15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց, որ քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Իտլիպի դէմ յարձակումին կրնան օժանդակել Սուրիոյ կառավարութեան:
Նշենք, որ Իտլիպը Սուրիոյ մէջ զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող վերջին մեծ շրջանն է:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց, որ Ուաշինկթըն պէտք է իմանայ, թէ որո՞նք շրջանին մէջ իր իսկական դաշնակիցներն են:
«Նոր տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ կազմակերպութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորում մըն է, ամերիկացի հարկատուներու կողմէ վճարուած զէնքեր ու օժանդակութիւններ ստացած է, պարոն Ասատի հետ դաշինք կնքած է եւ Իտլիպը ընդդիմադիր զինեալներէն վերագրաւելու գծով անոր օգնելու համար յուլիսին գոյացած համաձայնութեան մը ծիրին մէջ ուժեր կ՛ուղարկէ», ըսաւ ան:
«Աշխատանք կը տանինք Իտլիպի մէջ զինադադար հաստատելու», ըսաւ Չաւուշօղլու` աւելցնելով. «Պատրաստ ենք Իտլիպի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին հարցով գործակցելու»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի իշխանութիւնները Իտլիպի մէջ մարդասիրական միջանցքներ պիտի բանան եւ «Ամերիկեան դաշինքին Ռաքքայի մէջ կատարածին պէս պիտի չընեն»:
aztagdaily.com/archives/408739