Ե­րա­զի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը – ՎԻԳԷՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

31 Օգոստոսի 2018 – Ե­րա­զի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը:

Փոքր տա­րի­քէն՝ բո­լորս կը լսենք ­Սուրբ ­Լե­րան մը մա­սին: Այն լե­րան՝ ո­րուն վրայ կանգ ա­ռաւ Նո­յի տա­պա­նը: Այն լե­րան՝ ո­րուն նկա­րը ոե­ւէ հայ՝ աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն, ե­թէ տես­նէ՝ ան­մի­ջա­պէս կը ճանչ­նայ: ­Շատ ճի՛շդ: ­Մեծ ­Մա­սի­սը, կամ ինչ­պէս բո­լորս կ­՝ա­նո­ւա­նենք՝ Ա­րա­րատ լե­ռը: Ա­րա­րա­տը՝ որ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գտնո­ւի թրքագ­րա­ւեալ ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րուն վրայ:

2002ին, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, գտնո­ւե­ցայ ­Հա­յաս­տան՝ մաս­նակ­ցե­լու 7րդ ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան բա­նա­կու­մին: Այդ օ­րե­րուն այ­ցե­լե­ցինք ­Խոր ­Վի­րապ: Երբ գլուխս վեր­ցու­ցի, դի­մացս տե­սայ Ա­րա­րատ լե­ռը: Այն­քան մօտ էր՝ սա­կայն միա­ժա­մա­նակ այն­քա՜ն հե­ռու: Ու­րեմն ինք­զին­քիս խոս­տա­ցայ, որ օր մը պի­տի բարձ­րա­նամ ու զե­տե­ղեմ հայ­կա­կան դրօ­շը իր գա­գա­թին:

20 ­Փետ­րո­ւար 2018, ժա­մը մօ­տա­ւո­րա­պէս 17:30ին հե­ռա­ձայնս հնչեց: Օ­տար թիւ մըն էր: Պա­տաս­խա­նե­ցի: Եղ­բայրս՝ ­Ռու­բէնն էր՝ Ե­րու­սա­ղէ­մէն:

— «­Պատ­րաս­տո­ւիր»՝ ը­սաւ,- «ժա­մը հա­սաւ»:
— «Ո՞ր ժա­մը»՝ հար­ցու­ցի:
— «Ա­րա­րատ լե­ռը բարձ­րա­նա­լու ժա­մը»՝ պա­տաս­խա­նեց:

Փոքր դա­դա­րէ մը ետք ը­սի՝

— «­Տա­րի­նե­րէ ի վեր պատ­րաստ եմ եղ­բայր»:

Սր­տիս զար­կը ա­րա­գա­ցաւ: Այն­քան ու­րախ եւ հպարտ էի, սա­կայն միա­ժա­մա­նակ մտա­հոգ, թէ պի­տի կա­րո­ղա­նա­յի՞ մագլ­ցիլ մին­չեւ գա­գաթ: 5137մ. բար­ձունք:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան 100ա-­մեա­կին ա­ռի­թով, 9-14 ­Յու­լիս 2018ին, կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ քայ­լար­շաւ դէ­պի Ա­րա­րատ լեռ, ինչ­պէս նաեւ այ­ցե­լու­թիւն­ներ՝ թրքագ­րա­ւեալ մեր հո­ղե­րուն վրայ գտնո­ւող տար­բեր քա­ղաք­նե­րու: 21 Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­ներ, աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն, ժա­մադ­րուե­ցանք ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 5:00ին, Ե­րե­ւա­նի հրա­պա­րա­կը: Ինք­նա­շարժ ե­լանք ու մեր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը սկսաւ: ­Ճամ­բու ըն­թաց­քին՝ հայ­կա­կան եր­գեր լսե­լով ու եր­գե­լով կ­՚ո­գե­ւո­րո­ւէինք: ­Չորս ժամ ետք հա­սանք Վ­րաս­տա­նի սահ­մա­նը: ­Մօտ մէկ ժամ ետք, հե­ռո­ւէն ե­րեւ­ցաւ թրքա­կան դրօ­շա­կը: ­Մէջս զայ­րոյթ մը զգա­ցի, սա­կայն ինք­զինքս հան­դար­տե­ցու­ցի՝ յի­շե­լով ­Թուր­քիա մտնե­լուս նպա­տա­կը:

Ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը ե­ղաւ ­Կար­սի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, սա­կայն փո­խա­րի­նո­ւած մզկի­թի մը: Սրտ­նե­ղու­թիւ­նը եւ զայ­րոյ­թը դար­ձեալ ո­ղո­ղե­ցին հո­գիս: ­Քիչ մը ան­դին, մեր ան­մահ բա­նաս­տեղծ՝ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի տու­նը: Ե­թէ կրնայ մէ­կը տուն ա­նո­ւա­նել փլա­տակ այն պա­տե­րը, ո­րոնք փո­խա­րի­նած էին մեր գե­ղա­րո­ւես­տին ան­ցեա­լին ներշնչող վայ­րը: ­Սիրտս ճմլո­ւե­ցաւ:

Ա­պա՝ ճամ­բայ ե­լանք դէ­պի Ա­նի քա­ղա­քը: ­Ճամ­բու ըն­թաց­քին կը մտա­ծէի, թէ ի՞նչ պի­տի հան­դի­պինք Ա­նիի մէջ: ­Վեր­ջա­պէս՝ հա­սանք: ­Մուտ­քէն ներս մտնե­լով հան­դի­պե­ցանք մի միայն 5 ե­կե­ղե­ցի­նե­րու՝ ա­նոնք ալ կի­սա­քանդ վի­ճա­կի մէջ, պատ­րաստ էին ա­ւե­րու­մի: Ո՞ւր էին 1000 ու 1 այն ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: Ո՞ւր էր այն պատ­մա­կան, շքեղ քա­ղա­քը: Դժ­բախ­տա­բար…….այ­լեւս չկար:

Երկ­րորդ օ­րը հա­սաւ: Արթն­ցայ եւ հիւ­րա­նո­ցի պա­տու­հա­նէն դուրս նա­յե­լով՝ դի­մացս տե­սայ Ա­րա­րատ լե­ռը: ­Բայց այս ան­գամ ճիշդ կող­մէն կը տես­նէի: ­Ձախ կող­մը մեծ եւ աջ կող­մը փոքր Մա­սիս­նե­րը: Հ­պար­տօ­րէն կանգ­նած, կար­ծես զիս հե­ռո­ւէն կը կան­չէին:
Նա­խա­ճա­շե­լէ ետք, մեր պա­յու­սակ­նե­րը ինք­նա­շարժ դրինք եւ ճամ­բայ ե­լանք դէ­պի Ա­րա­րատ: Մէկ ժամ ետք հա­սանք Ա­րա­րա­տի լան­ջին: ­Բո­լորս մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ կը դի­տէինք ա­նոր գա­գա­թը, ուր մենք ալ պի­տի գտնո­ւէինք մի քա­նի օր ետք:

Եւ ա­հա՛ մեր շատ սպա­սո­ւած քայ­լար­շա­ւը սկսաւ: 7-8 ժամ քա­լե­լէ ետք, հա­սանք ա­ռա­ջին բա­նա­կա­վայ­րը, որ կը գտնո­ւէր 3500 մեթր բար­ձուն­քի վրայ: Ճն­շու­մի փո­փո­խու­թեան պատ­ճա­ռաւ ան­հագս­տու­թիւն­նե­րը ակն­կա­լե­լի էին, սա­կայն մեր խան­դը եւ ե­ռան­դը այդ բո­լո­րը կը դի­մագ­րա­ւէին: ­Մէկս միւ­սին կը հա­մո­զէինք, թէ իս­կա­պէս Ա­րա­րատ լե­րան վրայ կը գտնո­ւինք: ­Տե­սա­րա­նը հիա­նա­լի էր, իսկ ե­ղա­նա­կը՝ պայ­ծա­ռօ­դեայ: Վ­րան­նե­րը լա­րե­լէ յե­տոյ, ճա­շե­ցինք ու քնա­ցանք: ­Մեր յոգ­նու­թիւ­նը շատ էր եւ պի­տի ա­ւել­նար յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն:

Յա­ջորդ օ­րը ճամ­բայ ե­լանք դէ­պի երկ­րորդ բա­նա­կա­վայ­րը, որ կը գտնուէր 4200 մ. բար­ձուն­քի վրայ: ­Չորս ժամ քա­րոտ ճամ­բա­նե­րէ քա­լե­լէ ետք՝ հա­սանք: ­Դար­ձեալ լա­րե­ցինք մեր վրան­նե­րը, ճա­շե­ցինք եւ կա­նուխ քնա­ցանք: Այդ գի­շեր, ժա­մը 12:00ին պի­տի ե­լէինք ճամ­բայ՝ դէ­պի գա­գաթ, որ­պէս­զի ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն գտնո­ւինք Ա­րա­րա­տի կա­տա­րին: ­Բայց ո՞վ կրնար քնա­նալ այդ ժա­մուն՝ մտա­ծե­լով մին­չեւ գա­գաթ ճա­նա­պար­հին մա­սին: Մ­տա­հոգ էի, թէ պի­տի կա­րե­նա՞մ հաս­նիլ մին­չեւ գա­գաթ:Ար­դէն բա­ւա­կան յոգ­նած կը զգա­յի: Այս մտա­ծում­նե­րուս մէջ՝ քունս տա­րաւ:

Այդ շատ սպա­սո­ւած ժա­մը վեր­ջա­պէս հա­սած էր: ­Մի քա­նի ժա­մէն կեան­քիս ե­րա­զան­քը պի­տի ի­րա­կա­նա­նար: ­Մու­թին մէջ պատ­րաս­տո­ւե­ցանք, մեր ե­լեկտ­րա­կան ջա­հե­րը ա­ռինք եւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը ա­ղօ­թե­լէ ետք՝ խում­բով ճամ­բայ ե­լանք: Դ­ժո­ւար եւ յոգ­նե­ցու­ցիչ էր ճա­նա­պար­հը դէ­պի գա­գաթ: Ճն­շու­մի եւ օ­դի փո­փո­խու­թիւ­նը դար­ձեալ ան­հանգս­տա­ցուց շա­տե­րուս: ­Բայց գա­գա­թին մա­սին մտա­ծե­լով՝ շա­րու­նա­կե­ցի՛: ­Ճա­նա­պար­հը ալ ա­ւե­լի կը դժո­ւա­րա­նար, երբ այ­լեւս հո­ղի փո­խա­րէն՝ ձիւ­նե­րու վրա­յէն կը քա­լէինք: 400 մ. գա­գաթ չի հա­սած՝ կար­ծես ուժս կորսն­ցու­ցի: Ար­դէն բա­ւա­կան ժամ էր, որ կը քա­լէինք: Գ­լուխս դար­ձեալ դէ­պի գա­գաթ դար­ձու­ցի եւ յան­կարծ տե­սայ հոն ըն­տա­նիքս, ծնողքս, քոյրս եւ բո­լոր իմ մտե­րիմ այն ան­ձե­րը, ո­րոնք ինձ կը կան­չէին.- «­Վի­գէն ե­կո՛ւր, կրնա՛ս, քեզ կը սպա­սենք»:

Վիզս հա­գո­ւած սկաու­տա­կան ե­ռա­գոյն փող­կապս ա­ւե­լի սեղ­մե­ցի, ու­ժերս հա­ւա­քե­ցի եւ ա­մէն մէկ քայ­լիս հետ ա­նուն մը տա­լով՝ քայլ առ քայլ վեր­ջա­պէս հա­սայ նպա­տա­կիս: Երբ ոտքս կո­խե­ցի Ա­րա­րատ լե­րան գա­գա­թին, 5137 մ., հայ­կա­կան դրօ­շը բռնած, ծուն­կի ե­կայ, աչ­քերս գո­ցե­ցի եւ սիրտս ուխ­տե­րով լե­ցու­ցի: ­Յոգ­նու­թեան եւ ցա­ւին տե­ղը փո­խա­րի­նած էր այ­լեւս հպար­տու­թիւ­նը: Եր­ջան­կու­թեան ար­ցունք­ներ կը հո­սէին աչ­քե­րէս: ­Տե­սա­րա­նը՝ հմա­յիչ: Զ­գա­ցում­ներս՝ ան­բա­ցատ­րե­լի: ­Կար­ծես ամ­բողջ աշ­խար­հը ին­ծի կը պատ­կա­նէր: 15 վայր­կեան մնա­ցինք. պաղ էր եւ շատ կը փչէր: ­Ջեր­մու­թիւ­նը մօ­տա­ւո­րա­պէս -10 C:

Ա­պա՝ բո­լոր քոյ­րե­րով ու եղ­բայր­նե­րով հա­ւա­քո­ւե­ցանք եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կին առ­թիւ մեր միաս­նա­կան ուխ­տը կա­տա­րե­ցինք:
Զ­գա­ցում­ներս շատ ու­ժեղ էին: ­Շատ հպարտ կը զգա­յի: ­Տա­րի­նե­րէ ի վեր ու­նե­ցած ե­րա­զանքս ար­դէն ի­րա­կա­նա­ցած էր: Ե­ռա­գոյն սկաու­տա­կան փող­կապս, որ 7 տա­րե­կա­նէս կը կրեմ վի­զիս շուրջ եւ սրտիս մէջ, ճամ­բու ամ­բողջ ըն­թաց­քին, ա­ռա­ւել ուժ կու տար ին­ծի:
Վե­րա­դար­ձի ժա­մը հա­սաւ: Ե­րեք օր տե­ւած բարձ­րա­նա­լու ճա­նա­պար­հը պէտք էր մէկ օ­րո­ւան մէջ իջ­նել մին­չեւ ստո­րոտ, ուր մեզ կը սպա­սէր ինք­նա­շար­ժը: ­Քա­լե­ցինք մին­չեւ երկ­րորդ բա­նա­կա­վայ­րը, ա­պա ա­ռա­ջի­նին ու վեր­ջա­պէս, շատ ժամ քա­լե­լէ ետք, հա­սանք ստո­րոտ:

Չոր­րորդ օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը, ­Վա­նա լի­ճի Աղ­թա­մար կղզիին այ­ցե­լու­թիւնն էր: ­Վա­նայ լիճ հաս­նե­լէ ետք, դէ­պի Աղ­թա­մար եր­թա­լու նա­ւա­կը նստանք: ­Հե­ռո­ւէն ար­դէն կ­՚ե­րե­ւէր «­Սուրբ Խաչ» ե­կե­ղե­ցին՝ իր գմբէ­թին վրայ խա­չով: ­Բո­լորս միա­սին ե­կե­ղե­ցի մտանք եւ ո­գե­ւո­րո­ւած սկսանք ­Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը եր­գել: Ան­մի­ջա­պէս եր­կու թուրք ոս­տի­կան­ներ փոր­ձե­ցին ար­գելք կե­նալ մե­զի, բայց մենք ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն եր­գե­լով՝ շա­րու­նա­կե­ցինք մին­չեւ վերջ: Այդ պա­հո­ւան մեր ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը լման թրքա­կան բա­նակ մը ան­գամ չէր կրնար դադ­րեց­նել: ­Մեր ա­ղօթ­քը ա­ւար­տե­լէ ետք գա­ցինք ճա­շե­լու, ա­պա՝ մեկ­նե­ցանք դէ­պի հիւ­րա­նոց հանգս­տա­նա­լու:

Յա­ջորդ օ­րը, ­Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լու օրն էր: Առ­տո­ւան ժա­մը 5ին, նա­խա­ճա­շէն ետք, մեր ի­րե­ղէն­նե­րը հա­ւա­քե­ցինք եւ ճամ­բայ ե­լանք դէ­պի Վ­րաս­տան ու, ա­պա, դէ­պի ­Հա­յաս­տան: Ամ­բողջ ճամ­բու ըն­թաց­քին բո­լորս կը խօ­սէինք ու կը պատ­մէինք ան­ցած օ­րե­րու մեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին: ­Տա­կա­ւին չէինք հա­ւա­տար, որ Ա­րա­րատ լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­ցած էինք:

Իս­կա­պէս շատ գե­ղե­ցիկ ժա­մա­նակ ան­ցու­ցինք: ­Հա­կա­ռակ մեր յոգ­նու­թեան, բո­լորս ալ հա­սանք մեր նպա­տա­կին:

Կ­՚ու­զեմ մեծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել բո­լոր քոյ­րե­րուս եւ եղ­բայր­նե­րուս, ո­րոնց հետ միաս­նա­բար կա­րո­ղա­ցայ ամ­բող­ջաց­նել նպա­տակս՝ Ա­րա­րա­տի գա­գա­թը բարձ­րա­նալ:

Իսկ ձեզ՝ բո­լոր ըն­թեր­ցող­նե­րուդ եւ մա­նա­ւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի քոյ­րե­րուս եւ եղ­բայր­նե­րուս, կը թե­լադ­րեմ եւ կը մաղ­թեմ, օր մը դուք ալ բախտն ու ա­ռի­թը ու­նե­նաք բարձ­րա­նա­լու մեր Ա­րա­րատ լե­ռը:

Գի­տեմ՝ ին­չո՛ւ այս­քան բարձր է ­Մա­սիս սա­րը՝ յոյ­սի պէս…
Մա­սիսն այս­քան բարձր է կանգ­նել, որ ա­մէն­քին ե­րե­ւայ,
Որ տես­նի ­Հայն ու ­Հա՛յ մնայ, ինչ­պէս ­Մա­սիսն հա­յա­վէս:
Յով­հան­նէս ­Շի­րազ

azator.gr/?p=10935

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail