ՄՈՒՍԱ ԼԵՌԸ… Մեր Պապերի Արժէքները – ՐԱՖՖԻ ՀԱՅԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՐԱՖՖԻ ՀԱՅԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ 

 

0914raffiՍտորեւ ներկայացուած խօսքը արտասանուած է 2 Սեպտեմբեր, 2018ին, Ֆրեզնոյի մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի ոգեկոչման առիթով.

 

Շնորհակալական խօսք Ֆրեզնոյի Խաչվերացի տօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ այս քաղցր հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութեան խօսք ձեզի՝ սիրելի հայրենակիցներ ձեր ներկայութեան համար:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս հաւաքուած ենք այս հիւրընկալ ափերուն, նշելու ու մեր յարգանքի տուրքը ընծայելու Մուսա լերան հերոսամարտի մեր քաջ նահատակներուն:  Զարմանալի ու հետաքրքրական է երբ ամէն տարի, ուր որ ալ ըլլանք, Մուսա լերան այս յիշատակումը տեղի կ՛ունենայ Խաչվերացի տօնին:

Հերոսներու յիշատակումը, սակայն, Խաչվերացի այս տօնին երբեք ալ սուգի ու տրտմութեան յիշատակում չէ, այլ ընդհակառակը, տհոլով ու զուռնայով՝ ոգեկոչելու անոնց անմառ յիշատակը, վառ պահելու համար Մուսա լերան յաղթանակը: Մուսա լեռցիին համար տհոլն ու զուռնան խորհրդանիշ էին յաղթանակի, ուրախութեան ու պայքարի:

Երէկ գիշեր, սիրելիներ, նոյն այդ պահը ապրեցանք ու պարեցինք, ինչպէս մեր նախնիները պարեցին անձրեւին տակ, լերան լանջին:

0914mousaler1

Ճիշդ է, որ այսօր մեր ոտքերուն տակ չունինք Մուսա լեռը: Այսօր կ՛ապրինք տարբեր տեղերու մէջ, նոյնիսկ շատերուս պարագային՝ մեր ծննդավայր Այնճարէն ալ հեռու: Սակայն, այդ քաղցր օրերու յիշատակը երբեք ալ տեղի հետ կապուած չէր ու չէ, երբ այսօր կը շարունակենք ոգեկոչել մեր հերոսներու յիշատակը ամէնուրեք:

Սիրելի հայրենակիցներ, թոյլ տուէք անձնական փորձառութիւն մը կիսելու ձեզի հետ, եւ պահ մը միասին միտքով փոխադրուինք իսկական Մուսա լեռ: 1999ի Սեպտեմբեր ամսուան այս օրերուն, երեք ընկերներով Դամասկոսէն մեկնեցանք դէպի Մուսա լեռ, կտրելով 18 ժամուան ճանա-պարհը: Այցելեցինք Մուսա լերան 6 գիւղերը, տեսանք մեր պապերուն իսկ ձեռքով շինուած տուները եւ եկեղեցիները: Այցելեցինք այն բոլոր տեղերը, ուր մեր պապերն էին ապրած, բայց ափսոս արդէն անոնց կը փոխարինէին քիւրտեր եւ թուրքեր: Այս երկու օրերուն, ուխտագնացութեան տեւողութեան ընթացքին ամէնէն ազդեցիկ եւ միեւնոյն ժամանակ յուզիչ պահն էր, երբ Պիթիասի կիսաքանդ եկեղեցւոյ մէջ, բաց գմբէթին տակ, երեք ընկերներով գետին նստած՝ լռութեան մէջ սկսանք իրարու հարց տալու, թէ արդեօք ի՛նչ էր պատճառը, որ մեր պապերը, իրենց դարերու քրտանաջան աշխատանքի արդիւնքը ետին թողած՝ բռնած էին գաղթի ճամբան դէպի օտար երկիրներ: Այդ օրուան մեր ուխտագնացութենէն մեզի մնաց այդ նոյն կիսաքանդ եկեղեցւոյ բակէն վերցուցած հողն ու ձիթենիի ճիւղերը, մեզի հետ բերելով Այնճար, բաժնելով մեր հարազատներուն եւ բարեկամներուն: Մեզի ընկերացող թուրք վարորդը բարկացած՝ մեզ կը յանդիմանէր, թէ որքան այս հողէն պիտի կարենայինք մեր հետ տանիլ. մեր պատասխանը եղաւ այն, թէ ափ մը հող բաւարար էր մեր պապերուն կարօտը յագեցնելու:

0914mousaler

Մուսա լեռը փոխադրուեցաւ Այնճար. Մուսա լեռցին իր հետ բերաւ բոլոր արժէքները, առաքինութիւնները, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, այլ խօսքով՝ իր ամբողջ մտածելակերպն ու ապրելակերպը, անոնցմով դաստիարակելու համար գալիք սերունդները: Անոնք երբեք տեղի չտուին, ընդհակառակը, անոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը ընծայաբերեցին այդ բոլորին համար: Այդ արժէքներն ու առաքինութիւններն էին՝ աստուածպաշտութիւնը, աշխատասիրութիւնը, քաջութիւնը, ընտանքիի սէրն ու յարգանքը, կազմակերպուծութիւնը, ազգասիրութիւնը եւ ազգանուիրումը, եւ միշտ դէպի լաւի, բարիի ու գեղեցիկի ձգտումը:

Այսօր, այլեւս աշխարհագրական իմաստով Մուսա լեռէն հեռու ենք, իսկ Այնճարի պարագային, շատերուս համար ծննդավայր, մանկութեան եւ պատանեկութեան յիշատակներ, բայց կայ տակաւին այն աներեւելի կապը, որ մեզ ընդմիշտ կը կապէ մեր արմատներուն: Այս բոլորէն անկախ ուրիշ կայ աւելի կարեւոր երեւոյթ մը, որ այսօր կը պակսի մեր մէջ, այդ է՝ մեր պապերէն մեզի փոխանցուած արժէքները, խրատները, եւ իրենց կեանքի փորձառութիւնը, որոնք՝ ըլլալով հանդերձ խաչի ճանապարհ, միշտ լուսաւոր են յարութեան յաղթանակով: Ճիշդ ատոր համար է, որ Մուսա լերան հերոսամարտի այս յիշատակի տօնը կը կատարուի Խաչվերացի տօնին: Այնպէս, ինչպէս խաչը, ինքնիր մէջ տառապանքի ու մահուան խորհրդանիշ է, բայց Քրիստոսով ստացաւ նոր արժէք, Իր յարութեամբ, նոյնպէս ալ Մուսա լերան հերոսամարտը ինքնիր մէջ տառապանքի, կոտորածի ու մահուան պատմութիւն է, եթէ երբեք չկայ այնտեղ յարութեան յոյսն ու լոյսը, որուն սերունդն ենք մենք այսօր, ինչպէս պիտի ըսէր երջանկայիշատակ Գարեգին Ա կաթողիկոս. «Հին արմատներէն նոր ընձղումներ»:

0914mousaler2

Սիրելի հայրենակիցներ,

Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ յիշատակելու այս գեղեցիկ տօնախմբութիւնը եւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած՝ մեր ննջեցեալ հարազատներուն հոգիներուն: Այսօր, սակայն, այս տօնախմբութենէն մեզի կը փոխանցուի հետեւեալ կոչ-մարտահրաւէրը՝ այսօր մեր մէջ չեն այլեւս այն պապիկներն ու մամիկները, որոնք մշտապէս իրենց առօրեայ կեանքի օրինակով կը փոխանցէին նոր սերունդին Մուսա լեռցիի նկարագիրն ու արժէքները: Մարտահրաւէր-կոչը այն է, որ այդ սերունդը այլեւս մեզի հետ չէ, որ առաջին ու անմիջական ներկայացուիցչն էր Մուսա լերան, ու այսօր այդ պարտականութիւնը ամբողջութեամբ մեզի փոխանցուած է, որպէսզի մենք ապրինք այդ առաքինութիւնը ու նկարագիրը, եւ միեւնոյն ժամանակ փոխանցենք մեր սերունդներուն:

0914mousaler3Սիրելիներ, այդ արժանիքներէն ու առաքինութիւններէն ո՞ր մէկը պատրաստ էք զիջելու եւ չփոխանցելու ձեր զաւակներուն. քաջութի՞ւնը, աշխատասիրութի՞ւնը, ազգասիրութի՞ւնը կամ եկեղեցասիրութի՞ւնը: Այս աւանդը փոխանցուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին: Մեր իւրաքանչիւրի սրբազան պարտականութիւնն է այդ բոլորը կատարելու, որպէսզի մեր կեանքը վերածենք ապրող յուշարձաններու, որոնք կը խորհրդանշեն Մուսա լեռը, ու կը յաւերժացնեն մեր նահատակներու յիշատակը: Եթէ այսօր մենք հնարաւորութիւնը չունինք այցելելու Մուսա լեռ, ապա պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը ունինք մեր զաւակներուն ձեռքէն բռնած տանելու հոն, ուր տհոլն ու զուռնան կը հնչեն, տօնախմբելով Մուսա լերան յաղթանակը: Որովհետեւ մեր քաջարի հերոսներուն արիւնը մեր երակներուն մէջ կը հոսի:

Կեցցէ՛ Մուսա լեռը, կեցցէ՛ Մուսա լեռցին, կեցցէ՛ ողջ հայ ժողովուրդը:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

asbarez.com/arm/325201/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail