Ասատ Յաղթած Է Քաղաքացիական Պատերազմին. Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան իվ լէ Տրիան

03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յաղթած է քաղաքացիական պատերազմին, բայց դեռ խաղաղութեան չէ հասած: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, յայտարարած Է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան իվ լէ Տրիան:

«Ասատ շահած Է պատրերազմը, մենք պէտք Է ատիկա ընդունինք: Բայց ան չէ շահած խաղաղութիւնը»,- ըսած Է քաղաքական գործիչը France Inter ռատիոկայանի եթերի ընթացքին:

Նախարարը ընդգծած Է, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հասնիլը անհնարին Է առանց միջազգային միջնորդներու աջակցութեամբ: Անոր կարծիքով` Սուրիոյ մէջ սուրիական խնդրի խաղաղ լուծման համար Փարիզը արդէն ներգրաւուած Է Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ բանակցութիւններուն, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը: Կայուն խաղաղութեան հաստատման չի նպաստեր նոյնիսկ կառավակարան զօրքերու կողմէ Իտլիպի նահանգը` ահաբեկիչներու վերջին պատուարը, հսկողութեան տակ վերցնելը:

Լէ Տրիան յայտնած Է, որ Ֆրանսան Սեպտեմբերին մտադիր Է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի հարթակին մէջ արծարծել։

yerakouyn.com/2018/09/03

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail