Ինչպէ՞ս Լուսաբանել Հայերը` Զանոնք Հասցնելու Համար Ազգային Իրա՛ւ Յանձնառութեան

10 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երբ հայրենիքի հայը կ՛արտագաղթէ, երբ սփիւռքի հայը հայրենատէրի գիտակցութեամբ չի վերադառնար հայրենիք, պարզապէս կարելի է եզրակացնել, որ ազգային իրա՛ւ յանձնառութեան պակաս կայ:

Միշտ եղած են եւ կան բացառութիւններ, որոնց համար հայրենիքը եւ հայրենատիրութիւնը գերադաս են` քաղքենիացած եւ քաղքենիացող մեծամասնութենէն տարբերող:

Վասն լաւ ապրելու եւ յաջողելու արտագաղթող եւ արտագաղթած հայը, յիշատակներուն տուրք տուող եւ «տուրիզմ»-ով բաւարարուող սփիւռքահայը, ազգին յարաբերաբար լուսանցքի վրայ են: Կրնա՞նք պահիկ մը մտածել, որ անոնցմով ազգ կը գոյանա՞յ, անոնցմով ապագայ կը կերտուի՞, ազգի պատմութիւնը կը շարունակուի՞, նոյնիսկ երբ բարեսիրական եւ հայրենասիրական ճառեր կը հնչեն եւ կը ծափահարուին:

Մեր դարու բոլոր մարդոց պէս, հայերը կը հետապնդեն բարօրութիւն, կեանքի որակ, ապահովութիւններ, աշխատանք, զաւակներու ուսում եւ ապագայ: Այս բոլորը, կարծէք, ազգային գոյութեան եւ արժէքներու հետ խոտոր կը համեմատին. աւելի պարզ, ինչ որ ազգային է, կը ստորադասուի: Հետեւաբար պէտք չէ զարմանալ, որ կը նահանջէ, կ՛աղարտի եւ շատերու կեանքէն կ՛անհետանայ լեզուն: Այդ ընթացքին հայերէն գիրը, գրականութիւնը եւ գիրքը հետզհետէ քիչ մը աւելի կծկուող փոքրամասնութեան մը հաւատարմութիւններուն ինքնագոհութիւն կը դառնան:

Այս բացասականութիւններուն ի տես` յաճախ կը մտածեմ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել (պէտք էր ընել) եւ չենք ըրած եւ չենք ըներ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի երբեմն յուզելու համար ահազանգուող նահանջը կանգ առնէ:

Նախ հայ մարդոց ուղեղներէն եւ բառապաշարէն ինչո՞ւ չենք ջնջեր անհեթեթութիւններ, զորս, օրինակ, բեմերէն եւ մամուլէն կը պոռանք, աւելի ճիշդ` կը պոռչտանք, որ մենք համաշխարհային ազգ ենք: Վերանորոգուող, աճող եւ միաժամանակ տեւաբար մաշող գաղթականութիւնները ինչպիսի՞ յատկանիշներով ազգ կ՛ըլլան, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս: Չկայ համաշխարհային ազգ, կան տարածուող եւ նօսրացող հին եւ նոր գաղթականութիւններ:

Այս հիմնահարցը որպէս այդպիսին չի դիմաւորուիր հայրենի պետութեան կողմէ` քարոզչական, մարդորսական, բարեսիրական եւ ներդրումային ակնկալութիւններով: Սփիւռք(ներ)ի գիտակից եւ յանձնառու փոքրամասնութիւն մը որպէս ազգի բեկոր տոկալու եւ տեւելու ճիգ կ՛ընէ: Բայց մեծամասնութիւնը բացակայ է այդ ճիգէն: Փակուող դպրոցներու թիւը անթաքոյց ցուցանիշ է: Իսկ մտաւորականութիւնը ահազանգ չի հնչեցներ, ինչպէս սովորութիւն է ըսել` մարդ չխրտչեցնելու համար: Իսկ հայկական մամուլը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կա՛մ Հայաստանի իրադարձութիւններուն բեմն է, կա՛մ` «մենք ու մերոնք»-ի յաջողութիւններու եւ անուններու սնապարծութիւններուն: Վերջինը խիստ բարացուցական է: Շատ մը բաներու ախոյեաններով ամբոխ զուարճացուցած ենք, բայց դեռ բախտախաղի ախոյեան չէինք ունեցած, հիմա ունինք, եւ այնքա՜ն օրինակելի, որ լրատուամիջոցներ յորդեցան փոքերի արքայի պատկերներով եւ խօսքերով, քաջալերանք` բազմացնելու համար բախտախաղի սիրահարները եւ հեռատեսիլային ծանուցումները, խաղատուները եւ վաղուան յոյսով տան հացը հովին տուողները:

Իսկ սփիւռք(ներ)ի մամուլը եւ լրատուամիջոցները, Հայաստանի լուրերէն առաջ եւ վերջ, կը բաւարարուին ընդհանրապէս համայնքային հարցերով եւ հազուադէպօրէն այդ համայնքներու ազգային գոյութենական խնդիրներով եւ անոնց լուծումներով, կարծէք` համոզուած ըլլալով եւ համոզելով, որ սփիւռք-ազգ պիտի ըլլայ եւ մնայ մեր ժողովուրդի համրանքի կէսէն աւելին: Սփիւռք(ներ)ի հայկական լրատուամիջոցները կը յորդին համայնքային, տեղական եւ տեղայնական մանրուքներով` ակնթարթային լուսարձակներու պատկերներու սնապարծութիւնը տարածելով, միամտօրէն խորհելով, որ անոնցմով մենք պիտի ըլլանք եւ մնանք մենք: Այդ ընելով, հայկական լրատուամիջոցները, ոմանք աւելի, ոմանք նուազ, կը թեքին ընդգրկուելու թաղային կազեթի (ղազեթայի) վիճակին մէջ:

Հայաստան գումարուած մամուլի խորհրդաժողովներուն երբեմն խօսուեցաւ այս մասին, բայց քարոզչականը եւ գովերգականը մնացին տիրական, այսինքն, ինչպէս կ՛ըսուի, մենք մեզ իրարու եւ մենք մեզ աշխարհին ծանօթացնելու ճիգերը մնացին գերակշիռ: Շատ աւելի կը սիրենք խօսիլ մարզիկի մը յաջողութիւններուն մասին, քան` ակադեմիկոս պատմաբանի մը աշխատանքին մասին: Քանի՞ թերթեր եւ այլ լրատուամիջոցներ արձագանգեցին Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանին մէջ գումարուած գիտաժողովի մը մասին, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ ականաւոր դէմքեր եւ գիտնականներ: Անոնք նուազ կը զուարճացնեն ամբոխը, ընթերցող եւ լսող նուազ կը գրաւեն, քան` զաւեշտ մը եւ իրարու նմանող երգիչներէն մին:

Հեռատեսիլը audimat-ը (դիտող-լսողներու թիւը) աւելցնելու եւ այդ ճամբով ալ ծանուցումներէն աւելի դրամ գանձելու համար կը մշակէ մակերեսայնութիւնը եւ լուրջ հաղորդումները կը սփռէ այն ժամերուն, երբ մարդիկ արդէն կը քնանան: Չէ՞ք հանդիպած նոյնիսկ լուրջ համարուած մարդոց, որոնք ըսեն, օրինակ, թէ կը կարդան միայն թերթին հաստ գիրերով վերտառութիւնները: Եւ անոնք ճնշող մեծամասնութիւն են, պէտք չէ մեր աչքերը վարագուրենք: Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի մարզական, թատրոնի, երգիչ-երգչուհիի լուրերէն առաջ եւ վերջ հաւաքականութեան ճամբան լուսաւորող էջերը կարդացուին, եւ հայ թերթը կամ լրատուամիջոցը չըլլայ սոսկ կազեթ: Ինչո՞ւ հայ գրողի կամ հայ քաղաքական վերլուծաբանի յօդուածը պիտի չսկսի թերթի առաջին էջով, պէտք պիտի ըլլայ այդ գտնել, պատահար, թերթի թաքնուած էջերուն մէջ: Կարծէք` ազգ, ազգային հարցեր, մշակոյթ, հայրենիք, հիմնահարցեր` դատապարտուած են մնալու թաքնուած էջերու մէջ: Այդ եղած է ընդհանուր սովորութիւն եւ վերաբերում, որուն պատճառով գիտակցութեան պակասը կը շեշտուի, նաեւ` յանձնառութիւնը:

Հարկ է ձերբազատիլ կազեթի մակերեսայնութենէն: Թերթեր կան, որոնց կազեթի էջերը, ինչպէս կ՛ըսուի, copie-collet են, առանց որեւէ ինքնատպութեան` կրկնութիւն: Ինչո՞ւ հայ թերթի խմբագրութիւնը, իր առաջին էջով իսկ, երբեմն ընթերցողին պիտի չթելադրէ այս կամ այն էջի կարեւոր յօդուածի ընթերցումը, որպէսզի թերթը եւ լրատուամիջոցը իրենց առաջնորդողի դերը կատարեն:

Ընթերցող-գրող, խօսող-լսող, ղեկավար-ժողովուրդ երկխօսութիւնը, փոխադարձ հասկացողութիւնը վերականգնումի յանձնառութեան դարպասն են, որպէսզի չծանծաղինք տեղականի, համայնքայինի, անմիջականի եւ մակերեսայնութեան մէջ:

Ի հարկէ այս լսելու եւ կարդալու գծով եղած ճիգը ինքնանպատակ չէ բանգէտներու ծնունդ տալու եւ ընկերային հանդիպումներու ընթացքին փայլելու համար: Ազգային արժէքներու, հարցերու, նպատակներու իրա՛ւ գիտակցութիւնը զարդ չէ, ան պիտի ըլլայ յանձնառութեան տանող ճանապարհ, որպէսզի տոկանք եւ տեւենք, չմնանք անիրաւուած եւ կոտորակուած:

Այս գիտակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը հրաշքով երկինքէն պիտի չիջնեն որպէս մանանայ: Պիտի գան ընթերցումով եւ մասնակցութեամբ, երբեմն` առօրեայ անմիջականին կողքին դնելով մեր ինքնութիւնը, ազգային հպարտութիւնը եւ իր իրաւունքներէն չհրաժարող ազգ ըլլալու ոգեկանութիւնը:

Այս ընելու համար անխոնջ եւ անդադրում ճիգով պէտք է հասնիլ իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ:

Այս ճիգին իրենց աջակցութիւնը պարտին բերել հայրենի պետութիւնը եւ ամէն գոյնի եւ տարողութեան ղեկավարութիւնները:

Ինչպէս այս կամ այն կողմի պատկանող դպրոցի փակումը հայ դպրոցի փակում է, այդպէս ալ այս կամ այն կողմի պատկանող հայկական լրատուամիջոցի փակումը հայկական լրատուամիջոցի փակում է:

Եւ, սկսելու համար, հայկական լրատուամիջոցները կողմի պատկանելէ առաջ եւ վերջ պէտք է ըլլան ազգին կողմնորոշումները արտայայտող խօսքի բեմ, ինչ ալ ըլլան կողմնորոշումները այդ խօսքին: Բազմակարծութիւնը կը բանայ լուսաբանութեան դուռը եւ կը զարգացնէ իրատեսութիւնը եւ առարկայականութիւնը:

Մի՞թէ յաճախ չենք խօսիր միութեան եւ մէկութեան մասին:

Պէտք է ըսել, թէ ինչպէ՛ս այդ խօսքէն անդին կրնանք անցնիլ, որպէսզի մեր վաղը այսօրէն աւելի լաւ ըլլայ:

30 օգոստոս 2018, Երեւան

aztagdaily.com/archives/408119

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail