ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ՝ պատգամաւորներու ընտրութիւններ կազմակերպելու մասին
Յարգելի հայրենակիցներ
Կը հրաւիրէնք ձեզ մասնակցելու Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի
(Խորհրդարանի) երկրորդ պատգամաւորներու ընտրութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ համացանցի միջոցով հետեւեալ հասցէով՝
www.elections-western-armenia.info, 01 սեպտեմբեր 2018-ին, ժամը 00.01-են մինչեւ 05 սեպտեմբերի ժամը 24.00. Երեւանի ժամանակով:
Համաձայն ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի 21-րդ յօդուածի եւ «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» հռչակագիրի յօդուածներու՝ նոյեմբեր 2013-ի.
առաջին անգամ, համացանցով՝ ելեկտրոնային եւ գաղտնի քուէարկութեամբ, տեղի ունեցան Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) առաջին պատգամաւոդներու ընտրութիւններ: Ընտրութիւններուն մասնակցած են 41 երկիրներէ, եւ ընտրուած է 64 պատգամաւոր: Այս ընթացքին կատարուած է Խորհրդարանի 7-ը նստաշրջան:
Տեղեկացնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան եւ քաղաքացիութեան կայքը կը գործէ հետեւեալ հասցէով՝ –www.citizenship-western-armenia.info-, որտեղ կրնաք արձանագրուիլ ու դիմել Արեւմտեան Հայաստանի հայերու քաղաքացիութիւն ստանալու համար:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալով՝ իրաւունք կը ստանաք մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ հանրաքուէներուն, ընտրելու եւ ընտրուելու, ինչպէս նաեւ մասնակցելու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական համակարգի աշխատանքներուն:
Ձեր գործունեայ մասնակցութիւնը, ձեր քուէն՝ կարեւոր է, ինչպէս հայերուն տրուած իրաւունքները միջազգային ատեաններուն վեր պահելու ու պաշտպանելու, այսպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) պետական կարոյցներու իրաւաչափութիւնը պահպանելու եւ ուժգնութիւնը զարգացնելու տեսակետով, որու վրայ այս պահին դրուած է այդ իրաւունքները հետապնդելու խնդիրը:
Յիշեցնենք, որ այս տարուայ՝ 2018 թուականի մայիս ամսուն, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) կողմէ երկու դիմումնագիր է ուղղարկուած ՄԱԿ՝
ՄԱԿ-ին անդամակցելու եւ ԱՄՆ 28-րդ նախագահ Վուտրո Վիլսոնի իրաւարար վճիռը կեանքի կոչելու, իրականացնելու՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան) հաստատումը իրաւարար վճիռով սահմանազատուած տարածքի վրայ:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ պատգամաւորներու ընտրութիւնները պատշած կազմակերպելը, ձեր գործոն մասնակցութիւնը, նոր պարունակութիւն պիտի հաղորդէ մեր իրաւունքներու համար տարուող աշխատանքներուն:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) մամլոյ ծարայութիւն
31 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018