Էրզրումի Պատմական Բերդի Տարածքին Թուրք Հնագէտները 150 Տարուան Պայթուցիկներ Յայտնաբերած են

03 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Էրզրումի (Կարին-Tert.am) պատմական բերդի տարածքին թուրք հնագէտները պայթուցիկներ յայտնաբերած են, կ՛ենթադրուի, որ ատոնք 150 տարուան պատմութիւն ունին, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber.org կայքը:

Հնագէտները պեղումներու ժամանակ յայտնաբերած են, մասնաւորապէս, 3 տէթոնաթոր: Այստեղ ժամանած ոստիկանները շրջափակած են տարածքը ու տարհանած մարդիկ` տէթոնաթորներու պայթելու վտանգի առկայութեան պատճառով:

Գտնուած պայթուցիկները մասնագէտներու կողմէ տարուած են համապատասխան ստուգումներու:

Հնագէտները կը շարունակեն իրենց պեղումները:

yerakouyn.com/2018/09/03

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail