Արմէն Տէր-Սարգսեան, (Ելոյթ «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին)

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournéés – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)

Արմէն Տէր-Սարգսեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայերու հիմնախնդիրները կարելի են լուծուիլ Հայկական Հարցի լուծման միջոցով»

(Ելոյթ «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին)

04 ՅՈՒԼԻՍ 2018 –

Հայկական խնդիրները, որոնք բազմաթիւ են ու բազմաշերտ, շատ յաճախ առանձին – առանձին լուծումներ չունին, ինչպէս օրինակ՝

-Սփիւռքահայութեան համընդհանուր հայրենադարձութեան խնդիրը,

-Հայաստանի Հանրապետութեան «ելք դէպի ծով» դուրս գալու խնդիրը,

-Հայաստանի Հանրապետութեան հարեւաններու հետ արդարացի սահմանազատման խնդիրները,

-Արցախեան հիմնախնդիրի լուծումը, այլ ոչ թէ անվերջ տարուող ու ձգձգուող բանակցություններուն պատանդ մնալու հանգամանքը,

-Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայքներու ներկայի ու ապագայի խնդիրները,

-Արեւմտեան Հայաստանի եւ անոր հարակից տարածքներուն մէջ ապրող ազգային ինքնութենէն հեռացած հայերու խնդիրները եւ այլ…

Այս ամէնը համատեղուած են հաշուի առնելով, որ՝

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող հայութիւնը 1894-1923 թթ. թրքական իրարյաջորդ կառավարութիւններու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի հետեւանքով այնտեղ հաստատուած հաւաքականութիւն է,

— 98 տարի է Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը բռնագռաուած կը պահէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը,
— Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն համար առկայ են նոր իրողութիւններ ու մարտահրաւէրներ,
— Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն կենսագործունէութիւնը շատոնց արդէն էապէս կը տարբերի աւանդական Սփիւռք հասկացութեան կենսագործունէութենէն,
— Մերձաւոր Արեւելք եւ Արեւմտեան Հայաստան ապրող հայութիւնը, այնուհանդերձ, ազատ ապրելու, ազատօրէն զարգանալու եւ արժանապատիւ ապագայ ունենալու իրաւունք ունի, ինչպէս անոնք սահմանուած են միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներով ու նորմերով,
— Հայութիւնը նահանջելու այլ տեղ չունի այլեւս, բացի իր հայրենիքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն…
— Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) իրաւասութիւնը տարածուած է ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան քաղաքացիներու, այնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաուուած երկրամասի՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւական (de jure) եւ փաստական (de facto) տարածքներուն վրայ,

Արժէ ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, որ անոնց լուծումները տրուած են հայութեան բնօրրան վերադառնալու իրաւունքով այնպէս, ինչպէս նշուած են 1918-1920 թուականներուն կայացուած շարք մը որոշումներու մէջ, ինչպէս՝

Ռուսաստանի Կառավարութեան Հրամանագրի (Ժողովրդական Կոմիսարների Խորհուրդ) «Թրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին»), 11 Յունուար 1918 թ.,
— Դաշնակից Պետութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ փաստական (de facto) Հայաստան պետութեան անկախութեան ճանաչման, Փարիզի Վեհաժողովի ժամանակ, 19 Յունուար 1920 թ.,
— Դաշնակից Պետութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ իրաւական (de jure) Հայաստան պետութեան անկախութեան ճանաչման, Փարիզ, 11 Մայիս 1920 թ.,
— Կիլիկիոյ հայերու ընդունած «Կիլիկիոյ անկախութեան մասին» Հռչակագրի, 4 Օգոստոս 1920 թ.,
— Սեւրի խաղաղութեան պայմանագրի, 10 Օգոստոս 1920 թ.,
— ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրօ Ուիլսնի կայացուցած Իրաւարար վճռի, որու ամբողջական անվանումն է՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի, Հայաստանի դէպի ծով ելքի եւ հայկական սահմանին հարակից թրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ», 22 Նոյեմբեր 1920 թ.:

Նկատի առնելով նաեւ, որ՝

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ոչ մէկ կերպ չեն դադրիր զինեալ հակամարտութիւնները,
— Սեւրի խաղաղութեան պայմանագրի բոլոր կէտերու իրականացումը կարելի է վճռական քայլ հանդիսանալ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրական խաղաղութեան ու համագործակցութեան հաստատման,
— Սեւրի խաղաղութեան պայմանագրով հաստատուեր են Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններու սահմանները, որոնց կարգին նաեւ՝ Հայաստան պետութեան սահմանը, որու վերաբերեալ կայացուեր է նաեւ ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Ուտրօ Ուիլսնի Իրաւարար վճիռը, որը սակայն մինչեւ այսօր կեանքի չէ կոչուած:

Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայերուն խնդիրներու լուծման բանալին Հայկական Հարցի արդարացի լուծումն է, որը պահանջատիրութեամբ, յատուկ դիմումնագրերով, հանդէս եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար: Կը մաղթենք ամենայն բարիք, յաջողութիւններ եւ առաջարկներու ու ծրագրերու արդիւնավէտ իրագործում:

01.06.2018 թ.

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս»

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail