ու բոհին մէջ մեզի համար հարցումներուն հարցումը Հայաստանի եւ հայութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքական վիճակն է: Տարածաշրջանը յուզող, ապակայունացնող, պատերազմական յորդորներով հանդէս եկող հարեւաններուն առկայութիւնն է եւ ընդհանրապէս Հայաստանի դիրքաւորումը` տուեալ շրջանի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն նկատմամբ: Ուր դարձեալ զանազան ուժերու կողմէ Միջին Արեւելքը եւ կովկասեան տարածաշրջանը վերածուած են կռուախնձորի, եւ որոնց խուլ եւ անվերջ պայքարը կրնայ երկար տեւել:

Արդարեւ, գոյութիւն ունեցող տուեալ քաղաքական իրադրութիւններու լոյսին տակ, ուր փաստօրէն Անդրկովկասը մրցադաշտի վերածուած է, ուր մէկէ աւելի շրջանային եւ միջազգային ուժեր իրարու կը բախին եւ կը փորձեն ծաւալել իրենց սեփական ազդեցութեան գօտին: Այս իմաստով ուշագրաւ էր Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի Հայաստան այցելութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետին հետեւեալ խօսքերը. «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ գործընկերոջ հետ քաղաքականութիւն չի վարեր այլ գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները հակակշռելու նպատակով»: «Մենք ըսած ենք, որ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ շրջադարձեր պիտի չըլլան: Մենք մտադիր ենք զարգացնելու մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական Միութեան հետ»:

Այդ իսկ պատճառով նախ հարկաւոր է ազգովին ուրուագծել եւ ամրագրել մեր ազգային կենսական միասնականութիւնը` որով կարելի է կանխել ցանկացած ներազգային պառակտում, որպէսզի նոր Հայաստանի ներքաղաքական դաշտէն ներս պարարտ հող չստեղծուի եւ միջազգային ուժերու զանազան շահերու բախման խաչմերուկի չվերածուի:

Հայաստանի ու հայութեան անվտանգութեան երաշխիքները կը հանդիսանան առաջին հերթին նոր Հայաստանի կառավարութեան ազգային քաղաքականութեան, տնտեսական, ներդրումային, ընկերային արդարութեան, ռազմական ծրագիրները, որովհետեւ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք, եւ բոլոր միւս բնագաւառներուն մէջ հարկաւոր է անվերապահ աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը համայն հայութեան, որպէսզի յաջողի ներկայ կառավարութեան թիմը:

Հայաստանի ու հայութեան արտաքին ու ներքին անվտանգութեան սպառնացող ամէն տեսակի վտանգ եւ մարտահրաւէր դիմակայելու ի խնդիր` անհրաժեշտ է ազգային միասնականութեան ամէնէն բարձր մակարդակը, որովհետեւ այլապէս ո՛չ պատմութիւնը, ո՛չ ալ մեր հակառակորդ թէ բարեկամ հարեւանները պիտի խնայեն մեզ:

Այսօր, հակառակ տարածաշրջանի պարզած քաղաքական անկայուն ու ռազմական իմաստով անապահով իրավիճակներուն, բայց եւ այնպէս հայութեան համար բախտորոշ այս հանգրուանին խիստ անհրաժեշտ է նաեւ ազգային միասնականութեան, ներազգային կայունութեան եւ անդորրութեան կողքին զարգացնել հայկական զուտ արեւելումի գաղափարաբանութիւն եւ քաղաքական գործօնը` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի ինքնուրոյնութեան եւ անվտանգութեան, առանց անտեսելու, բնականաբար, շրջանէն ներս գոյութիւն ունեցող պետութեանց առկայ շահերը եւ հաշիւները:

Իսկ վերջապէս աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն կը կարծենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութեան առնչութեամբ անպայման որ հաշուարկուած են` Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան թիւը, աշխարհագրական դիրքը, սեփական անվտանգութիւնը եւ ներուժը, Հայ դատը` իբրեւ գերագոյն նպատակ, եւ զինք շրջապատող մէկ կողմէ անկայուն, միւս կողմէ` ռազմատենչ եւ պատերազմական նկրտումներով երկիրներու կամ հարեւաններու առկայութիւնը, առաւել` միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական բարդ եւ մրցակցային կացութիւնները:

Ինչ որ կը պարտաւորեցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր կողմերուն հետ վարելու չափազանց զգուշաւոր եւ հաւասարակշռուած ոսկէ միջինը հանդիսացող «ե՛ւ, ե՛ւ» քաղաքականութեամբ, որով կարելի է շրջանային եւ միջազգային բոլոր դերակատարներուն հետ գործակցութեան եզրեր ունենալ, առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական եւ տնտեսական անփոխարինելի դաշնակից Ռուսիոյ հետ` զարգացնելով եւ խորացնելով փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ աւելի ընդլայնելով գործակցութիւնը` հնարաւոր բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Ինչպէս նաեւ Հայաստանի հարաւային հարեւան Իրանի հետ, հակառակ միջազգային ճնշումներուն, պէտք է զարգացնել բարեկամական, տնտեսական եւ գործնական փոխյարաբերութինները, վերջապէս Իրանը կը մնայ շրջանային կարեւորագոյն ազդեցիկ ուժերէն մէկը:

Հայաստանի` Հանրապետութեան տուեալ զգուշաւոր եւ հաւասարակշռուած ոսկէ միջինը հանդիսացող «ե՛ւ, ե՛ւ» քաղաքականութեամբ պէտք է շարունակել Հայաստանի` Եւրոմիութեան անդամակցութեան խիստ կենսական գործընթացը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները պէտք է շարունակել յանուն շրջանի ընդհանուր տնտեսական եւ այլ մարզերու զարգացման համարկման կառուցողական գործընթացը:

Արդարեւ, ըսել ուզուածը պարզապէս այն է, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն` պէտք է բացառել, եւ Հայաստանը ի վիճակի է, այս կամ այն գերպետութեանց ունեցած ռազմական եւ տնտեսական գերակշռող առաւելութիւններուն եւ իրենց լծակից միջազգային կազմակերպութիւններուն ազդեցութեան տակ զիջիլ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մը որդեգրելու հնարքէն, համապարփակ եւ փորձագիտական տարածաշրջանային գնահատումներուն առընթեր համազգային ընդհանուր ուժերու լարումով կիրարկել պէտք է հայկական զուտ արեւելում ունեցող լրացուցիչ քաղաքականութիւն մը` ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան անվտանգութեան եւ անկաշկանդ գոյութիւն:

Որքան այժմէական են ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի հետեւեալ խօսքերը.

«Ո՛չ մէկ քաղաքական արեւելում, ո՛չ մէկ ուղղութիւն ինքնըստինքեան նախապայման է: Նախապայմանը մեր հիմնական շահերուն ու ձգտումներուն գիտակցութիւնն է: Այդ շահերուն ու ձգտումներուն հաւատարմութիւնը ու անշեղ հետապնդումը ամէն ատեն, ամէն տեղ, ամէն ձեւով:

«Ահա թէ ինչու ո՛չ Արեւելքի հետ ենք ըստ ամենայնի եւ ո՛չ ալ Արեւմուտքի հետ` ըստ էութեան:

«Հայկական հարցը ո՛չ Արեւմուտքի հարց է եւ ո՛չ Արեւելքի: Պարզապէս զուտ հայկական հարց է: Չենք ուզեր նաեւ, որ Հայ դատը դառնայ թուրանական կամ ռուսական եւ կամ ամերիկեան հարցին բաղկացուցիչ մէկ մասը:

27 օգոստոս 2018

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

aztagdaily.com/archives/406562

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail