15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Ֆրանսայի նախագահը կարեւոր նկատած է այս այցելութիւնը` համոզում յայտնելով, որ անիկա պիտի նպաստէ ու նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ աշխուժացման: Ան ընդգծած է, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու բարեկամ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը` տարբեր ոլորտներու մէջ: Նշելով, որ ընդամէնը մէկ ամիս ետք պետական այցելութեամբ պիտի գտնուի Հայաստան` Էմանուէլ Մաքրոն վստահութիւն յայտնած է, որ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ բարձր մակարդակով:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, թէ իրենց արդէն երկրորդ հանդիպումը կը վկայէ, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները ապահով ձեռքերու մէջ են եւ պիտի շարունակուին ընդարձակուիլ ու խորանալ` ի շահ երկու երկիրներուն: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր նախորդ տարիները յատկանշուած են հայ-ֆրանսական կապերու խորացումով եւ համոզում յայտնած է, որ անոնք կը շարունակեն վերընթաց զարգանալ բոլոր ոլորտներուն մէջ` քաղաքական կանոնաւոր երկխօսութիւն, միջխորհրդարանական աշխուժ կապեր, ապակեդրոնացեալ աշխուժ յարաբերութիւններ, տնտեսական համագործակցութիւն, մշակութային, կրթական, գիտական, առողջապահական եւ այլ բնագաւառներու մէջ ծրագիրներու իրականացում, բաւական ընդգրկուն իրաւապայմանագրային դաշտ: «Համոզուած եմ, որ մեր հանդիպումը նոր որակ պիտի հաղորդէ մեր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն, որոնք հիմնուած են դարաւոր պատմական բարեկամութեան վրայ», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին կայացումը եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր անիկա Երեւանի մէջ կայացող կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է: Կառավարութեան ղեկավարը վերահաստատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն լիակատար յանձնառութիւնը` վեհաժողովին յաջողութիւնը ապահովելու առումով եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա կը նպաստէ ֆրանսախօսութեան հեղինակութեան եւ ազդեցութեան հետագայ բարձրացման:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ եւ կարեւոր նկատած անոր լուծումը բացառապէս խաղաղ ուղիով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակին մէջ: Ան բարձր գնահատած է համանախագահ երկիրներուն, որոնց կարգին Ֆրանսայի ջանքերը` ուղղուած Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման: Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստան յանձնառու է շարունակելու բանակցութիւնները` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար:
Էմանուէլ Մաքրոնն ու Նիկոլ Փաշինեանը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են` հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու համընդգրկուն օրակարգը աւելի մանրամասնօրէն քննարկելու Ֆրանսայի նախագահին Հայաստան կատարելիք պետական այցելութեան ընթացքին:
Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ անդամներուն հետ «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» կազմակերպութեան (MEDEF), որ կը միաւորէ Ֆրանսայի շուրջ 7200 ընկերութիւններ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կ՛օժանդակեն վերջիններուն դուրս գալ արտասահմանեան շուկաներ:
Կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ Ֆիլիփ Տելէօր համոզում յայտնած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ ու պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման` դիտել տալով, որ երկու երկիրներուն դարաւոր բարեկամութիւնները կը քաջալերեն տնտեսական համագործակցութեան զարգացման, ընդարձակման, երկու երկիրներու գործարար շրջանակներուն միջեւ կապերու խորացման եւ աշխուժ գործունէութեան:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ նշած է, որ Հայաստան հարուստ է մարդուժով` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներուն ատեն այս հանգամանքէն կարելի է մեծապէս օգտուիլ:
Վարչապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է վերջին զարգացումներուն եւ ըսած, թէ կարեւոր է նաեւ Հայաստանի մէջ տնտեսական յեղափոխութիւն կատարել: Այս առումով ալ կարեւոր նկատած է յստակ կանոններու ճշդումը` հաստատելով, որ այդ կանոնները բազմիցս յայտարարուած են, թէեւ, տնտեսական աւանդութեան բերումով բոլորը չէ, որ կը հաւատան անոր:
Անդրադառնալով կառավարութեան տնտեսական տեսլականին` Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, թէ գործադիրին նպատակն է Հայաստանը գիւղատնտեսական երկրէն վերածել բարձր արհեստագիտութեան երկրի: «Ասիկա պարզապէս ձգտում չէ, որովհետեւ Հայաստանը ճանչցողները գիտեն, որ այդպիսի կառուցուածք ունեցող տնտեսութեան համար մարդկային մեծ ներուժ կայ, եւ ասոր նախադրեալները ստեղծուած են», դիտել տուած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը Հայաստանի մէջ աշխուժ կերպով կը զարգանայ, արդէն իսկ տարբեր ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն ունին գործունէութիւն ծաւալելու այս բնագաւառին մէջ: «Մենք բոլոր ներդրողները կը հրաւիրենք մասնակցելու այն թռիչքին, որուն կը պատրաստուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը», ըսած է վարչապետը` երաշխաւորելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հակուած է բոլոր խնդիրները լուծել բաց, անկեղծ, ազնիւ երկխօսութեան պայմաններու մէջ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ տնտեսական որեւէ գործունէութեան յաջողութիւնը Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին յաջողութիւնն է:
Աւարտին վարչապետը պատասխանած է MEDEF-ի անդամներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին շրջանային տնտեսական իրավիճակին, առկայ ենթակառոյցներուն, Հայաստանի մէջ ուժանիւթի, ճանապարհաշինութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան, դեղագործութեան, աղբի վերամշակման եւ այլ ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն:
aztagdaily.com/archives/408790