(Անգամ մը եւս)
Ամէն անգամ կարդամ վերը նշուած երեք բառերը սրտովս սարսուռ կանցնի որովհետեւ գիտեմ թէ ինչ պիտի յաջորդէ այդ վերնագրին․․․
Իմ գիտակից կեանքի աւելի քան քառասուն տարիներու ընթացքին քանի՞ անգամ կարդացել եմ այդ տխրահռչակ նախադասութիւնը
Անգամ մը եւս ոճիր Հայութեան դէմ․․․
Անգամ մը եւս խտրականութեան հողի վրայ Հայ զոհ…
Անգամ մը եւս Հայու առեւանգում…
Անգամ՝, Անգամ՝, Անգամ՝, Հայ՝, Հայ՝, Հայ՝
Եթէ Գումարենք այդ անգամները Լիբանահայութեան պատմութեան մէջ կամ Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն եւ ընդհանրապէս հասնինք մինչեւ Միացեալ նահանգներ անցնելով Իրանէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն, այս որքան շատ «Անգամ մը եւս»,
Գումարենք թափուած արիւնը եւ հարց տանք Անգամ մը եւս Յանուն ինչի՞․․․
Չափազանց լաւ կը հասկնամ ամէն Հայ անհատի զգացողութիւնը որովհետեւ ինքս Հայ պատկանելիութեան համար ճաշակած եմ այդ դառն գաւաթէն եւ շատ լաւ կը հասկնամ ինչ կը նշանակէ հետապնդում, առեւանգում, եւ հազար տեսակ բռնութիւն ու նեղութիւն պարզապէս Հայ ըլլալու համար, եւ այստեղ երբեք նշանակութիւն չունի թէ ինչ տեսակի եւ որակի Հայ ես, թէ ինչ կուսակցութեան կը պատկանիս, թէ ինչ յարանուանութեան կը հետեւիս այլ պարզապէս պիտակդ ՀԱՅ է ուրեմն վերջ․․․
Պիտի նժարի դնել հետեւեալ երկու փաստերը կամ այսպէս եւ կամ այնպէս, երրորդ ճանապարհ մը եւս կայ այս պարագային․
1- եթէ Հայութիւնդ դնես տասներորդական տեղ եւ խառնուիս տեղացի բնակչութեան, եթէ անունդ եւ մականունդ եւս փոխես, եթէ լեզուդ մոռանաս եւ խօսիս սահուն տեղական լեզուն այդ պարագային քեզ խտրականութեան հողի վրայ վտանգ չի սպառնար
2- եթէ Հայ ըլլալուդ իրողութիւնը հպարտանք է քեզ համար, եթէ Հայու հետ ամուսնանալը պարտադիր անգիր կանոն է, Եթէ տեղական լեզուն աւելի վատ կը խօսիս Մայրենիէն, եթէ հոգւով ու սրտով Հայ ես ուրեմն ենթակայ ես ամէն վայրկեան զոհ դառնալու խտրականութեան ըլլայ Այդ ֆիզիկապէս թէ հոգեպէս, կարիք չկայ հազար ու մի տեսակ փաստեր յիշելու, ամէն կարդացող վստահ եմ ինք անցուցած է այդպիսի փորձութիւն մը Սփիւռքի մէջ
Իսկ որն՞ է Լուծումը
Խառնուիլ եւ Հայութիւնէ կամաց կամաց հեռանալ թէ ապրիլ ամէն օր արկածներով եւ վտանգներով, իսկ գոյութիւն ունի՞ երրորդ ճանապարհ;
Ի հարկէ ունի
Հայեր դէպի Հայաստան
Բարեւս տուի անցայ գնացի