2016 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ատրպէյճանի Իրականացուցած Յանցագործութիւնները կը Վերահաստատեն Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման Արդիականութիւնը

2016 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Ատրպէյճանի Իրականացուցած Յանցագործութիւնները կը Վերահաստատեն Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրացման Արդիականութիւնը. Զոհրապ Մնացականեան

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 39-րդ նստաշրջանին:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախարարի ելոյթին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի.

«Շնորհակալութիւն,
Պարո՛ն նախագահ,
Ձե՛րդ գերազանցութիւններ,
Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք,

Ասիկա նախարարի կարգավիճակով իմ առաջին ելոյթն է Մարդու իրաւունքներու խորհուրդէն ներս, եւ ես պիտի ուզէի օգտուիլ այս հնարաւորութենէն` ձեզի ներկայացնելու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին հիմնարար ժողովրդավարական փոփոխութիւնները եւ ապագայի մեր տեսլականը:

Ապրիլին հարիւր հազարաւոր մարդիկ ելան Հայաստանի տարբեր քաղաքներու եւ աւաններու փողոցներ՝ խաղաղ կերպով բողոք բարձրաձայնելու իշխանութիւններու եւ արդարադատութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը խաթարող բացասական երեւոյթներուն դէմ: Անոնք կը պահանջէին հասարակական հարցերուն անմիջական եւ լսելի մասնակցութիւն։ Ակնյայտօրէն, Հայաստանի մէջ հասարակական բողոքները ի ցոյց դրին մեր քաղաքացիական հասարակութեան զօրութիւնը: Անոնք ցոյց տուին Հայաստանի հասարակութեան եղափոխութիւնը դէպի քաղաքական հասունութեան եւ իրաւական գրագիտութեան առաւել բարձր մակարդակը:

Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները խիստ ներքին բնոյթ կը կրէին եւ ակնյայտօրէն պայմանաւորուած էին ներհայաստանեան իրողութիւններով: Անոնք իրականացուած են ժողովուրդին կողմէ եւ ժողովուրդին համար, իսկ փոփոխութեան առաջնագիծին վրայ կանգնած էին մասնաւորապէս կանայք եւ երիտասարդները։ Հայաստանը հպարտ է իր իրաւունքներու եւ ազատութիւններու համար լիարժէք պատասխանատւութիւն ստանձնած կենսունակ եւ գործունակ սերունդով:

Խաղաղ զանգուածային հանրահաւաքներէն եւ իշխանութեան նոյնքան խաղաղ փոխանցումէն ետք ընտրուեցաւ նոր կառավարութիւն: Նախորդ չորս ամիսներուն ընթացքին՝ ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութեան աջակցութեան եւ իրաւագիրի շնորհիւ՝ կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ բարեփոխումներու օրակարգի իրագործման` ուղղուած կայուն ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան եւ խթանման, ուժեղ եւ անկախ դատական իշխանութեան, օրէնքի գերակայութեան, կաշառակերութեան դէմ վճռական պայքարին եւ բոլորի համար հաւասար ու արդար պայմաններու խթանման` թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ հասարակական կեանքի մէջ: Այս նպատակները կը գերակշռեն կառավարութեան ծրագիրին մէջ:

Ազատ եւ արդար ընտրութիւններու իրականացումը կարեւորագոյն տեղ կը զբաղցնէ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին: Մօտ մէկ շաբաթէն պիտի կայանան մայրաքաղաք Երեւանի համայնքային ընտրութիւնները: Կառավարութիւնը, խորհրդարանը եւ բոլոր համապատասխան հաստատութիւնները կը պատրաստեն անհրաժեշտ իրաւական փոփոխութիւններ եւ օրինական կարողութիւններ երկրին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման համար, որոնք պիտի ամրապնդեն Հայաստանի ժողովրդավարական վերափոխումը եւ ճշգրտօրէն պիտի արտացոլեն ներկայ քաղաքական համայնապատկերը: Այս բոլոր բարեփոխումներուն իրականացումը դիւրին գործ չէ, ի հարկէ, առկայ են բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այնուամենայնիւ, բարեփոխումներու գլխաւոր նպատակը իշխանութեան վճռական քաղաքական կամքն է՝ ամրապնդուած ժողովուրդի ուժեղ իրաւագիրով: Այս բոլոր առաջնահերթութիւններուն մէջ Հայաստանը յաջողութեամբ եւ արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցի իր բոլոր միջազգային գործընկերներուն հետ:

Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք,

Ժողովրդավարութեան իր օրակարգին հետ միասին կառավարութիւնը նաեւ կ՝ամրապնդէ զարգացման բարեփոխումներու օրակարգը։ Ժամանակակից փոփոխութիւններուն ալիքը կը ներառէ կեանքի իւրաքանչիւր ոլորտ։ Բարձր ճարտարագիտութիւնները եւ սկիզբը, ստեղծարար կրթութիւնը եւ նորարարութիւնը կը սահմանեն մեր զարգացման օրակարգի բնոյթն ու ուղղութիւնը՝ վստահօրէն ներառելով ազգային տաղանդի՝ խելացի զարգացման համար շարժիչ ուժ ըլլալու հանգամանքը։

Նորարարութեան, ստեղծարար մտածողութեան եւ ճարտարագիտութիւններու կիրառման համար նպաստաւոր միջավայրը Կառավարութեան ռազմավարական գերակայութիւններէն են: Յաճախ, կառավարութիւնները պէտք է միայն աջակցին եւ խրախուսեն մասնաւոր նախաձեռնութիւնները եւ պետական ու մասնաւոր հատուածներուն միջեւ գործընկերութիւնը։ Միայն մէկ պարզ օրինակ բերեմ՝ ամէն տարի հազարաւոր երիտասարդներ կ՝արձանագրուին Հայաստանի ճարտարագիտական կեդրոններուն մէջ անվճար բարձրակարգ ստեղծարար կրթութեան եւ ճարտարագիտութիւններու դասընթացներուն մասնակցելու համար եւ կը սորվին ստեղծարարութիւնը ու նորարարութիւնը սերունդի հարստութեան վերածելու ուղիները:

Պարո՛ն նախագահ,

Միջազգային հանրութիւնը՝ բոլոր մակարդակներով՝ պէտք է շարունակէ վճռականօրէն հակազդել այնպիսի վտանգաւոր երեւոյթներուն, ինչպէս տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու եւ լրատուամիջոցներու շահագործումը՝ ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն սերմանելու նպատակով: Պատմութեան քաջ յայտնի են անսանձ ատելութեան հետեւանքները: Պէտք է յիշել, որ անոնք, որոնք չեն սորվիր պատմութենէն, դատապարտուած են զայն կրկնելուն:

Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը եղած են Ատրպէյճանի կողմէ զանգուածային եւ հետեւողական ատելութեան եւ այլատեացութեան հռետորաբանութեան մշտական թիրախ: Ատրպէյճանական պետական քարոզչութիւնը ո՛չ միայն թիրախաւորուած քաղաքականութեան հետեւանք է, այլեւ թոյլ ժողովրդավարական համակարգերու, ազատ մամուլի բացակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու ցած մակարդակի հետեւանք:

Մենք ականատես կ՝ըլլանք Ատրպէյճանի կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած ռազմական հռետորաբանութեան յաճախակիացման եւ յարձակողական ռազմատենչութեան միջեւ անմիջական կապին: 2016 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման ընթացքին իրականացուած յանցագործութիւնները կը վերահաստատեն ինքնորոշման իրաւունքի իրացման արդիականութիւնը: Այս իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար կենսական նշանակութիւն ունի:

Հայաստանը կը վերահաստատէ իր յստակ աջակցութիւնը մարդու իրաւունքներու համընդհանրութեան եւ անոնց՝ հաւասար հիմքերու վրայ կիրառելիութեան՝ առանց ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան, Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրին եւ այլ հիմնարար գործիքներուն որեւէ խտրականութեան եւ հակադրութեան: Միաժամանակ, «ո՛չ մէկը դուրս չձգելու» յանձնառութիւնը 2030-ին Կայուն զարգացման օրակարգի հիմնասիւնն է: Մենք պէտք է ընդունինք այն տարածքներու եւ ժողովուրդներու գոյութիւնը, որոնք կը պայքարին իրենց իրաւունքներու, առաջին հերթին՝ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման համար: Ինքնորոշման եւ անոր հետ փոխկապակցուած իրաւունքներու ճանաչումը եւ անոնց նկատմամբ յարգանքը լուրջ փորձառութիւն են ՄԱԿ-ի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգին համար: Մինչդեռ, եւս մէկ անգամ կ՝ուզեմ վերահաստատել Հայաստանի, անոր նոր կառավարութեան վճռական յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ եւ բանակցային յանգուցալուծման` միջազգայնօրէն համաձայնեցուած միակ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ: Հայաստանը կը վերահաստատէ խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորման եւ խթանման կարեւորութիւնը: Հայաստանը նաեւ կ՝ընդգծէ Արցախի ժողովուրդի կարգավիճակին եւ անվտանգութեան հարցերու ծայրայեղ առաջնահերթութիւն ըլլալուն հանգամանքը:

Պարո՛ն նախագահ,

Հայաստանը աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած է ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս մեկնարկուած նախաձեռնութիւններուն մէջ եւ համագործակցած է Կազմակերպութեան բազմաթիւ կառոյցներու եւ ստորաբաժանումներու հետ։ Հայաստանը ստորագրած է միջազգային բազմաթիւ պայմանագիրներ՝ ինչպէս մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ հիմնարար գործիքակազմին վերաբերեալ։ Հայաստանի կողմէ վաւերացուած կամ միացած միջազգային պայմանագիրները մեր պետութեան իրաւական համակարգի անբաժան մասը կը կազմեն եւ գերակայութիւն ունին ազգային օրէնքներուն նկատմամբ։

2006-էն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը երկարաձգած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գործիքակազմի յատուկ ընթացակարգերու գործող հրաւէրը։ Շուտով մենք պիտի ունենանք հանրահաւաքներու ազատութեան վերաբերեալ յատուկ զեկուցող։

Հայաստանը վճռականօրէն կ՝աջակցի համընդհանուր պարբերական դիտարկման գործընթացին՝ իբրեւ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած յաջողութիւններու եւ մարտահրաւէրներու գնահատման գործիք: Իբրեւ լաւ փորձ՝ մենք կամաւոր սկզբունքով ներկայացուցած ենք Համընդհանուր պարբերական դիտարկման միջին ժամկէտային զեկոյցներ:

Հայաստանը ստեղծած է զեկոյցներու եւ գործունէութեան համակարգման ներքին կառուցակարգ՝ առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու մեքենականութիւններէն բխող առաջարկներով: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշակած է բոլոր ազգային պարտաւորութիւններու համակարգուած տուեալներու հիմք եւ բացայայտած է կիրարկման եւ յատուկ համակարգման մեքենականութիւններու հետ համագործակցութեան համար պատասխանատու նախարարութիւններու համակարգման կեդրոնները: Այս ազգային մեքենականութիւնը՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ազգային գործողութիւններու ծրագիրին հետ միասին, կը կազմէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգի անբաժան մասը եւ ամուր հարթակ կը հանդիսանայ կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:

Հայաստանը կը շարունակէ ՄԱԿ-ի տարբեր կառոյցներուն ներկայացնելու պարբերական զեկոյցներու նախապատրաստումը, որոնք կը կազմուին հասարակական կազմակերպութիւններու աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ հանրային լայն խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք: Օգոստոսի սկիզբը կազմակերպուած էր «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» պակտի կիրարկման համար զեկոյցի նախագիծին վերաբերեալ հանրային վերջին քննարկումը:

Պարո՛ն նախագահ, եզրափակելով խօսքս կը փափաքէի մատնանշել, որ համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ Հայաստանի նոր Կառավարութիւնը յաջողեցաւ էականօրէն առաջ մղել ժողովրդավարական բարեփոխումները` համապարփակ եւ անդառնալի կերպով: Կառավարութիւնը ունի հսկայական հանրային աջակցութիւն Թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարները առաջ մղելու համար, եւ վճռական է կեանքի կոչելու բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը:

Շատ շնորհակալ եմ, պարո՛ն նախագահ»:

yerakouyn.com/2018/09/14/2016

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail