Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)
06 Մայիս 2018 – Միապետական հիմքերու վրայ իշխանութիւն ձեւաւորելու խնդիրներու վերաբերեալ, յիշեցում
2017 թ. յունիսի 11-ին, տակաւին ինը ամիս առաջ, Երեւանում գումարուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) 1-ին գումարման 5-րդ նստաշրջանի 1-ին նիստին ընդունուել է որոշում 2017 թ. յունիսի 11-ից Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արմէնակ Աբրահամեանի լիազօրութիւններու դադարեցման մասին` Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրէնքներու կոպիտ խախտումներու եւ իշխանութեան իւրացման փորձի մեղադրանքներով:
2018 թ. ապրիլին՝ Հայաստան երկրի Նոր Սերունդը, նշանաբան ունենալով՝ «ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՏԷՐԸ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻ» մերժեց Սերժիկներուն եւ անոնց ձեւավորած իշխանութիւներուն, այսպիսով փակելով անօրինականութիւններու եւ ապօրինութիւններու ամօթալի էջը:
Շնորհակալութիւն Ձեզի՝ Հայաստան երկրի Նոր Սերունդ:
Այս ամենով հանդերձ, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արմենակ Աբրահամեան 20 ապրիլ 2018-ին տակաւին կոչէր կ՛արձակէ, զարտուղի ճամփաներով, այս անգամ նախագահական խորհուրդի ճամբով, արտայայտուիլ կը ցանկայ… լոզունգով:
Իր երեւակայութեամբ, իրաւունքի եւ երկխօսութեան մասին կը խօսի նախկին նախագահը, կ՛երեւի թէ չի յիշեր, որ հիմքեր չունեցող եւ ինքզինք պարտութեան մատնելու «Մահուան Սպառնալիքի» անուան տակ դատական հայց ներկայացուցած է Փարիզի դատարան Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւոր եւ Հաւատքի ու hայրենակցական հարցերու յանձնաժողովներու ներկայացուցիչ Արմենակ Հարմանտայեանի դէմ, առանց հայց ներկայացնողի ներկայութեան արդէն երկու ներկայացում տեղի ունեցավ, յետաձգուելով, երրորդը տեղի պիտի ունենայ 29 մայիս 2018-ին:
Բարի եկաք դատարան…
Շարունակելով իրադարձութիւններու յիշեցումը, ոմն Գառնիկ Սարգիսեան՝ ձեր ազդարարած զգուշացումներու տեսաերիզ ելոյթը westernarmeniatv կայքէջին մէջ՝ 13 յունուար 2018-ին, որն այսօր հեռացուած է, տեսաերիզը վերցուած է, միայն ձեր նկարը մնացած է, անկասկած բան չի փոխեր եղելութենէ:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հաւատքի ու hայրենակցական հարցերու յանձնաժողովներու կազմակերպած ծրագիրը՝ «Հայկական ինքնութենէ հեռացած հայերու» ուսումնասիրութեան կենդրոնի վերաբերեալ… Հոս եւս ամէն ջանք թափեցիք արգելք ըլլալու ծրագիրին, վարագոյրին ետեւէն աշխատելով, տեղեկացնելով երկու անձնաւորութիւններու թէ Հարմանտայեան ձեր անունը կը գործածէ, հիմայ ճիշտ ժամանակն է յարձակելու Հարմանտայեանի վրայ:
Այս փաստագրական իրողութիւն է, չես կրնար փոխել:
Արդիւնքը տեսանք, ժամանակաւոր խաբէութիւն, եւ ձեր կողմէ աւելցուած դաւաճանի տիտղոս անուանելը:
Լեզուագէտ Մովսէս Նաճարեանի յայտարարութիւնը եւ պատմագէտ ուսուցիչ Վլատիմիր Պետրոսեանի երկտողը օրին:
Գառնիկ Սարգիսեան, ձեզի կը մնայ հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել Հարմանտայեանէն ու վերոյիշեալ երկու մտաւորականներէն:
Բնական եւ ամուր պաշտպանութեան համար պէտք է ունենալ առողջ եւ ամուր ապացոյց, եւ ոչ թէ խախուտ՝ խաբեութեան ու կեղծիքի, ստախոսութեան ու բամբասանքի վրա կառուցուած յարաբերութիւններ ու գործունէութիւն:
Արմենակ Հարմանտայեան
06 Մայիս 2018, Փարիզ