Արցախի Դիրքերը Ռմբակոծած Իսրայէլեան Ընկերութիւնը Կրնայ Ամբաստանուիլ

Արցախի սահմաններէն ներս ինկած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին, Իսրայէլի պետական դատախազութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պահանջով՝ անօդաչու թռչող սարքերով Արցախի մէջ հայկական դիրքեր ռմբակոծած իսրայէլեան «Aeronautics Defense Systems» ընկերութեան ներկայացուցիչները հաւանաբար պաշտօնապէս պիտի ամբաստանուին՝ այդ մասին վկայութիւն տալու հրահանգին ենթարկուելէ ետք։

Յիշեցնենք, որ այս անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեամբ զբաղող նշեալ իսրայէլեան ընկերութեան պաշտօնեաները, անցեալ տարի, իրենց արտադրութիւններու փորձարկման ժամանակ, Ատրպէյճանի պահանջով յարձակած էին հայկական դիրքերու վրայ:

Իսրայէլի պետական դատախազութեան տնտեսական գործերով զբաղող վարչութիւն հրաւիրուած են ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ամոս Մաթան, գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Մայիր Ռազմովիչ, զարգացման հարցերով տնօրէն Հայիմ Հիվաշար եւ շուկայական հարցերով տնօրէն Տէյվիտ Կոլտին:

Դատախազութեան վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարուած է մօտաւորապէս մէկ տարի տեւած հետաքննութեան հիման վրայ, որ կայացած էր համագործակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան միջազգային յանցագործութիւններու հետաքննութեան ստորաբաժանումին, պաշտպանութեան նախարարութեան հետաքննական ստորաբաժանումին եւ դատախազութեան:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ ընկերութեան ներկայացուցիչները խախտած են պաշտպանական արտադրանքի արտածման մասին օրէնքի դրոյթները, ուր կը շեշտուի, որ նման յարձակումներու համար յատուկ արտօնութիւն հարկաւոր է ապահովել Իսրայէլի կառավարութենէն։

Ընկերութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են, թէ իրենց տալիք վկայութեան ընթացքին պիտի ներկայացնեն իրենց դիրքորոշումը՝ պնդելով, որ այդ վկայութեան հիման վրայ դատախազութիւնը պիտի որոշէ, թէ ընկերութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն նկատմամբ մեղադրանք առաջադրելու որեւէ հիմք չկայ:

asbarez.com/arm/323983/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail