6-7 Սեպտեմբեր 1955. Կ. Պոլիսը թատերաբեմ դարձաւ յոյներու դէմ լայնածաւալ եւ վայրագ խոշտանգումներու Ն.
06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ:
6 եւ 7 Սեպտեմբերին, 63 տարի առաջ, թրքական այլամերժութեան, ջղագար ազգայնամոլութեան եւ բարբարոսական վայրագութեան ահաւոր «խրախճանք» մը կազմակերպուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ փողոցներուն մէջ։
Սեպտեմբեր 6ի երեկոյեան սկսաւ եւ մինչեւ 7 Սեպտեմբերի կէսօրը շարունակուեցաւ մոլեգնած թրքական ամբոխի կատաղի յարձակումը ամէն ինչի վրայ, որ յունական էր։ Պատահական յոյն անցորդներ, յունական խանութներ եւ հաստատութիւններ ու յոյներու բնակարաններ անխտիր թիրախ դարձան թուրք ամբոխի պետականօրէն հրահրուած եւ սադրուած խժդժութեանց։
Խոշտանգումներէն անմասն չմնացին նաեւ պատահական այն անցորդներն ու հաստատութիւնները, որոնք թուրք կամ թրքական չէին. այդ առումով` հայեր եւս, աւելորդ անգամուան մը համար, կրկին ճաշակեցին թրքական մոլեգնած այլամերժութեան դառն բաժակը։
Թուրք ամբոխի իւրայատուկ եւ արիւնալի այդ «խրախճանք»ը պատմութեան անցաւ «Պոլսոյ փոկրոմը» անունով։
Փոկրոմը խլեց յոյն երկու եկեղեցականի եւ 14 հոգիներու կեանքը։ Տասնեակներով յոյներ ծանրօրէն վնասուեցան։ Հարիւրաւոր յոյն կանայք բռնաբարուեցան եւ դարձեալ հարիւրներով յոյն տղամարդիկ, եթէ թլփատուած չէին, փողոցին վրայ ամբոխի դաշոյններով… թլփատումի ենթարկուեցան։
Նիւթական կորուստներու տարողութիւնը աներեւակայելի էր։ Յունական 4500 բնակարաններ, 3500 խանութներ եւ հաստատութիւններ, 90 եկեղեցիներ ու վանքեր, 36 դպրոցներ ու 3 գերեզմանատուներ կողոպտուեցան, քանդումի ենթարկուեցան կամ պղծուեցան։ Ընդհանուր վնասի գումարը, այդ ժամանակուան արժեգինով, աւելի քան 500 միլիոն տոլար գնահատուեցաւ։
Աւելի՛ն. անմիջականօրէն իր պատճառած մարդկային ու նիւթական ծանր կորուստներէն անդին, Պոլսոյ փոկրոմը այնպիսի ահաւոր սարսափի մատնեց Պոլսոյ յոյն փոքրամասնութիւնը, որ Պոլսոյ մէջ մինչեւ 1955 ապրող 80էն 100 հազար յոյներէն, այնուհետեւ, տարիներու վրայ շարունակուած գաղթի հետեւանքով՝ այսօր մնացած է հազիւ 2000 հազար յոյն։
Բայց ինչո՞ւ պատահեցաւ Պոլսոյ փոկրոմը։ Եւ ինչպէ՞ս սոսկ թուրք ամբոխի մոլեգնութեան հետեւանք չէր։
Պատմութիւնը շատոնց պարզած է, որ փաստօրէն Թուրքիոյ օրուան վարչապետ Ատնան Մենտերէսի կառավարութեան եւ իշխանաւոր Տեմոքրաթ կուսակցութեան կողմէ կանխօրօք մտայղացուած եւ պետականօրէն — կառավարական ու կուսակցական յատուկ սպասարկութեանց միջեւ համակարգումով — ծրագրուած, կազմակերպուած ու գործադրուած քաղաքական յանցագործութիւն էր Պոլսոյ փոկրոմը։
1961ին թրքական դատարանի առջեւ հանուեցան եւ ծանրագոյն մեղադրանքի տակ առնուեցան վարչապետ Մենտերէս եւ արտաքին գործոց նախարար Զօրլու, որոնք յանցաւոր գտնուեցան եւ կախաղանով մահապատիժի ենթարկուեցան։ Դատավարութիւնը բացայայտեց, որ Մենտերէսի կառավարութիւնը ուղղակիօրէն պատասխանատու էր գործուած փոկրոմին համար։
Եւ թրքական պետութիւնը, այդպիսով, իր մեղքերը քաւուած համարեց ու Թուրքիոյ պատմութեան սեւ թղթածրարներու փոշեծածկ գզրոցներուն մէջ նետեց նաեւ այս մէկը` Պոլսոյ փոկրոմին ահաւոր թղթածրարը։
Նոյնիսկ դատավճռով նախատեսուած յոյն համայնքին եւ Թուրքիոյ յոյն քաղաքացիներուն վնասուց հատուցում կատարելու որոշումը թրքական իշխանութիւնները միայն ձեւականօրէն գործադրեցին. հազիւ 20 տոկոսով վնասուց հատուցում կատարեցին փոկրոմի զոհերուն։
Աւելի քան վեց տասնամեակ անցած է Պոլսոյ փոկրոմէն ասդին, բայց յոյն ժողովուրդին հետ ամբողջ աշխարհը, յատկապէս հայ ժողովուրդը չեն կրնար անցեալի ու մոռացութեան փոշեծածկ դարակներուն մէջ այդպէս նետուած պահել 6¬7 Սեպտեմբեր 1955ին Թուրքիոյ պետականօրէն ծրագրած, կազմակերպած եւ կատաղած ամբոխի խժդժութեանց տեսքով գործադրած քաղաքական ոճիրը։
Էապէս եւ ըստ ամենայնի քաղաքական էր ոճիրը, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները մէկ քարով երկու թռչուն որսալու ահաւոր յանցագործութեան դիմեցին։
Մէկ կողմէ՝ Կիպրոսի յոյն մեծամասնութեան քաղաքական արդար պահանջները խեղդելու թիրախին ուղղուած էր անոնց հարուածը։ Թրքական կառավարութիւնը փոկրոմով պատասխանեց եւ վիժեցուց այդ օրերուն Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Մ.Ա.Կ.ի յատուկ խորհրդակցութիւնները, որոնք կը փորձէին թրքական իշխանութեանց ստիպել, որպէսզի սանձ դնեն Կիպրոսի թուրք փոքրամասնութիւնը գրգռելու Անգարայի հետեւողական քաղաքականութեան։
Միւս կողմէ՝ թրքական կառավարութիւնը արմատական հարուած հասցուց երկրի տնտեսութեան միջնաբերդը հանդիսացող Պոլսոյ մէջ յոյն գործարարներու մրցունակութեան եւ գերակշռութեան` հակայոյն կատաղութեան սերմանումով ու բորբոքումով ահի ու սարսափի մատնելով ամբողջ յոյն համայնքը, նպատակ ունենալով ի վերջոյ ձերբազատուիլ յոյներու ֆիզիքական ներկայութենէն։
Այսօր արդէն բացայայտուած իրողութիւններ են, որ Պոլսոյ փոկրոմին պատրուակ ծառայած 4 Սեպտեմբեր 1955ի ռումբի պայթումը, Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարանին մէջ, սադրանքն էր նոյնինքն թրքական սպասարկութեանց։ Հակառակ անոր, որ հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ պայթեցուած ռումբ մըն էր եղածը եւ միայն ապակիի վնաս պատճառած էր, Սեպտեմբեր 4էն սկսեալ, երկու օր շարունակ, թրքական մամուլն ու զանգուածային լրատուութեան միջոցները ողջ աշխարհի յոյներուն դէմ կատաղի արշաւ ծաւալեցին` հակաթուրք ատելութիւն սերմանելու մեղադրանքին տակ առնելով յոյները, բայց խորքին մէջ նոյնինքն թուրք ամբոխին հակայոյն, այլեւ ազգայնամոլ կատաղութիւնը բորբոքելով։
Այդ քարոզարշաւին զուգահեռ, թրքական սպասարկութիւնները շուրջ 300 հազար սենտիքայականներ հաւաքագրեցին, զինեցին եւ կառավարական փոխադրամիջոցներով Պոլիս թափեցին Սեպտեմբերի 6ին, որպէսզի անոնց առջեւ բաց ասպարէզի վերածեն քաղաքակեդրոնի առեւտրական շուկաները, Թաքսիմի հրապարակէն սկսեալ, ուրկէ ծայր առաւ կատաղի փոկրոմը։
«Մահ կեաւուրներուն», «Յոյները Յունաստան թող երթան» եւ «Պոլիսը զտարիւն թուրքերուն կը պատկանի» կարգախօսներով` ամբոխը կառավարական յատուկ ջոկատներու հսկողութեան տակ եւ հրահրումով գործեց իր խժդժութիւններն ու խոշտանգումները։
Որքան ալ թրքական ամբոխային մոլեռանդութիւնը դերակատար էր, նոյնքան եւ աւելիով չարիքին շղթայազերծումը գործն էր թրքական իշխանութեանց, որոնք վերջին հաշուով քաւութեան նոխազի վերածեցին վարչապետ Մենտերէսն ու անոր կուսակցութիւնը։
Այդպիսով լուացուած ու մաքրուած համարեցին նաեւ իրենց արիւնոտ ձեռքերը։
Ահա թէ ինչո՛ւ ոչ միայն յոյն ժողովուրդը, այլեւ ամբողջ աշխարհը, յատկապէս հայ ժողովուրդը իրաւունք չունին մոռացութեան յանձնելու Պոլսոյ փոկրոմը, որովհետեւ թրքական իշխանութեանց արիւնոտ ձեռքերը դեռ չեն մաքրուած իրապէ՛ս, եւ ի վիճակի ե՛ն, որեւէ պահու եւ որեւէ կացութեան դէմ յանդիման, վերստին պատուհաս դառնալու թրքական պետութենէն արդարութիւն եւ իրաւունք պահանջող որեւէ ժողովուրդի գլխուն։
6¬7 Սեպտեմբեր 1955ի Պոլսոյ փոկրոմին մոռացութեան գինը կրնայ ճակատագրականօրէն աղիտալի ըլլալ, նաեւ ա՛յս օրերուն։
Ի վերջոյ՝ թրքական պետութեան գործադրած անցեալի ոճիրները անտեսելու, աւելի ճիշդ՝ այդ յանցագործութիւնները պատեհապաշտօրէն քողարկել-չարաշահելու մեծապետական վարքագծին հետեւանքով է, որ այսօր արար-աշխարհի սահմռկած աչքերուն առջեւ Էրտողանի Թուրքիան աջ ու ձախ մահ ու աւեր կը սփռէ՝ չխնայելով նոյնիսկ այն թուրքերուն, որոնք քաղաքական ու քաղաքացիական ողջմտութեամբ կ՚ուզեն վերջ տալ թրքական պետութեան հրահրած այլամերժութեան ու բարբարոսութեան։
azator.gr/?p=10956