«Իսքենտէրունը Սուրիոյ կը պատկանի», կը յայտարարէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը

30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ:

«Հորիզոն».- Յորդանանեան Menafn (The Middle East North Africa Financial News) լրատուական կայքէջը օգոստոս 29-ին հրապարակուած լրատուութեամբ մը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալէմ Լաթաքիոյ շրջանի Սամրա գիւղը այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ Սուրիան պիտի վերատիրանայ ֆրանսական գաղութատիրութեան ժամանակ Թուրքիոյ կցուած սուրիապատկան Իսքէնտերուն նահանգին։

«Մեր հողն է եւ ուզեն թէ չուզեն պիտի վերադառնանք հոն», յայտարարած է Մոալէմ։ Ըստ Diken news կայքէջին՝ վերոնշեալ յայտարարութեան տեսանիւթը նկարահանած է Ալ Ժազիրայի լրագրող Սաատ Ապըտինը։ Տեսանիւթը տարածուած է ընկերային ցանցերու միջոցով։

1939-ին ֆրանսական գաղութատիրական իշխանութիւնները Սուրիոյ Իսքենտէրունի նահանգը յանձնեցին Թուրքիոյ։ Տարածքը այժմ կը կոչուի Հաթայ եւ հոն կը գտնուին պատմական Մուսա լեռն ու հայաբնակ Վագըֆ գիւղը։

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail