14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Սեպտեմբեր 13ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անգամ մը եւս անդրադարձած է Արցախի հիմնահարցին:
Երբ իրմէ խնդրուած է մեկնաբանել, թէ ներկայիս ի՛նչ կը կատարուի Արցախի հակամարտութեան կապակցութեամբ՝ հաշուի առնելով, որ այդ գծով Ատրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը վերջերս քննարկումներ կատարած են Ռուսիոյ նախագահին հետ, Զախարովա ըսած է. «Անշուշտ կը վերլուծենք բոլոր խօսակցութիւնները, եւ կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ այդ հարցով Ռուսիոյ դիրքորոշումը անփոփո՛խ է։ Արցախի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի քաղաքական եւ դիւանագիտական ճամբով՝ հակամարտութեան կողմերու համաձայնութեամբ: Ռուսիա, իբրեւ ԵԱՀԿ (Մինսկի խմբակի) համանախագահ, պատրաստ է շարունակելու կողմերուն միջնորդական աջակցութեան ցուցաբերումը՝ փոխզիջումի հասնելու համար: Իսկ յառաջխաղացքի համար կլիմայ պէտք ստեղծեն հակամարտութեա՛ն կողմերը»:
asbarez.com/arm/325211/