Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournéés – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)
Սաիդա Օհանեան. «Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր օրը»
(Ելոյթ «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին)
04 ՅՈՒԼԻՍ 2018 –
Քանի որ աշխատանքները սկսեր ենք նոր պայմաններու տակ, ուստի թոյլ տուէք նախ եւ առաջ շնորհաւորել բոլորիս հայ ժողովուրդի Ապրիլ-Մայիսեան զարթօնքի իրականացման, որու արդիւնքները մեր ազգային-պետական համակարգին մէջ արմատաւորելու գործընթացի, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի Հանրապետութեան նոր օրուայ կապակցութեամբ:
Եւ քանի որ սկսեր են նոր պայմաններով, ապա խօսքս սահմանափակելու եմ հիմնական առաջարկ-դրոյթներով:
Բազմիցս ներկայացուցեր ենք համշենահայերու եւ մերձաւոր արեւելեան տարածաշրջանի ազգային ինքնութենէ հեռացած հայերու խնդիրներուն մասին: Հսկայածաւալ աշխատանք կայ իրականացնելու կապեր հաստատելու, վստահութիւն ձեռք բերելու, օժանդակելու եւ ի վերջոյ արդիւնավէտ համագործակցութիւն կայացնելու համար:
Այդ ուղղութեամբ բաւական աշխատանքներ տարուեր են «Համշենուհի» համշենահայերու կանանց միջազգային միութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներու կողմէ: Կ՛առաջարկենք իրականացնել այդ աշխատանքներու սերտ համադրում ու համագործակցութիւն գործընկերներու ու Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ:
Սփիւռքի նախարարութեան կ՛առաջարկենք հետեւողական ըլլալ նախարութեան կարգավիճակի պահպանման հարցով եւ թիւս այլ հարցերու՝
ա) յատուկ ուշադրութիւն դարձնել հայրենադարձութեան խնդրին,
բ) աւելի մեծ ծավալներով իրականացնել սփիւռքահայ երիտասարդներու ուսումնառութեանը ՀՀ-ի ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Տեղեկացնենք, որ «Համշենուհի» համշենահայերու կանանց միջազգային միութեան ներկայացուցիչները պաշտօնապէս դիմեր են Նոպելեան կոմիտէին Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ շնորհելու առաջարկով Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր («Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» կողմէ) Կարօ Փայլանին, մարդու՝ ով ողջ կեանքը նուիրեր է հայ եւ միւս բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին՝ տարածաշրջանին մէջ: Ներկայիս կարեւոր խնդիր ունինք մեր ձայնը բարձրացնելու պաշտպանելու Կարօ Փայլանին թրքական իշխանութիւններու կազմակերպած դատական հետապնդումներէն:
Այս հարցով, եւ մեր նոր աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ նորացող Սփիւռքի նախարարութեան կը մաղթենք համահայկական ընդգրկման բազմաթիւ յաջողութիւններ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ երեկ՝ Մայիսի 29-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 7-րդ նստաշրջանին պաշտօնական որոշում առնուած է հայ ժողովուրդին տրուած իրաւունքներու պաշտպանութեան, այդ թվում՝ ԱՄՆ 28–րդ Նախագահ Ուտրո Ուիլսոնի 1920 թ. Նոյեմբերի 22–ին կայացուցած Իրաւարար վճռի իրականացման վերաբերեալ հարցով դիմելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին:
Մենք վստահ ենք, որ հեռու չէ այն օրը երբ բռնագրաւումէն կ՛ազատագրուին Հայոց Հայրենիքի անբաժանելի մասերը՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան: Եւ ի հարկէ իմ հարազատ Համշեն աշխարհը:
Շնորհակալութիւն եւ ամենայն բարիք բոլորիդ
Սաիդա Օհանյան`
«Արմինֆոկենտրոն» Լրատվական գործակալութեան ներկայացուցիչ,
«Համշենուհի», համշենահայերու կանանց միջազգային միութեան ղեկավար,
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր
30.05.2018
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս»