15 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:
Սեպտեմբեր 11-ին Շուշիի մէջ` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան շէնքին մէջ, կայացած է Երուանդ Փամպուքեանի «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքին շնորհահանդէսը: Անիկա Արամ Մանուկեանի տասնամեայ (1904-1915) նամակագրութիւնն է` ամբողջական բովանդակութեամբ ու ժամանակագրական հերթականութեամբ:
Հայոց պետականութեան հիմնադիրի կեանքին ու գործունէութեան մէկ ժամանակաշրջանը ներկայացնող գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ էին` Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, գիրքի հեղինակ Երուանդ Փամպուքեանը, ընթերցասէրներ, լրագրողներ:
Սկսելով ձեռնարկը` Համազգային հայ կրթական և մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը նշած է, որ գիրքին մէջ կը ներկայացուի ոչ միայն այդ ժամանակաշրջանի հայկական իրականութիւնը, այլ նաեւ լոյս կը սփռուի Արամ Մանուկեանի անձնաւորութեան վրայ: «Գիրքին մէջ զետեղուած 354 նամակները մեծ մասամբ անտիպ են, որոնցմով լուսարձակի տակ կ՛առնուին Արամ Մանուկեանի կերպարը», իր խօսքին մէջ ըսած է Հերմինէ Աւագեանը:
Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը նշած է, որ պատահական չէ գիրքի շնորհահանդէսի կազմակերպումը Արամ Մանուկեանի ծննդավայր Շուշիի մէջ, որ անկասկած մեծ ազդեցութիւն ունեցած է ապագայ քաղաքական ու յեղափոխական գործիչի ձեւաւորման գործին մէջ: Նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ պատմութեան անխոնջ ուսումնասիրող Երուանդ Փամպուքեանին` կատարած աշխատանքի համար:
Գիրքին հեղինակը ներկաներուն հետաքրքիր մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արամ Մանուկեանի կեանքի մասին` շեշտելով, որ ան անանձնական, համեստագոյն, նուիրեալ, համբերատար մարդ էր: Ան ահաւոր յօդացաւեր ունէր, բայց աշխուժօրէն կը մասնակցէր յեղափոխական պայքարին, դարձած էր բոլոր վանեցիներու սիրելին, հակառակ անոր որ վերջիններս այնքան ալ չէին սիրեր եկուորները:
Արցախի պետական համալսարանի փրոֆեսէօր Արարատ Վարդանեանը կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւն մը եւ` շեշտած, որ Արամ Մանուկեանն իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ ժողովուրդին, պայքարած ժողովուրդի ազատութեան համար, հայոց անկախ պետականութեան վերականգնման համար, եւ տպագրուած գիրքով ընթերցողները նոր տեղեկութիւններ կրնան ստանալ ազգանուէր գործիչին մասին:
Շնորհահանդէսը կայացած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի համագործակցութեամբ: Անիկա նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին:
aztagdaily.com/archives/408696