05 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթով յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ զինուորական գործողութեան ժամկէտը պիտի ճշդեն սուրիական կառավարութիւնն ու Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները:
Սիրոմոլոթով Մոսկուայի մէջ զէնքերու` ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքը անցնելուն դէմ պայքարին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Ռուսիա կը նախընտրէ, որ Իտլիպի մէջ ճակատամարտեր տեղի չունենան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ անկարելի է Իտլիպի մէջ տիրող կացութեան անվերջ համբերել:
Ան ըսաւ, թէ զինադադարի համաձայնութիւնը շարունակ կը խախտուի. Իտլիպէն կրակ կը բացուի սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ, եւ այդտեղ գտնուող զինեալները անօդաչու թռչող սարքեր կ՛օգտագործեն` փորձելով յարձակում գործել Հմէյմիմի ռուսական ռազմակայանին դէմ:
Նշենք, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ յաւելեալ ուժեր կուտակել Իտլիպի մերձակայքը` առ ի պատրաստութիւն սպասուող ճակատամարտին:
aztagdaily.com/archives/407469