Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին (Շար. 8)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

07 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Տիգրան Դեւոյեանց

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակի ռազմական հետախուզութեան ղեկավար, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Տիգրան Դեւոյեանց ծնած է Երեւան: 1903-ին ռուսական միջնակարգ դպրոցի աշակերտ եղած է: Ուսման ընթացքին մասնակցած է ցարական իշխանութիւններու կողմէ հայ եկեղեցւոյ ունեցուածքը բռնագրաւելու եւ հայկական դպրոցները փակելու դէմ սկսուած աշակերտական ընդվզումներուն եւ այդ պատճառով հեռացուած է դպրոցէն ու փախած` Թիֆլիս: Իր փոխարէն` ձերբակալուած է եղբայրը:

1904-1905 թուականներուն կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն: Դեւոյեանց Թիֆլիսի` Շէյթան պազարի շրջանին մէջ 12 հոգինոց մարտական խումբով սատար հանդիսացած է տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան ինքնապաշտպանութեան:

1906-ին փորձած է կիսատ ձգած ուսումը շարունակել Թիֆլիսի առեւտրական դպրոցին մէջ, սակայն դպրոցական վարչութեան կողմէ կը հանդիպի բացասական վերաբերմունքի եւ այդ պատճառով ալ կը մեկնի Երեւան, ուր ընդունուած է Երեւանի ուսումնարան եւ յաջողութեամբ աւարտած է զայն:

Դեւոյեանց իր դասընկեր Դրոյի հետ միասին ստեղծած է աշակերտական մարտական խումբ մը` 9-10 հոգիէ բաղկացած:

Այնուհետեւ ընդունուած է Թոմսքի համալսարանի լեռնային ճարտարագիտական բաժինը:

Ցարական իշխանութեան կողմէ թափ առած հայկական կուսակցութիւններու եւ առհասարակ հայ յեղափոխականներու նկատմամբ հալածանքներու ընթացքին (1907-1912 տարիներուն) Տ. Դեւոյեանց կրկին ձերբակալուած է: 1910-ին Երեւանի ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի աջակցութեամբ Դեւոյեանց փախած է բանտէն եւ մեկնած` Թաւրիզ: Պայազիտէն Թաւրիզ տանող ճանապարհին ան շարք մը ծածկանուններ օգտագործած է` Յակոբ Յակոբեան, Աշոտ Յովսէփեան եւ այլն: Այստեղ Դեւոյեանց ռուսերէն, երկրաչափութիւն եւ հանրահաշիւ  դասաւանդած է Հայոց կեդրոնական դպրոցին մէջ: Ապրելով Նիկոլ Դումանի քով` ան մասնակցած է Դումանի խումբի աշխատանքներուն:

Դեւոյեանց շուրջ 9 տարի թղթակցած է «Պաքու» եւ «Կավկազսկի թելեկրաֆ» թերթերուն: Իր հեղինակած նիւթերը ան ստորագրած էր «Տիգր Տէօ», «Օմեկա» եւ «Աշոտ» կեղծանուններով, իսկ «Ալֆա» կեղծանունով թղթակցած էր ռուս սոցիալիստ-յեղափոխականներու «Զնամիա թրուտա» եւ Թաւրիզի «Առաւօտ» թերթերուն:

Շուտով Թաւրիզի մէջ եւս դժուարութիւններ կը յառաջանան. Դեւոյեանց ձեռք բերելով տաճկական հիւպատոսարանի վկայական` Յակոբ Յակոբեան ծածկանունով, այլ դաշնակցականներու հետ Տիլմանի վրայով կը մտնէ Վանայ լիճի շրջան:

1913-ի գարնան Տ. Դեւոյեանց կը գտնուէր Կ. Պոլիս: Տեսուչի պաշտօնը ստանձնելու համար Դեւոյեանց յանձնած է համապատասխան քննութիւն եւ ստացած է «Ուսողութեան մասնագէտ» տիտղոսը: Իսկ սեպտեմբերին արդէն Օրտու քաղաք է, ուր ստանձնած է ազգային երկու դպրոցներու տնօրինութիւնը: Այդ ժամանակամիջոցին ան կը շարունակէ աշխատակցիլ շարք մը ռուսական թերթերու:

Տ. Դեւոյեանց 1917-ին Պաթումի ճանապարհին շարունակած է հայթայթել տարաբնոյթ նիւթեր` թրքական զօրահաւաքի, ինչպէս նաեւ Սամսոնի, Օրտուի, Տրապիզոնի, Ռիզէի իրադարձութիւններուն մասին, միւս կողմէ` նաեւ իրեն հետ վերցուցած է Մակու-Թաւրիզ-Վան-Պայազիտ-Էրզրում-Տրապիզոն-Կ. Պոլիս ճամբորդութեան մասին յուշագրութիւնը` ռուսական բանակի հետախուզական մարմիններուն ներկայացնելու համար:

Վերոնշեալ մարմինին հրահանգով Իգտիրի մէջ ստեղծուած է հայկական սպայակոյտ, ուր Դեւոյեանց ռուսական զինուորական իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններ կարգաւորողն էր, աւելի ճիշդ` Դեւոյեանց զօր. Օկանովսկիի գլխաւորած 4-րդ զօրաբանակի հետախուզական բաժնի վարիչ էր:

Դեւոյեանց թրքական ուժերու մասին Իգտիրի հայկական սպայակոյտին միջոցով ձեռք բերած արժէքաւոր տեղեկութիւնները հաղորդած է Պ. Օկանովսկիին գլխաւորած զօրաբանակի հետախուզական բաժնի պետ` գլխապետ Վլատիմիր Օկոլին:

Յաճախելով սպայական դասընթացներուն` Դեւոյեանց գիտելիքներ կը ստանայ հետախուզական գործի կազմակերպումի մասին: Ստացուած արդիւնքներուն մասին զեկուցագրերը ներկայացուած էին գնդապետ Տանիէլ Տրացենքոյին, Ազգային բիւրոյին եւ ՀՅԴ Բիւրոյին:

Այնուհետեւ Դեւոյեանց Կովկասեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ գործուղուած է Էրզրում` հետախուզութեան, ապա` Երզնկա:

Այնուհետեւ, Տիգրան Դեւոյեանցը` իբրեւ փորձառու հետախոյզ, մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ արդէն հետախուզական ծառայութեան ձեւաւորման բարդ, հակասական եւ չափազանց դժուարին գործառոյթներուն` դառնալով նորաստեղծ զինուորական նախարարութեան գլխաւոր սպայակոյտի հետախուզական եւ հակահետախուզական բաժանմունքի պետերէն մէկը, ծաւալած է հայրենանպաստ գործունէութիւն: 1918 մայիսին, երկաթուղիով Վրաստանի Հանրապետութեան տարածքով անցնելու ժամանակ, Տ. Դեւոյեանց անակնկալօրէն ձերբակալուած է: Բանտ տարուած ճանապարհին Դեւոյեանց հասած է ոչնչացնել շարք մը կարեւոր, ծածկագրուած թուղթեր, որոնք կրնային դիւանագիտական բարդութիւններ յառաջացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն համար: Զայն տարած են Մետեխի բանտ:

Դեւոյեանց բանտէն փախուստ տուած է իր մերձաւորներէն` Ասիայի հետ օգտագործելով կեղծ փաստաթուղթեր:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ժամանակաշրջանին Տիգրան Դեւոյեանց իրականացուցած է հետախուզական աշխուժ գործունէութիւններ Վան-Մուշ-Պիթլիս շրջանին մէջ, իսկ 1919-ի վերջը եւ 1920-ի սկիզբը յայտնուած է Կ. Պոլիս, ուր կազմակերպուած է հետախուզական խումբ` հայթայթելով Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային-պետական անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ թրքական զինուժի թուաքանակին եւ նախապատրաստութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական սահմանի ողջ երկայնքով թրքական զօրքերու տեղաբաշխումին մասին:

Տ. Դեւոյեանց, հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին, կը տիրապետէր նաեւ` ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի եւ թրքերէնի:

Տ. Դեւոյեանց կեանքի վերջին շրջանի փուլը կ՛անցընէ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այստեղ կը հրապարակէ բարձրարժէք յուշագրութիւն` իր հետախուզական գործունէութեան մասին:

Տիգրան Դեւոյեանց կը մահանայ 12 սեպտեմբեր 1965-ին, Նիւ Եորքի մէջ:

Զօր. Դրաստամատ Կանայեան

Դրաստամատ Կանայեան (Դրօ), ֆետայի, վրիժառու, ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներէն, Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Իգտիր, 31 մայիս 1884-ին: Յաճախած է Երեւանի ռուսական ուսումնարանը եւ վաղ երիտասարդական օրերուն մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն:

1903-ի ամառը մեծ թափ կը ստանայ զէնքի փոխադրութիւնը Սուրմալուի վրայով դէպի Արեւմտահայաստան: Դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը, սակայն, ահազանգի կը մատնէ գործը: Թէջերապատի (Սուրմալուի գիւղերէն մէկը) գիւղապետ Մարտիրոսը մատնութիւններ կ’ընէ: ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ Դրոյի եւ Գերդանի կը վիճակուի անոր հաշիւը մաքրել: Այս դէպքը Դրոյի մարտական աշխատանքներուն առաջինը կ՛ըլլայ: Կուսակցութեան որոշումով ան կը հեռանայ Սուրմալուէն, կ՛անցնի Հիւսիսային Կովկասի Փիատիկորով քաղաքը, ուր եւ կը զինուորագրուի:

6 փետրուար 1905-ին Պաքուէն կը հասնին հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներուն լուրերը: Դրօ գաղտնօրէն կը հեռանայ զօրաբաժինէն եւ կ՛անցնի Պաքու, ուր կը միանայ դաշնակցական հայդուկներու շրջանակին` Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ: Պաքուի նաւթաշխարհին մէջ հայութիւնը տնտեսական եւ մշակութային մեծ կշիռ կը ներկայացնէր: Այնտեղ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը ծաւալէր ու կը զօրանար: Ռուս բռնատիրութիւնը հայոց դիմադրական ուժը կոտրելու համար կը դիմէր որեւէ միջոցի. այս պարագային, թաթարները կը ծառայեն իբրեւ գործիք հայերու դէմ: Ռուս ոստիկանութեան աչքին առջեւ յանկարծակիի եկած հայեր զոհ կ՛երթան թալանող ու կոտորող թաթարներուն: Պարզ էր, որ ցարական իշխանութիւնն էր ծրագրողը այս վայրագութիւնները, որոնք կը գործադրուէին նահանգապետ Նակաշիձէի ձեռքով: Շրջանի Կ. կոմիտէին կողմէ կը տրուի անոր ահաբեկման որոշումը: Նիկոլ Դուման 21 տարեկան երիտասարդ Դրոյի կը յանձնէ այդ պարտականութիւնը եւ 11 մայիս 1905-ին օր ցերեկով Դրօ կ՛իրականացնէ իրեն յանձնուած գործը: Պաքուէն շուտով կ՛անցնի Երեւան:

Օգոստոս 1905-ին Դուման Դրոն կ՛ուղարկէ Նախիջեւան: Դրօ Նորս գիւղը կ՛ընտրէ իրեն կեդրոն եւ կը սկսի գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործին: Տեսնելով շրջանի եռուզեռը` դրացի թաթարները կը յարձակին, բայց կը հանդիպին Դրոյի խումբի բուռն դիմադրութեան: Հայ գիւղացիները կը գրաւեն թաթարներուն նախիրը: Նորսի կռիւը մեծապէս կը բարձրացնէ Դրոյի հեղինակութիւնը` հայդուկներու եւ ժողովուրդի աչքին: Այնուհետեւ, Քեռիի ընդհանուր հրամանատարութեան կողքին, կը վարէ լեռնային Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան շատ մը կռիւները եւ, ի վերջոյ, թշնամին պարտուած` կը դիմէ հաշտութեան: Նակաշիձէին զգետնողը կը փաստէ, որ միաժամանակ հմուտ կազմակերպիչ, տաղանդաւոր խմբապետ եւ ռազմագէտ է:

1908-ին Դրօ կը հաստատուի հին Պայազիտ` իբրեւ քարիւղի վաճառական` Սուրէն Էֆենտի: Ան գործի եւ բարեկամական կապեր կը հաստատէ քրտական ցեղապետներու եւ թուրք պաշտօնեաներու հետ: Բայց ներքնապէս Կովկասի սահմանագլուխի ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը հաղորդակցութեան, կապի եւ զէնքերու փոխադրութեան վարիչը կ՛ըլլայ:

1914-ին Ա. Աշխարհամարտին Դրօ կու գայ Թիֆլիս, ուր ՀՅ Դաշնակցութեան ժողովը կ’որոշէ, ռուսական զօրքերու կողքին, հայ կամաւորական խումբերը ուղարկել ճակատ` կռուելու համար Թուրքիոյ դէմ: Նոյն տարուան 21 հոկտեմբերին կը սկսի ռուս-թրքական պատերազմը: Հայկական գունդերը յառաջապահ դիրքերու վրայ են: Դրօ 2-րդ գունդի հրամանատար է, Վանի գիծին վրայ: Բաւական յառաջանալէ ետք, կռիւի կը բռնուին թշնամիին հետ, որուն կը հետեւէին քրտական անկանոն կռուողները. զօրաւոր բախումէ մը ետք, ետ կը մղէ թշնամին: Դրօ առաջին դիրքերու վրայ հրամաններ կու տայ. յանկարծ ժայռերու ետեւ թաքնուած թշնամիին գնդակը կը խոցէ Դրոյի կուրծքը: Մահացու վիճակի մէջ Դրօ կը փոխադրուի Թիֆլիսի զինուորական հիւանդանոց:

Ապրիլ 1915-ին կամաւորական զօրագունդի գլուխ անցած` ան Վան մտնողներուն առաջինը կ’ըլլայ:

23-27 մայիս 1918-ին Դրոն ստանձնեց Ապարանի ճակատամարտի հրամանատարութիւնը: Ապարանի ճակատամարտը, իրաւացիօրէն, Դրաստամատ Կանայեանի փառքի գագաթնակէտն էր: Հայ ժողովուրդին համար ամենաօրհասական այդ օրերուն ան կրցաւ ոչ միայն կասեցնել թրքական 13.000 հաշուող զօրաբանակին յառաջխաղացումը դէպի Երեւան, այլեւ ջախջախիչ հարուած հասցուց թուրքերուն, որոնք խուճապահար փախան մարտադաշտէն:

Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք Դրոն ձեռնամուխ եղաւ հայկական բանակի կազմաւորումին: Սակայն անոր վաստակը անուրանալի է յատկապես երկրի ներքաղաքական կեանքի կայունացման գործին մէջ: Դրոն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցաւ Հայաստանի մէջ կարգ ու կանոն հաստատել:

1918 դեկտեմբերի կէսերուն տեղի կ՛ունենար հայ-վրացական պատերազմը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Դրոյին վստահեցաւ հայկական բանակի հրամանատարութիւնը ու յանձնարարեց Լոռին մաքրել վրացիներէն: Շուրջ մէկ ամիս տեւած պատերազմի ընթացքին հայկական զօրքերը, Դրոյի առաջնորդութեամբ, ջախջախեցին վրացական զօրքերը, Դրոն կրցաւ մաքրել Լոռին վրացիներէն:

1919 դեկտեմբերի կէսերուն 600 զինուորով Գորիս կը հասնի Զանգեզուր-Ղարաբաղի ռազմական ուժերու ընդհանուր հրամանատար նշանակուած Դրոն: Կարճ ժամանակի մէջ, մինչեւ 19 յունուար, ամբողջ Զանգեզուրը կ՛ազատագրէ. Դրոյի ընդհանուր հրամանատարութեամբ կը կռուէին Եապոնի, Նժդեհի եւ միւս հրամանատարներուն առաջնորդած մարտական ուժերը:

Հետեւաբար, Արարատեան դաշտի ռազմական ուժերու զինուորական կոմիսար եւ Երեւանի ուժերու հրամանատար Դրոն ամէն ինչ էր կազմակերպուող հայկական բանակին մէջ:

1920-ի աշնան, Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեան օրով, Դրաստամատ Կանայեանը ստանձնեց ռազմական նախարարի պաշտօնը:

Անուրանալի է զօրավար Դրոյին ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման ու զարգացման մէջ:

2 դեկտեմբեր 1920-ին կառավարութեան կողմէ խորհրդայիններուն հետ միասին կը ստորագրէ համաձայնագիր, որմէ ամիս մը ետք կ’աքսորուի Մոսկուա, ուր կը մնայ հինգ տարի: 1925-ին Չեկան կ’արտօնէ, որ անցնի Փարիզ եւ ապա` Ռումանիա:

1933-ին ՀՅ Դաշնակցութեան 12-րդ Ընդհանուր ժողովը զինք կը դնէ կուսակցութեան գերագոյն ղեկավարութեան մէջ, ուր կը մնայ մինչեւ մահ:

1952-1955 թուականներուն Պէյրութ կ’ապրի, ապա` Միացեալ Նահանգներ, 8 մարտ 1956-ին, յետերկարատեւ հիւանդութեան, կ’աւանդէ իր հոգին Պոսթընի մէջ: 29 մայիս 2000-ին վերայուղարկաւորուեցաւ Ապարանի ճակատամարտի յուշահամալիրի աջ եզրաթումբին վրայ:

 

(Շար. 8)

yerakouyn.com/2018/09/07/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail