Գերմանացի Ցեղասպանագէտը Պերլինի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Դասախօսութիւն Պիտի Տայ

30 սեպտեմբեր 2015
tessa-hofmann1
Գերմանացի ցեղասպանագէտ, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու հեղինակ եւ մասնակից Թեսա Հոֆման Պերլինի մէջ դասախօսութիւն եւ քննարկում կ’իրականացնէ ցեղասպանութեան հացանգործութեան, հայ­թրքական յարաբերութիւններու եւ այդ ծիրէն ներս Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ դիրքորոշման թեմայով:

«Արմէնփրես»-­ի փոխանցմամբ` դասախօսութեան հրաւէրին մէջ կը նշուի, որ 100 տարի առաջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հայերու Ցեղասպանութիւնը: Եւ թէեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը հրեաներու Հոլոքոսթի նման 20-­րդ դարու ամենայայտնի ոճրագործութիւններէն մէկն է, սակայն Թուրքիան` որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդը, դեռ կը հրաժարի պաշտօնապէս ընդունելէ կատարուածը: Դասախօսութեան ժամանակ Թեսա Հոֆման պիտի խօսի՝ թէ ինչու մինչեւ այսօր այդքան դժուար է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail