Գաղափարը Մի՛ Հարուածէք, Ապարդիւն Է – ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Քանի մը օր առաջ լիբանանահայ ընկեր մը Դիմատետրի վրայ հրապարակեց նկար մը, որ անմիջապէս ցանցի հայ օգտատէրերուն մեկնաբանութիւններուն թիրախ դարձաւ: Սովորութիւն դարձած է այլեւս, որ ամէն «յարմար առիթի» կարելիութիւնը պէտք չէ փախցնել` հակադաշնակցական քարոզչութիւն տանելու:

Ես միշտ համբերութեամբ կը հետեւէի նման ապազգային արարքներուն, բայց այս անգամ համբերութեանս բաժակը յորդեցաւ այլեւս: Ո՜վ յուսալքուած, նեղացած, անձնատուր եղած հայ երիտասարդ, քեզի ո՞վ իրաւունք տուաւ գաղափարը հարուածելու, ինչպէ՞ս կը համարձակիս հարիւր քսան տարիէ աւելի հայ ազգի ամուր վահանը եղող կազմակերպութեան մը ճակատին մուր քսել, ի՞նչ խղճով կը քարկոծես կուսակցութիւնը, որուն հիմը կը կազմեն բիւրաւոր հաւատաւոր նահատակներուն արիւնն եւ ոսկորները:

Միշտ կ՛ուզես ճարպիկ ըլլալ, կ՛ուզես համոզել, որ կուսակցութեան այսօրուան պատասխանատուները կը քննադատես միայն եւ ոչ թէ` գաղափարը. «գաղափարական» մարդ եղած ես, սակայն «յուսախաբ» եղած ես, բայց նոյնիսկ կը յայտարարես, որ ՀՅԴ-ն մեռած է, գոյութիւն չունի այլեւս, եւ հարց կու տաս, թէ շարքայինները եւ համակիրները ինչպէ՞ս կրնան պատկանիլ եւ հետեւիլ այս «ապիկար կազմակերպութեան»: Կ՛ուզես ցոյց տալ, որ իբր թէ առանձին կուսակցական դէմքերուն դէմ կ՛արտայայտուիս, իբր թէ անոնք պատճառ դարձան քու «յուսախաբութեանդ», սակայն խորքին մէջ արտայայտուելու ձեւէդ եւ օգտագործած խօսքերէդ յայտնի կը դառնայ, որ բուն թիրախը ամբողջ կազմակերպութիւնն է:

Նախ եւ առաջ պիտի ըսեմ, որ ՀՅԴ-ն մեռած չէ եւ չի կրնար մեռնիլ, այնքան ատեն որ կան հաւատաւոր շարքայիններ եւ համակիրներ, որոնք այս կուսակցութեան ծնունդ տուող գաղափարին, սկզբունքներուն եւ նպատակին կը հաւատան: Յետոյ, պատկանելիութեան հարցին մասին եթէ կը խօսինք, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը աւատատէր չէ եւ անոր հետեւողները ճորտեր չեն, այլ գաղափարապէս կապուած ազատ անձերն են, որոնք ճիգ կ՛ընեն այս կուսակցութեան ճամբով այլեւայլ ծառայութիւններ մատուցելու իրենց ազգին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բռնաւոր կազմակերպութիւն չէ, առեւտրական հաստատութիւն չէ, ճամարտակախօսներու ակումբ չէ:

Դաշնակցութիւնը ազգին ծառայելու ձեւ մըն է, հայեցի կազմաւորման կարօտող հայորդիներուն հասնելու շիտակ ճամբայ մըն է, գաղութները պահելու ազդու միջոց մըն է: Պահ մը երեւակայէ, ո՜վ յուսահատութեամբ համակուած երիտասարդ, եթէ Դաշնակցութիւնը չըլլայ, ո՞վ ապրիլեան քայլարշաւները պիտի կազմակերպէ, տարուէ տարի ո՞վ հաւաքական յիշողութիւնը պիտի թարմացնէ, դաշնակցական երիտասարդները եթէ չըլլան, որո՞նք շեփորախումբին առաջնորդութեամբ պիտի քալեն հպարտօրէն եւ բարձր ճակատով, «Զէյթունցիներ» քայլերգով կամ «Զարթիր լաօ» երգով ո՞վ պիտի թնդացնէ թաղերը, դաշնակցական ակումբները եթէ չըլլան, հայ պատանիները ո՞ւր պիտի երթան ճատրակ խաղալու, հայ երաժշտութիւն ունկնդրելու, իրենց անհոգ ժամանցը ունենալու, եւ շարքը դեռ կարելի է շա՜տ երկար շարունակել: Մտածեցի՞ր պահ մը գոնէ այդ մասին, ո՜վ անգիտակից երիտասարդ:

Ինչ որ կը վերաբերի կուսակցական պատասխանատուները քննադատելու կամ ալ անոնց ղեկավարելու ձեւին համաձայն չըլլալու երեւոյթին, այո՛, կարելի է քննադատել, եթէ խնդրոյ առարկայ անձը իր ընթացքով վնաս կը հասցնէ կուսակցութեան եւ ազգին:

Դաշնակցութիւնը սուրբերու միութիւն չէ, դասալիքներ եւ դաւաճաններ միշտ եղած են, նոյնիսկ` Քրիստափորի եւ Ռոստոմի օրերուն, սակայն անոնք միշտ զտուեցան եւ մաքրուեցան այնպէս, ինչպէս որոմը ցորենէն կը բաժնուի, եւ ՀՅԴ-ն անոնց վրայ չի խարսխուիր երբեք, այլ` միայն ու միայն նուիրեալներու անմնացորդ ծառայութեան վրայ: Անմահաձայնութեան պարագային, այո՛, կարելի է տարակարծութիւններ ունենալ, նոյնիսկ Արամի եւ Իշխանի տարողութեամբ գործիչներ տարակարծութիւններ ունեցած են եւ պարբերաբար անհամաձայն գտնուած են:

Սակայն ատիկա պատճառ չդարձաւ, որ մէկը միւսէն նեղացած, իրենց սկզբունքները եւ համոզումները մէկդի դրած` կուսակցութիւնը պախարակելու սկսին: Ընդհակառակը, իրենց իսկ տարբեր կարծիքներով աւելի հարստացուցին զիրար, նոր գաղափարներ մէջտեղ բերին եւ աւելի ամրացան իրենց դիրքերուն մէջ: ՀՅԴ-ը չէ հիմնուած, որ իր ղեկավար դէմքերը գնահատուին կամ քննադատուին, այլ ղեկավարները կոչուած են ծառայելու եւ իրենց ընթացքով ուրիշները հրաւիրելու, որ միանան գաղափարական կուռ ընտանիքին:

Հարկ է գաղափարով ներշնչուինք եւ ոչ թէ` պատասխանատու դէմքերով: Այո՛, անոնց փառք ու պատիւ կու տանք, կը յարգենք անոնց յիշատակը` գիտակցելով, որ դաշնակցական գաղափարական բագինին քուրմերը եղան անոնք, սակայն առաջնորդուինք եւ ոգեւորուինք գաղափարով միայն: Պանք Օթոմանը գրաւած Բաբգէն Սիւնիին, Արմէն Գարոյին եւ անոնց պէս միւս անձնուրացներուն փառք կու տանք, սակայն կ՛ոգեւորուինք դրամատունը գրաւելու գաղափարի յանդգնութենէն եւ անոնց հեռատես նպատակէն:

Խանասոր գացած Վարդանին, Դումանին եւ միւսներուն «անմահացած էք» կ՛ըսենք, սակայն դարձեալ արշաւանքը ծրագրած գաղափարական հասունութեամբ եւ մարտական ոգիով կը հիանանք: Ուրեմն, Դաշնակցութեան մահը տեսնող կամ անոր գաղափարի կենսունակութեան վրայ կասկածող երիտասարդ, քեզի կը դիմեմ, հաւատաւոր եւ սկզբունքները յարգող կուսակցականի կամ համակիրի համար ղեկավարութեան հետ տարակարծութիւնները չեն կրնար պատճառ դառնալ, որ գաղափարին դաւաճանեն, լքեն եւ «յուսախաբուած»-ի դիմակը երեսնին դրած` սկսին կազմակերպութիւնը սեւցնել:

Եթէ իսկապէս գաղափարին կը հաւատաս, եկո՛ւր եւ լուռ գործէ, փորձէ աշխատանքովդ օգտակար ըլլալ շուրջիններուդ, քանի որ եթէ յեղափոխական պատմութեան ծանօթ ես, պէտք է գիտնաս, որ բուն դաշնակցականի արժէքը անոր խոնարհութեան մէջ է:

Իսկ եթէ այս բոլորին հետ կապ չունիս, եթէ ՀՅԴ-ի մասին ուրիշներու բամբասանքներով «լուսաւորուած է միտքդ» եւ պարզապէս «ժամանակը սպաննելու» համար իր անիմաստ մեկնաբանութիւնները կը տեղադրես, աւելի լաւ է, որ լուռ մնաս: Ոչ ոք թող փորձուի գաղափարը հարուածել:

aztagdaily.com/archives/406537

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail