Ազրպէյճան Նեղացած Է ԵՏՅ-ի Պաշտօնական Տեղեկատուներուն Մէջ Արցախը Ներառող Հայաստանի Քարտէսէն

15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է ազրպէյճանական որոշ լրատուամիջոցներու մտահոգութեան առ այն, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՅ) պաշտօնական տեղեկատուներուն մէջ պատկերուած Հայաստանի քարտէսին մէջ ներառուած է Արցախը:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը նշէ, թէ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, թէ երկրին դեսպանատուները կը հետաքննեն տուեալ հարցը:

Ան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը խեղաթիւրող» փաստերու ջնջման նպատակով, իրենք պիտի դիմեն կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԵՏՅ-ի քարտուղարութեան:

ԵՏՅ-ի 2016-2018 թուականի պաշտօնական տեղեկատուներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուած է իբրեւ Հայաստանի մաս:

aztagdaily.com/archives/408779

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail