05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Երէկ սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Համայի գիւղական Ուատի Ույուն շրջանին մէջ պայթումներու ձայներ լսուած են: Սուրիոյ մէջ «Նաշրա» կայքի թղթակիցը տեղեկացուց, որ Միջերկրական ծովէն արձակուած հրթիռները անցած են Թարթուս քաղաքին վրայէն եւ ինկած Ուատի Ույունի մէջ:
Հաղորդուեցաւ, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը հակազդած են Լիբանանի տարածքէն իսրայէլեան օդուժին արձակած հրթիռներուն, ինչպէս նաեւ ծովէն արձակուած հրթիռներուն: Անոնցմէ ոմանք վար առնուած են: Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը իր կարգին տեղեկացուց, որ իսրայէլեան հրթիռները թիրախ դարձուցին Ուատի Ույունի մէջ գտնուող իրանեան դիրքերը: Աւելի ուշ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային համակարգերը դէմ դրած են Պէյրութի արեւմուտքէն սողոսկած իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերուն, որոնք Թարթուսի եւ Համայի մէջ գտնուող դիրքեր հրթիռակոծեցին:
Իսրայէլեան յարձակումէն անմիջապէս ետք Ռուսիոյ պետական Տուման խստիւ դատապարտեց այդ յարձակումը` Իսրայէլէն պահանջելով դադրեցնել սուրիական կառավարական ուժերուն նկատմամբ իր ոտնձգութիւնները: Ռուսական Տումայի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումը որակեց «անընդունելի»` աւելցնելով, որ «անիկա չի ծառայեր երկրին վիճակին եւ ժխտականօրէն կ՛ազգէ շրջանային կացութեան վրայ»: Սլուցքի ըսաւ, թէ Իսրայէլ ռուսական կողմին վստահեցուցած է, որ թիրախ պիտի դարձնէ սուրիական ուժերը, եթէ անոնք համագործակցին Հըզպալլայի հետ` նկատել տալով, որ` «սակայն անոնք կը հրթիռակոծեն քաղաքայինները եւ ոչ թէ Հըզպալլան»:
Միւս կողմէ, Տումայի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Ալեքսի Չիփա յայտարարեց, թէ Ռուսիա պէտք է Իսրայէլէն պահանջէ դադրեցնել յարձակումները սուրիական կառավարական ուժերուն դէմ: Ան «Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «սուրիական բանակին դէմ յարձակումները կը ծառայեն ահաբեկիչներու նկրտումներուն»:
aztagdaily.com/archives/407470