Հակառակ Մերքելի Յուսադրող Այցին Հայաստան՝ Ան Ցեղասպանութիւն Բառը Չըսաւ

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԶՐՈՅՑՆԵՐ:

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

Անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այցելեց Վրաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան: Ըստ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն՝ անոր այցը Հայաստան եւ հանդիպումները երկրի ղեկավարութեան հետ շատ կառուցողական էին: Կ՝ակնկալուի ընդլայնել հայ-գերմանական քաղաքական, մշակութային եւ առեւտրային յարաբերութիւնները: Մերքելի այցը խիստ անհրաժեշտ խթան էր Հայաստանի նոր ժողովրդավարական կառավարութեան համար:

Զգայուն հարցերէն մէկը, որուն ուշադիր կը հետեւէին ինչպէս հայերը, այնպէս ալ միջազգային հանրութիւնը՝ վարչապետ Մերքելի մեկնաբանութիւններն էին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) 2016-ին գրեթէ միաձայն ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ եւ յայտարարեց, որ «Գերմանական կայսրութիւնը մասնակի մեղսակցութիւն ունի այդ իրադարձութիւններուն մէջ»:

Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին ընդունումէն անմիջապէս ետք՝ Թուրքիան ետ կանչեց իր դեսպանը Պեռլինէն եւ սպառնաց խզել կապերը Գերմանիոյ հետ: Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ լարուած՝ տարբեր պատճառներով, սակայն կ՝ակնկալուի, որ անոնք բարելաւուին Սեպտեմբերի վերջը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Գերմանիա կատարելիք այցէն ետք:

Երեւանի մէջ Մերքել այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրաւ 1.5 միլիոն հայ զոհերու յիշատակին եւ ծառ տնկեց յուշահամալիրի տարածքին վրայ գտնուող ծառուղիին մէջ: Սակայն, Մերգել, Երեւանի մէջ խուսափեցաւ օգտագործելու ցեղասպանութիւն եզրը՝ Թուրքիոյ զանգուածային սպանութիւնները որակելով «հրէշաւոր ոճրագործութիւն հայ ժողովուրդի դէմ», որ «կարելի չէ եւ պէտք չէ մոռցուի»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր «Պունտեսթակի 2016 բանաձեւի ոգիին համահունչ»: Ան պարզաբանեց, որ կիրառուած լեզուն «քաղաքական գնահատական էր, այլ ոչ թէ իրաւական»:

Հակառակ Հայաստանի նկատմամբ Մերքելի բարեացակամութեան եւ անոր շատ դրական յայտարարութիւններուն, յոյսով եմ, որ Հայաստանի ղեկավարները անոր յիշեցուցին, որ 1.5 միլիոն հայերու ծրագրուած ոչնչացումը նկարագրելու համար իսկական եզրը «ցեղասպանութիւն»-ն է, այլ ոչ թէ պարզապէս «հրէշաւոր ոճրագործութիւն»-ը:

Հայաստանի ղեկավարները կրնային Գերմանիոյ վարչապետին տեղեկացնել գերմանական «Տոյչէ վելէ»-ի (Deutsche Welle) լրագրող Պէն Նայթի վերջին հաղորդման մասին՝ Գերմանիոյ Ռէյխի կողմէ օսմանեան թրքական զօրքերուն տրամադրուած զէնքի վերաբերեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման համար:

Համաձայն «Տոյչէ վելէ»-ի՝ ««Մաուզեր»-ը, որ Գերմանիոյ հրաձգային զէնքերու հիմնական արտադրողն էր երկու համաշխարհային պատերազմներուն, միլիոնաւոր հրացաններ եւ ատրճանակներ մատակարարած է Օսմանեան կայսրութեան, որոնք օգտագործուած են Ցեղասպանութեան մէջ՝ գերմանացի սպաներու աշխոյժ աջակցութեամբ: Բացի այդ, մէջբերելով Global Net-ի «Դադրեցուցէք զէնքի առեւտուրը» յօդուածէն, «Տոյչէ վելէ»-ն յայտարարած է, որ «թրքական բանակը նաեւ յագեցած էր Էսսենի մէջ գտնուող «Գրուփ» (Krupp) ընկերութեան արտադրած հարիւրաւոր թնդանօթներով, որոնք Թուրքիան օգտագործած է Մուսա Լերան դիմադրութեան հայ մարտիկներուն դէմ 1915 թուականին»:

Global Net-ի յօդուածի հեղինակ Վոլֆկանկ Լէնտկրեպեր գրած է, որ ««Մաուզեր»-ը իրօք հրացանի մենաշնորհ ունէր Օսմանեան կայսրութեան համար»:

«Տոյչէ վելէ»-ն բացայայտած է, որ «յօդուածին մէջ առաջին գերմանական զեկոյցներէն շատերը վերցուած են հրամանատար կոմս Էպերհարտ Վոլֆսգեհլի նամակներէն, որ 1915-ի Հոկտեմբերին կը գտնուէր հարաւարեւելեան թրքական Ուրֆա քաղաքին մէջ: Ուրֆան զգալի թիւով հայերու բնօրրանն էր, որոնք դիմադրութեան կէտեր ստեղծած էին իրենց տուներուն մէջ՝ ընդդէմ թրքական հետեւակի: Վոլֆսգեհլ կը ծառայէր իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան 4-րդ բանակի հրամանատարի տեղակալ Ֆախրի Փաշայի շտաբի պետ եւ այդ պաշտօնին էր զայն ամրապնդելու համար»:

Մայոր Վոլֆսկեհլ, իր կնոջ գրած նամակին մէջ, անամօթաբար պարծեցած է գերմանական զօրքերուն կողմէ Ուրֆայի մէջ հայերու սպանութիւններով. «Անոնք (հայերը) կը գտնուէին եկեղեցիէն հարաւ գտնուող բազմաթիւ տուներու մէջ: Երբ մեր հրետանին հարուածեց տուները, այնտեղ գտնուող շատ մարդիկ եւ միւսները փորձեցին պատսպարուիլ եկեղեցւոյ մէջ: Սակայն… անոնք ստիպուած էին եկեղեցին շրջանցել եկեղեցւոյ բակով: Մեր հետեւակը բակի ձախ կողմէն արդէն հասած էր տուներուն եւ սպաննեց եկեղեցւոյ բակէն փախչող մարդոց: Ընդհանուր առմամբ, հետեւակը, որ օգտագործեցի հիմնական յարձակման ժամանակ… լաւագոյնս արդարացուց ինքզինք»:

Լէնտկրեպեր նաեւ տեղեկացուցած է, որ «մինչ գերմանական ընկերութիւնները զէնք կը մատակարարէին, իսկ գերմանացի զինուորները՝ փորձագիտական խորհրդատւութիւն, թէ ինչպէս օգտագործել զանոնք, գերմանացի սպաները նաեւ գաղափարական հիմքեր կը դնէին» Հայոց Ցեղասպանութեան համար:

Գերմանական ռազմածովային կցորդ, գերմանա-թրքական սպայական բաժանմունքի անդամ եւ Օսմանեան կայսրութեան ռազմական նախարար Էնվէր փաշայի մտերիմ Հանս Հիւմէն գրած է. «Հայերը, ռուսերու հետ ունեցած իրենց դաւադրութեան պատճառով, պէտք է քիչ թէ շատ ոչնչացուին: Ատիկա դժուար է, բայց օգտակար»:

Բացի այդ, Լէնտկրեպեր իր զեկոյցին մէջ գրած է «բրուսական զօրավար-հրամանատար Գոլմար Ֆրիհեր վոն տեր Կոլցի մասին, որ 1883-ին օսմանեան պալատի համար կարեւոր ռազմական խորհրդական դարձած էր եւ ինքզինք իբրեւ լոպպիստ կը տեսնէր գերմանական ռազմական արդիւնաբերութեան համար եւ կ՝աջակցէր թէ՛ «Մաուզեր», թէ՛ «Գրուփ» ընկերութիւններուն՝ թրքական գնումները ապահովելու իրենց ջանքերուն: (Անգամ մը ան պարծեցած է իր օրագրութեան մէջ. «Կրնամ պնդել, որ առանց ինծի, (թրքական) բանակի աւերազինումը գերմանական տարբերակներով տեղի չէր ունենար»): Կոլցը «օգնեց համոզելու Սուլթանին՝ փորձելու եւ մէկընդմիշտ վերջ դնելու հայկական հարցին…»:

Վերոնշեալ մէջբերումները կը հաստատեն Պունտեսթակի 2016-ի բանաձեւով ընդունումը, որ Գերմանիան մեղսակից է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոհագիմ Կաուգի կողմէ Գերմանիոյ «համատեղ պատասխանատւութեան» ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան համար: Գերմանիոյ վարչապետ Մերքել, շատ լաւ տեղեկացուած ըլլալով այս փաստերուն մասին, պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանէր իր իսկական անունով՝ Ցեղասպանութիւն…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail