30 Օգոստոսի 2018 – Յուշատետր ԱՆԴՐԱՆԻԿ (Օզանեան, 1866-1927)
Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք, գետինք տենչավառ,
Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէ դար,
Հսկայ լերինք քեզ ապաստան, Անդրանիկ։
30 Օգոստոսի այս օրը, 91 տարի առաջ, Մ. Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, բոցավառ իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներու առասպելատիպ Քաջն ու Հերոսը՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ։
Շատ է գրուած ժամանակակից հայոց պատմութեան եզակի ու արծուեթռիչ այս Հսկային մասին, որ 1890ականներու վերջերուն Սասնոյ լեռներէն սկսաւ սաւառնիլ հայոց երկնակամարին վրայ, արժանաւորապէս խորհրդանշեց հայ ժողովուրդին մարտական ցայտուն արժանիքները՝ քաջութիւնն ու խիզախութիւնը, յանդգնութիւնն ու անձնազոհութիւնը, ռազմունակութիւնն ու տոկունութիւնը, քսաներորդ դարու առաջին քսանամեակի հայոց դարակազմիկ բոլոր վերիվայրումներուն վրայ դրաւ իր անջնջելի դրոշմը եւ… Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն ետք հեռացաւ Հայաստան Աշխարհէն՝ հեռաւոր Ֆրեզնոյի ցուրտ հողին մէջ իր վերջնական անդորրը գտնելու համար…
Վախճանեցաւ՝ «Գործս կէս մնաց»… տրտունջը շրթներուն։
Շատ է գրուած եւ տակաւին շատ ու շատ պիտի գրուի Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիւին մասին, որ անլռելի երգ դարձաւ նախ նոյնինքն հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերու շրթներուն։ Բանաստեղծներէն առաջ ժողովրդային մեր աշուղները վանկ առ վանկ հիւսեցին փառքը քաջ ֆետայիի, անձնուրաց յեղափոխականի եւ համազգային հերոսի ինքնատիպ մարմնաւորումը հանդիսացած այս մեծ Դաշնակցականին, որ ինչպէս Աւետիս Ահարոնեան պիտի ընդգծէր անզուգական հայդուկապետին ու անվիճելի զօրավարին մահուան առիթով գրուած իր մենագրութեան մէջ՝
«Անդրանիկ հայ ժողովրդի համար անհատ չէ, այլ մարմնացումն է մի հզօր ու անսասան գաղափարի։ Եւ իբրեւ այդպիսին՝ նա ժողովրդի երեւակայութեան մէջ անանձնացած, դիւցազնական է։ Կուռք է Անդրանիկը, զոր մեր ժողովուրդն է կռել, կոփել ու քանդակել համապատասխան իր դարաւոր իղձերի, ձգտումների, ամբողջ իր իտէալին, արդարութեան եւ իրաւունքի ծարաւ իր հոգու պահանջներին։
«- Անդրանիկ գերազանցօրէն յեղափոխական էր։ Ըմբոստացած հողի ցասումն ու ընդվզումը։
«Եւ հէնց դրա համար է, որ հողի ու քրտինքի մարդիկ այնպէս պինդ սիրեցին նրան։
«Առաջնորդ, շէֆ էր ծնուած Անդրանիկ։ Ամէն տեղ ու ամէն պարագաներում Անդրանիկ մնում էր տիրական, իշխող ու հրամայող։
«- Կուսակցութեան չէր կարող տոկալ Անդրանիկ, թէեւ ոտքից գլուխը դաշնակցական էր։ Աւելի՛ն կ’ասեմ. նա կուսակցութիւն բնաւ չէր էլ հասկանում, աւելի եւս՝ պետականութիւն, որի մասին շատ թիւր ըմբռնում ունէր»…
Շատ է գրուած նաեւ ու մանաւանդ Դաշնակցութենէն «խռոված» բաժնուելու եւ իբրեւ այդպիսին աչքերը փակելու Անդրանիկի վերջին տարիներու ողբերգութեան մասին։
«Քաջ Անդրանիկ»ի մահուան 91ամեակին նուիրուած յուշատետրի այս էջով հարկ չկայ վերաբանալու այդ դառն թղթածրարը, որովհետեւ՝
Նախ՝ ինչպէս Հրաչ Տասնապետեան կ’ընդգծէ, Դաշնակցութենէն անդին՝ «Հայաստանի անկախութեան օրերուն անհամաձայնութիւններ կ’ունենայ Հանրապետութեան կառավարութեան հետ եւ կ’անցնի արտասահման»…
— Ապա՝ ինչպէս Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, «Անդրանիկ խռոված մեռաւ Դաշնակցութեան հետ։ Վերջինը չպատասխանեց Անդրանիկի կողմէ եղած վիրաւորանքներուն եւ միշտ պահեց իր գուրգուրանքը հերոսին հանդէպ։ Անդրանիկի ամբողջ կեանքը անքակտելի կապերով միացած է Դաշնակցութեան պատմութեան հետ»։
— Վերջապէս եւ ամէնէն կարեւորը, ինչպէս որ Շաւարշ Միսաքեան պիտի նշէր 1928ի Յունուար 29ին, «Յառաջ»ի էջերուն, Անդրանիկի աճիւններուն Ֆրանսա տեղափոխութեան եւ Փէր Լաշէզի մէջ թաղման առիթով՝ «Հերոսը որ կը թաղուի այսօր, օտար հողի վրայ, ունեցաւ փառքի եւ դառնութեան օրեր։
«Փառք՝ Հայաստանի լեռներուն վրայ, «իբրեւ արծիւ»։ Դառնութիւն՝ քաղաքի մէջ, իբրեւ զէնքը վար դրած մարդ, որ ակռայ կը կրճտէ, գործը կիսատ մնալուն համար։
«… Զինքը չհասկցողները ուզեցին իբրեւ դրամագլուխ ծառայեցնել իր վրիպումները։ Մինչեւ այսօր ալ, այդ լպրծուն գետնին վրայ կեցեր են, առանց ըմբռնելու որ ատով ոչ թէ կը բարձրացնեն, այլ կը փոքրացնեն հերոսը»…։
Ամէն պարագայի, Անդրանիկ վերապրեցաւ Ազատութեան Ճանապարհին իր դիմագրաւած բոլոր վտանգներէն, օրհասական ճակատումներէն եւ մահուան հետ անողոք «հանդիպումներէն», բայց ահա այդպէ՛ս, սուրը ետ պատեանին մէջ դրած եւ Հայաստան ղրկած՝ առասպելական հերոսներու տիեզերական օրինակով, իր կարգին մահուան յանձնուեցաւ ռազմի դաշտերէն հեռու, այլեւ՝ հայրենի հողէն հեռու եւ շա՜տ հեռու…
1866ին Շապին Գարահիսար, համեստ ատաղձագործի մը ընտանեկան յարկին տակ ծնած Անդրանիկ Օզանեանը ծնունդով ճակատագրուած էր, կարծէք, մարմնաւորելու հայ ժողովուրդին արդի ժամանակներ մուտք գործելու խոյանքը։ Ունեցաւ համեստ ծագում, ապրեցաւ պարզ հայու կեանքով, ուզեց արդար վաստակով ապահովել իր օրաւուր հացը, բայց շարունակաբար դէմ յանդիման գտնուեցաւ թրքական բռնատիրութեան եւ կեղեքումին, հայաջինջ խորշակին եւ թրքամոլ խաւարամտութեան։
Հազիւ երիտասարդ էր, 18 տարեկան, երբ հայոց աւանդական օրէնքով ամուսնացաւ, բայց դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր կինը եւ, այնուհետեւ, ամբողջովին կապուեցաւ իր ազգին։
Հայոց յեղափոխական զարթօնքը վարակած էր նաեւ Շապին Գարահիսարի հայութիւնը եւ Անդրանիկ փարեցաւ տեղւոյն Վռամշապուհ քահանայի (որ հետագային պիտի դառնար Փարիզի հայոց առաջնորդ) կազմած յեղափոխական գաղտնի խմբակին։ Մատնութեան մը հետեւանքով խմբակը գաղտնազերծուեցաւ, իսկ անդամները ձերբակալուեցան։ Երիտասարդ Անդրանիկ կարճատեւ բանտարկութենէ ետք ազատ արձակուեցաւ, անցաւ Պոլիս, ուր ատաղձագործի աշխատանքով իր կեանքը կ’ապահովէր եւ, միաժամանակ, պանդուխտ հայ երիտասարդներու մօտ, ազգային-յեղափոխական շունչով ինքնակազմակերպման աշխատանք կը ծաւալէր։ Այդպէ՛ս մասնակցեցաւ 1895ի Պապը Ալիի մեծ ցոյցին, որուն անփառունակ վախճանէն ետք անցաւ Կովկաս, ծանօթացաւ եւ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան։ Երկիր մտնելու եւ յեղափոխական բուն գործին նուիրուելու կրակով կ’այրէր նաեւ Անդրանիկ, որ 1897ի Յուլիսին, պարսկական սահմանէն Վան անցնող Վազգէնի եւ Գուրգէնի խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր մտաւ Երկիր, անցաւ Սասուն եւ իր ճակատագիրը կապեց Տարօն Աշխարհին։
Շատ կարճ ժամանակի մէջ հաստատուեցաւ Անդրանիկի հռչակը՝ իբրեւ քաջ ֆետայի, խիզախ մարտիկ եւ յանդուգն ռազմիկ, որ թէ՛ կազմակերպական բնատուր տաղանդ ունէր, թէ՛ ռազմական վտանգաւոր պահերը դիմագրաւելու բացառիկ ընդունակութիւն։ Իսկ ժողովուրդի զաւակի իր նկարագրով, ընկերային բնաւորութեամբ եւ պարզութեամբ՝ Անդրանիկ անմիջապէս դարձաւ սասունցի թէ Հայաստան Աշխարհի տարբեր շրջաններէն Սասուն փութացած հայ յեղափոխականներու սիրելին ու վստահելին։
Սերոբ Աղբիւրի մատնութենէն եւ անարգ գլխատումէն ետք, Անդրանիկ իր ընկերներով լուծեց Սերոբի վրէժը, գլխատեց Պշարա Խալիլը եւ, այնուհետեւ, Սասնոյ յեղափոխական կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ՝ Վահանի, Հրայր Դժոխքի, Գուրգէնի, Գէորգ Չաւուշի եւ անուանի հայ ֆետայիներու կողքին, Անդրանիկ մեծ ներդրում ունեցաւ, յատկապէս Առաքելոց Վանքի պատմական կռուին հերոսութեան իր հռչակը նուիրագործելով։
Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան, Անդրանիկ ընտրուեցաւ զինուորական ընդհանուր հրամանատար եւ ամբողջապէս արդարացուց իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ Ոչ միայն հրաշքներ գործեց կռիւներու ընթացքին, այլեւ մեծ ռազմագէտի հնարամտութեամբ ղեկավարեց ֆետայիներու Սասունէն հեռացումը դէպի Վան եւ պարսկական սահման, երբ նահանջի որոշումը կայացուցին Տարօնի եւ Վասպուրականի յեղափոխական շարժման ղեկավարները, Աղթամար կղզիի վրայ իրենց մեծ խորհրդակցութեան ժամանակ։
Այնուհետեւ հայ ժողովուրդի աստանդական կեանքին բաժնեկիցը դարձաւ Անդրանիկ, որուն անունն ու քաջագործութիւնները առասպելականացուցած էին արդէն հայ աշուղներն ու գրողները։ Հայ ժողովուրդի աչքին Անդրանիկ մարմնաւորեց հայոց Ազատամարտը եւ այդ հռչակով ու դափնեպսակով՝ ո՛ւր որ ալ գնաց, Եգիպտոս, Ժընեւ թէ Պուլկարիա, ամէնուր Անդրանիկ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մարտական ղեկավարի՝ դաշնակցական հայդուկապետի իր կոչումին։
Իբրեւ այդպիսին մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ մեծ ներդրում ունեցաւ հայ ազատագրական շարժումը արեւմտահայու եւ արեւելահայու պառակտումէն փրկելու եւ Դաշնակցութիւնը աւելիով միակամ ու հզօր վերականգնելու դժուարին գործին յաջողութեամբ պսակումին մէջ։ Իբրեւ այդպիսին իր ղեկավար մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պուլկարիոյ մէջ Հ.Յ.Դ. Զինուորական վարժարանի ստեղծման ու կազմակերպման մէջ՝ Ռոստոմի կողքին։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան նկատմամբ թերահաւատութեան դրօշ պարզող առաջին դաշնակցականներէն եղաւ Անդրանիկ, որ ի տես Իթթիհատի հետ Դաշնակցութեան սկզբնական գործակցութեան՝ նաեւ հրապարակաւ ու ցուցադրականօրէն Դաշնակցութենէն հեռացաւ, բայց միայն ժամանակաւորապէս, որովհետեւ երբ 1913ի Պալքանեան Պատերազմին Դաշնակցութիւնը դիմեց իր հայդուկապետին, Անդրանիկ անվերապահօրէն լծուեցաւ հայկական գունդի կազմութեան՝ պուլկարներու կողքին պատերազմի դաշտ իջնելու եւ անվիճելի զօրահրամանատարի իր կարողութիւնները վերջնականապէս նուիրագործելու համար։
Այնուհետեւ զօրահրամանատարի ասպարէզ մը եղաւ Անդրանիկի կեանքը։ Դաշնակցութեան հետ գաղափարական իր պորտակապը անխզելի պահելով հանդերձ՝ Անդրանիկի մէջ զօրահրամանատար գործիչը շարունակ բախման մէջ եղաւ դաշնակցական կազմակերպական գործիչին հետ. հակադրուեցաւ օրուան մարմիններու քաղաքական որոշումներուն եւ կազմակերպական տնօրինումներուն. ընդհանրապէս թերահաւատութեամբ եւ վերապահութեամբ մօտեցաւ Թիֆլիս կեդրոնացած ղեկավարութեան քայլերուն եւ կարգադրութիւններուն։ Բայց երբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոն պաշտօնապէս դիմեց արդէն ազգային հերոս Անդրանիկին, ոպէսզի իր ղեկավար դերը ստանձնէ 1915ին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպման մէջ, Անդրանիկ անվարան ընդառաջեց եւ ստանձնեց Կամաւորական Առաջին Գունդի հրամանատարութիւնը։
Մեծ Զօրավարի գործունէութեան տարիներ եղան, մինչեւ 1920 թուականը եւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, Անդրանիկի ոգորումները ռազմադաշտերուն վրայ։ Յատկապէս Դիլմանի ճակատամարտը պատմական նշանակութեամբ դափնեպսակ կազմեց Անդրանիկ Զօրավարի զինուորական կեանքին մէջ՝ դաշնակցական ֆետային եւ հայոց ազգային հերոսը արժանացնելով ցարական բանակի սպայակոյտին բարձրագոյն գնահատանքին։
Բայց 1917ի Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ սկսած ռուս-թրքական ռազմաճակատի ընդհանուր փլուզումը իր ծանրագոյն անդրադարձը ունեցաւ ինչպէս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի, նոյնպէս եւ Անդրանիկի ազգանուէր գործունէութեան վրայ։ Յատկապէս Կարնոյ մէջ իր ռազմական ձախողութենէն եւ քաղաքի պարպումէն ետք, Անդրանիկ մատնուեցաւ ներքին անդոհանքի, որ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ հակասութիւններու, ինքնահաստատման եւ ինքնաժխտումի ծանր պահեր ստեղծելով աննման Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին :
Բնաւ չընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը. Հայաստանի անկախ պետականութեան ստեղծումը «թուրքերու նուէրը» հռչակողներէն եղաւ. նոյնիսկ Երեւանի վրայ յարձակելու սպառնալիք ալ ըրաւ… Բայց մինչեւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, որ ի դէպ Դաշնակիցներու՝ անգլիական բանակի հրամանատարութեան ցուցմունքով կատարուեցաւ, Անդրանիկ իր կամաւորներով փութաց հոն, ուր թրքական վտանգ կար։ Զանգեզուրը, իբրեւ այդպիսին, հանդիսացաւ թրքական զօրքի դէմ հայոց պաշտպանութեան վերջին ռազմաճակատը Անդրանիկի երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին։
Արտասահման անցնելով՝ Անդրանիկ ամբողջապէս շրջապատուեցաւ հայ ունեւոր եւ պահպանողական խաւին կողմէ։ Պօղոս Նուպար փաշայի կնքահայրութեամբ ամուսնացաւ ալ։ Գրեց եւ խօսեցաւ Դաշնակցութեան դէմ, որ սակայն երբեք հանդէս չեկաւ անվիճելի իր զաւկին դէմ, ընդհակառակն՝ միայն հասկացողութեամբ ու ներողամտութեամբ հետեւեցաւ անոր ներքին տուայտանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անողոք ճակատագրին հարազատ ու դառնագոյն ցոլացումն էր Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին վրայ իշխող այդ ամբողջ անդոհանքը։
Ահա այդպէ՛ս Անդրանիկ իրեն նուիրուած մեծահռչակ «Սուրը» նուիրեց Հայաստանի խորհրդային կառավարութեան, լծուեցաւ Հայրենիքի օգնութեան հասնելու եւ արտերկրի հայ տարագիրներու կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու գործին։ Անցաւ ու հաստատուեցաւ Ֆրեզնօ, ուր եւ չդիմացաւ այլեւս տարիներու ընթացքին զինք տառապեցուցած սուր յօդացաւերուն։
Հազիւ 61 տարեկան էր Դաշնակցական Ֆետային, Հայոց Զօրավարն ու Ազգային Հերոսը, երբ 30 Օգոստոս 1927ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։ Ֆրեզնոյի ցուրտ հողէն իր աճիւնները փոխադրուեցան Փարիզ եւ ազգային մեծ շուքով ամփոփուեցան Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը։ Հակառակ հայրենիքի մէջ թաղուելու Անդրանիկի կտակին՝ ատենին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին կատարել Անկրկնելի Հայուն կտակը եւ միայն 2000ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, Անդրանիկ իր արժանի տեղն ու վերջնական հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ։
Հայոց Ազատամարտի անպարտելի Արծիւին յիշատակին՝ այսօր չենք կրնար չյիշել յատկապէս Սիամանթոյի «Հայորդիները» շարքին Անդրանիկի նուիրուած դիպուկ պատգամը.
«Խօսեցաւ ինծի ան եւ իր բառերը իրարու ետեւէ եւ կարգ առ կարգ
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինախոյզ եւ առնական…
«Ոտքի՛ կեցի՛ր այն ատեն, եղբայրացի՛ր խումբերուս եւ մրրկուէ՛ անոնց հետ,
Որովհետեւ գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն
Մեր ամէն մէկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն»…
Անզուգական Անդրանիկ այդպիսի՛ վատագոյն վախճան ունեցաւ, որովհետեւ ռազմի դաշտէն չհեռացաւ վահանով կամ վահանի վրայ, այլ հեռաւոր Ֆրեզնոյի մէջ եւ փափուկ սնարի վրայ իր անզօր կատաղութեամբ մաշեցաւ, հանգեցաւ ու Փէր Լաշէզի պանթէոնին մէջ Ազգային Հերոսի փառքով… դամբարան ունեցաւ։
Դարձեալ Շաւարշ Միսաքեանի բառերով՝ «Անդրանիկը թաղելով Փէր Լաշէզի մէջ, կաղնեփայտէ սնտուկով, մեր ուխտը պիտի ըլլայ ոչ թէ ցուցադրել զայն իբրեւ հին փառքի ամուլ յիշատակարան մը, ինչպէս Լեւոն Լուսինեանը, այլ իբրեւ կենդանի մասունք մը, որ ուժ եւ հաւատք պիտի կաթեցնէ թմրութեան դատապարտուած հոգիներուն մէջ։
«Իր դամբարանը պէտք է դառնայ ներշնչարան մը, որպէսզի աւելի ամուր քալենք դէպի Անդրանիկներու երազը,- դէպի հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութիւնը»։
Այսօր արդէն իր պաշտած Հայաստան Աշխարհին գիրկը վերադարձած է 30 Օգոստոս 1927ին վախճանած Սասնոյ Արծիւը, որ իր սերունդին հետ մարմնաւորեց երազը ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան ազատութեան եւ անկախութեան:
Երազ՝ որուն հասնելու երթը կը շարունակուի։
Պիտի՛ շարունակուի։
azator.gr/?p=10926