Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ – Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Այս ամառ ուրախանալի երեւոյթ էր, որ շաբաթը եօթը օր Հայաստան թռիչք ունէինք: Նոյնիսկ շաբաթներ եղան, որ թիւը իննի հասաւ:

Հետաքրքրական եւ քաջալերական երեւոյթ էր նաեւ, որ ոչ հայերու մեծ թիւ մը Հայաստան երթալու բնական փափաք մը կը դրսեւորէր: Աւելի ուրախալի էր անոնց վերադարձէն ետք դրական արտայայտութիւնները մեր հայրենիքի մասին:

Պէտք է ըսել, որ վերջին տարիներուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան ալիքի աճը իսկապէս սրտի մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ: Մանաւանդ որ Հայաստանի ապահովութիւնը, յարմարութիւնները, մաքրութիւնը, տեսարժան վայրերու մուտքի յարմար սակերը, բոլորը գումարած` ընդհանուր լաւ մթնոլորտ մը ստեղծած են:

Ուրեմն պատահեցաւ, որ այս տարի երկու անգամ Հայաստան երթալու բախտը ունենամ: Օդակայանը սպասման սրահին մէջ հանդիպեցայ ընտանիքներու, որոնք իրենց ամրան արձակուրդը որոշած էին Հայաստան անցընել, ոմանք առաջին անգամ ըլլալով, ուրիշներ` երրորդ կամ աւելի անգամներ:

Սակայն ցաւալին հոն էր, որ այդ ընտանիքներէն մաս մը մեր հայկական վարժարաններու ծնողներ էին, որոնք ամբողջ տարին նիւթական իրենց պարտաւորութիւնը չէին կատարած: Աւելի՛ն. օժանդակութիւններու դիմած էին, նպաստներ ստացած էին ֆոնտերէն, գոնէ մէկ-երկուքը անձամբ գիտեմ, եւ հիմա հաւանաբար «պարտք»-ով Հայաստան կ՛երթան: Մինչ, անդին, պարտականութեան գիտակցութիւնը ունեցող ծնողներ, որոնք իրենց հացէն ու հագուստէն զրկած եւ դպրոցին վճարած են չեն կրնար Հայաստան երթալ:

Այս հարցին մէջ ուրիշ հարց կայ: Այս օրերուն, կարծէք, հայկական վարժարան ղրկելու մեր ծնողներու որոշումը այնպէս մը կը թարգմանուի, որ մենք` պատասխանատուներս մեծապէս շնորհակալ պէտք է ըլլանք իրենց:

Այսինքն կը մնայ, որ հայկական վարժարան ղրկելու որոշումը տան միայն, մնացածը ազգը պէտք է հոգայ. չէ՞ որ հայկական վարժարան կը ղրկեն: Եթէ շատ գանգատինք, դպրոցէն կը հանեն: Այս ձեւով ալ տնօրէններուն կը սպառնան:

Ժամանակին մեր ծնողները ազգին շնորհակալութիւն կը յայտնէին, որ հայկական վարժարան կը պահուի: Հիմա ազգը շնորհակալութիւն կը յայտնէ, որ ծնողները` «գիտակից» ծնողները ազգին դպրոցները կը պահեն:

Շատ ծիծաղելի է:

Այսօր ազգը շնորհակալ պիտի ըլլայ, որ հայ աշակերտը հայկական դպրոց կը յաճախէ եւ կրթական, նիւթական, բարոյական ու երբեմն ընկերային, առողջապահական, դատական բոլոր հոգերը ազգը կը ստանձնէ:

Ուրիշ խօսքով, կ՛աղաչենք, որ հայկական վարժարաններու յանձնէք ձեր զաւակները:

Ո՛չ, սիրելիներ:

Այսպէս կարելի չէ շարունակել: Կա՛մ երկուքս զիրար պէտք ունինք, կա՛մ ալ եթէ խօսք պիտի լսենք, միայն պիտի ակնկալենք, բայց նուազագոյն ներդրումն ու գիտակցութիւնը պիտի չունենանք, չենք կրնար շարունակել:

Առաջնահերթութիւնները գիտնալը շատ կարեւոր է: Առաջնահերթութիւնները զգալը շատ կարեւոր է: Ազգային կառոյցները չեն եղած անսահման ծառայութեան համար: Եղած են փոխադարձ ծառայութեան յանձնառութեամբ:

Բոլոր ֆոնտերը ինքնանպատակ կ՛ըլլան, եթէ ֆոնտերէն օգտուողները միայն օգտուին:

Սկզբունքը այն է, որ ինչ որ ազգը կու տայ, պարտաւոր ես ազգին վերադարձնել: Խօսքով, գործով կամ յանձնառութեամբ:

Հայկական վարժարանները իրենց բոլոր բացթողումներով մեր Հայ դատի, հայապահպանութեան եւ ապագայի կերտման օճախներն են:

Այս ոգիով մեր զաւակները յանձնենք հայկական հաստատութիւններուն: Վաղը ուշ պիտի ըլլայ:

Վերջապէս, կրկնելու գնով ըսեմ, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է: Որեւէ հարցի, որեւէ իրաւունքի, որեւէ դժուարութեան պարագային, դուք որքան ալ հայութենէ հեռանաք, օտարանաք եւ քաղքենիանաք, ձեզ հայ պիտի սեպեն: Այնպէս որ, մեր միութիւնը զօրութիւն է: Այսպէս է, որ զօրաւոր կը մնայ մեր համայնքը: Այսպէս է, որ ճառագայթող կ՛ըլլայ լիբանանահայութիւնը:

aztagdaily.com/archives/408573

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail