30 սեպտեմբեր 2015
Ֆրանսական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին քննարկած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման եւ սուրիական ընդդիմութեան հետ այդ տարածքի գրաւման համար զինուորական գործողութեան շղթայազերծման հարցը: «Ֆրանսա կը զօրակցի այդպիսի գործողութեան մը, սակայն ատոր պիտի չմիջամտէ», ըսած է աղբիւրը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ թրքական կեցուածքը ֆրանսական կեցուածքին նման է եւ կը մերժէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը մաս կազմելու կարելիութիւնը:
Աղբիւրը հաղորդած է, որ Հոլլանտ յայտնած է, որ Ֆրանսա լուծումին Ասատի մաս կազմելը մերժելու իր կեցուածքին մէջ մեկուսացած չէ, եւ ինք միշտ կ՛ողջունէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ այդ հարցին շուրջ երկխօսութիւնը: