Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը ներկայ կառավարութեան ամենաերիտասարդ նախարարն է: 1918-ի անկախութենէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւէ աւելի երիտասարդ նախարար ունեցա՞ծ է արդեօք, վստահ չեմ: Երբ Մայիսին 27-ամեայ Մխիթար Հայրապետեանը նախարար նշանակուեցաւ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ շատ շատեր չէին լսած իր անունը: Նորանշանակ նախարարին դէմքը, սակայն, ծանօթ էր շատերուն: Ան յեղափոխութեան ամենաշխուժ երիտասարդ ղեկավարներէն էր, Նիկոլ Փաշինեանի կողքին էր՝ գրեթէ ամէնուր: Քիչեր գիտէին նաեւ, որ ան էր Գիւմրիէն քայլարշաւով Երեւան գալու գաղափարին հեղինակը:
Այսօր, Մխիթար Հայրապետեանին վստահուած է համայն հայութեան համար շատ կարեւոր պետական պաշտօններէն մէկը՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը:
Այս օրերուն, եթէ Սփիւռքի նախարարութիւն այցելէք, երիտասարդական շունչը պիտի զգաք ոչ միայն նախարարի գրասենեակին, այլ նաեւ յարակից բոլոր գրասենեակներուն մէջ:
Երիտասարդական խանդավառութիւնը վարակիչ է նախարարութեան բոլոր բաժանմունքներուն մէջ: Ոգեւորիչ է նաեւ Սփիւռքահայերու ներկայութիւնը նախարարութեան մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով, Սփիւռքի նախարարը ունի անկախութեան տարիներուն Հայաստան տեղափոխուած Սփիւռքահայ փոխ նախարար եւ օգնական, ինչպէս նաեւ Սփիւռքահայ խորհրդական:
Մխիթար Հայրապետեանը շատ կարճ ժամանակի ընթացքին արդէն կրցած է ահագին գիտելիք եւ տեղեկութիւն հաւաքել դասական եւ յետխորհրդային Սփիւռքի մասին: Գիտէ արդէն Սփիւռքի տարբեր գաղութներու առանձնայատկութիւնները, տեղեկացուած է դերակատարներուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, կառոյցներուն եւ այլնի մասին…
Երկուշաբթի օր, նախարարին հետ շատ հաճելի հանդիպումի մը ընթացքին խօսեցանք հայրենիքը եւ Սփիւռքը յուզող բազմաթիւ թեմաներու մասին: Ըսեմ, որ նախարարը հայրենադարձութեան ամենամեծ ջատագովներէն մէկն է Նոր Հայաստանի մէջ: Ան սակայն միաժամանակ կը հաւատայ, որ հայրենադարձութիւն անպայման չի նշանակէր սփիւռքեան քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ այլ կառոյցներու անտեսում:
Ընդահակառակը, Մխիթար Հայրապետեան կը պնդէ, որ Սփիւռքեան բոլոր կառոյցները պէտք է աւելի՛ հզօրանան եւ հզօր հայրենիքի հետ փոխօգնութեան եւ սերտ համագործակցութեան ճամբով, հայութեան շահերու պաշտպանութիւնը ապահովեն ոչ միայն հայրենիքի, այլեւ աշխարհի բոլոր այն վայրերուն մէջ, որտեղ հայեր կ’ապրին: միաժամանակ, կը պնդէ նախարարը, հայերու հայրենիքը Հայաստանն է, եւ հայրենիքն է հայութեան գոյատեւման ու զարգացման կռուանը, հայութեան մշակոյթի օրրանը, բոլո՛ր հայերուն տունը անխտիր: Տունն է ան բոլո՛ր հայերուն, անկախ անկէ, թէ իւրաքանչիւր հայ քաղաքական ինչ համոզում ունի, կրօնական որ համայնքին կը պատկանի կամ անկախ անկէ, թէ հայախօս է կամ արաբախօս, ռուսախօս է կամ անգլիախօս: Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու տունն է ու վերջ, կը շեշտէ նախարարը:
Ուրեմն, Հայաստանը զօրաւիգ պէտք է կանգնի եւ աջակցի իւրաքանչիւր հայու, որ կը ձգտի կամ կը նպատակադրէ հայրենիք տեղափոխուիլ: Սա նաեւ առաջնահերթութիւն է նախարարութեան քաղաքականութեան մէջ: Եթէ Հայաստանը հայութեան տունն է, ուրեմն հոգատար ծնողքի նման իր դուռները պէտք է լայն բանայ բոլոր հայերուն առջեւ, եւ պէտք է ձեռք մեկնէ բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն տուն վերադառնալ իբրեւ հայրենադարձ, կամ տուն գալ իբրեւ այցելու, իբրեւ գործարար, իբրեւ արհեստավարժ, իբրեւ ժամանակաւոր կամ երկարաժամկէտ աշխատող, իբրեւ ուխտաւոր կամ միութենական աշխատանքներու ու միջոցառումներու մասնակից:
Հաճելի էր նաեւ լսել, որ նախարարը արեւմտահայ մշակոյթի եւ արեւմտհայերէնի գոյատեւման եւ պահպանման սկզբունքի հաւատացողն է, եւ իր նոր մշակուող նպատակներուն մէջ կ’ուզէ նաեւ յատուկ տեղ յատկացնել այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին եւ աջակցիլ բոլոր այն կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք արեւմտահայերէնի պահպանութեան, տարածման եւ ուսուցման աշխատանք կը տանին:
Այս սկզբունքներէն մեկնելով, նախարարութիւնը կը մշակէ իր ռազմավարական երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ծրագիրները, որոնք մօտիկ ապագային կը հասնին իրենց աւարտին:
Նախարարին հետ զրուցելը հաճոյք է, իսկ անոր թարմ շունչը, նորարար մտքերը, առոյգութիւնն ու աշխուժութիւնը վարակիչ են եւ ոգեւորող, մանաւանդ՝ մետալներու աջ ու ձախ բաշխումի թատրոններէն, դրամատնային հազար տոլարանոց հաշիւներ բանալու կոչերէն, կամ՝ «դուն ի՞նչ ըրած ես Արցախի համար» պաստառներով հայրենասիրութեան քարոզներէն յուսախաբ ու ձանձարացած հայերուն համար:
նկարին մէջ՝ Նախարարը և իր օգնական Vagharshak Վաղարշակ Յակոբեանը։
Ռաֆֆի Տուտագլեան