Տիգրան Փաշաբեզեան, «Հայկական օրակարգի խնդիրները հայութեան ու Հայաստանի ուղղուած ներկայի մարտահրաւէրներու ու սպառնալիքներու լոյսի տակ»

Արեւմտահայերէն Լրատուական Կայք

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournéés – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)

04 ՅՈՒԼԻՍ 2018 –

(Ելոյթ «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին)

Հայկական կամ համահայկական օրակարգը, ինչպէս աւելի յաճախ կը գործածուի, կը ձեւաւորուի երկու գործընթացներով՝ հայկական աշխարհի խնդիրներով, օրինակ Սփիւռքի պարագային՝ հայկական կեանքի կազմակերպում․ Հայապահպանութիւն եւ մարտահրաւէրներու ու սպառնալիքներու պարտադրանքով, օրինակ՝ Արցախի ազատագրութեան օրակարգ:

Հետեւաբար հայկական օրակարգն իր մէջ կ՛ամփոփէ, կը ներառէ հայկական աշխարհներու օրակարգերը եւ անոնց միասնութիւնն ալ ճիշտ համահայկական օրակարգն է:

Ո՞րն է սակայն մեր գլխաւոր բացթողումը այս հարցին:

Ըստ էութեան, Հայկական Հարցի սկզբէն (1878 թ.) եւ Հայերու ցեղասպութենէն (1894–1923 թթ.) յետոյ ինկած ժամանակահատուածին մէջ հայկական միասնական օրակարգ չի ձեւաւորուիր: Սփիւռքի հայութեան օրակարգին հայ համայնքներու կազմաւորման, Հայապահպանութեան, Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման եւ Խորհրդային Հայաստանի հետ հարաբերութիւններու խնդիրներն էին: Խորհրդային Հայաստանի օրակարգին մէջ Հանրապետութեան վերածնունդի ու զարգացման, Հայրենադարձութեան խնդիրները: Հայաստանի Հանրապետութեան օրակարգին Արցախեան ազատամարտը յաղթանակով աւարտելու, Արցախի հայութեան, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, թշնամանքի ու շրջափակման յաղթահարման, ինքնորոշման իրաւունքի, ազատութեան եւ անկախութեան հաստատման ու պահպանման խնդիրները:

Ընդ որում, պէտք է խոստովանիլ, որ վերոնշեալ խնդիրները շատ պարագաներու ունին լուծումներ եւ այլ պարագաներու չունին, որովհետեւ իրար կապուած են եւ իրականութեան մէջ կապուած են հայկական օրակարգին, համահայկական օրակարգին:

Լաւ է, որ վերջին տասնամեակներուն բարքաուաճեցաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան գաղափարը, որը ըստ էութեան եռամիասնութեան օրակարգ է:

Սակայն Մերձաւոր Արեւելքի ու հարակից տարածքներու հայ համայնքներուն պարտադրուած կենսագործունէութեան նոր ու դժուարին պայմանները մէկ կողմէ, Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ներուժի առկայութիւնը միւս կողմէ կը յիշեցնէ մեզ, որ հայկական օրակարգի, համահայկական օրակարգի շղթան լրացնելու եւ ամբողջացնելու ժամանակը եկեր է:

Ըստ այդմ՝ մեր առաջարկն է, Հայաստան — Սփիւռք — Արցախ եռամիասնութեանը՝ եռամիասնութեան օրակարգին, գումարել Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու պակասող 4-րդ բաղադրիչը եւ այդ ընել զուսպ կերպով, առանց աղմուկի ու թմբկահարութեան, առանց ցուցադրականութեան, բայց խորքային համագործակցութեան եղանակով, ապահովելով բոլոր չորս բաղադիչներու ու օրակարգերու փոխառընչութիւնը, համագործակցութիւնը, փոխօգնութիւնը: Վերջինիս պարագային, որպէս իրաւական քաղաքական գործիք՝ ընտրելով 2011-2018 թթ: ընթացքին ձեւաւորուած ու իրականացուած Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործընթացը, 1918-1920 թթ. հայութեանը տրուած յայտնի իրաւունքներու հիմքերով:

Մեր առաջարկն է ահա այսպէս ձեւաւորել հայկական, համահայկական ժամանակակից օրակարգ, ինչը հնարաւորութիւն կու տայ հայկական խնդիրները դիտարկել ամբողջութեամբ եւ գտնել անոնց լուծման համապատասխան ուղիներն ու ճանապարհները:

Կը հաւատանք, որ այս հարցին վճռական ու կարեւոր դերակատարութիւն կրնան ունենալ Սփիւռքի մեր գործընկերները՝ լրագրողները, լրատուամիջոցները եւ Սփիւռքի նախարարութիւնը:

Քանի որ կը հաւատանք, որ միասնական ջանքերով կրնանք հասնիլ այս բոլորին, երբ հայկական, համահայկական միասնական օրակարգի շուրջ սկսին համագործակցիլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը – Արցախը — Սփիւռքը եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ներկայացուցիչները:

Մինչեւ ելոյթի աւարտը կը ցանկանք ներկայացնել նաեւ մեր միւս առաջարկները հետեւեալ կէտերուն ընդ մէջէն.

1, Սփյիւռքի նախարարութիւնը պահպանել որպէս նախարարութիւն եւ որպէս Հայաստան – Արցախ — Սփիւռք համագործակցութեան հիմնական դերակատար:

2, Սփիւռքի նախարարութեան համար առաջնային համարել հայրենադարձութեան խնդիրը, այդ իրագործել լաւ մշակուած հայեցակարգի ու ծրագրերու հիման վրայ:

3. Սփիւռքի նախարարութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարութեան սերտ համագործակցութեամբ եւ հաշուի առնելով Պաշտպանութեան նախարարութեան բանակաշինութեան «Ազգ-բանակ» հայեցակարգը, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու «Մշտական, զինուած, դրական չէզոքութեան մասին» որոշումը, ապահովել սփիւռքահայ երիտասարդներու մասնակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան բանակաշինութեան գործին:

Շնորհակալութիւն ուշադրութեան համար: Ձեր բոլորին աջակցութիւնը կ՛ակնկալենք այս չափազանց կարեւոր հարցին:

01.06.2018 թ.

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սալբի Տ, «Լուսաւոր Աւետիս»

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail