Հայաստան Ինքնիշխան Պետութիւն Է, Եւ Իմ Կառավարութիւնս Հանդէս Կու Գայ Բացառապէս Մեր Ժողովուրդի Եւ Մեր Երկրի Շահերէն Մեկնած. ՀՀ Վարչապետ

17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան` ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ լրագրողը լուսարձակի տակ առած է այն, որ վարչապետ ընտրուելէն ի վեր Փաշինեան երեք անգամ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահին հետ` հարցնելով, որ Հայաստան արդեօք կրնա՞յ լիովին անկախ քաղաքականութիւն վարել:

«Մենք ո՛չ ռուսամէտ ենք, ո՛չ հակառուս, ո՛չ ամերիկամէտ, ո՛չ եւրոպամէտ, ո՛չ իրանամէտ: Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, եւ իմ կառավարութիւնս հանդէս կու գայ բացառապէս մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի շահերէն մեկնած: Ասիկա պարզ էր Ռուսիոյ նախագահին հետ իմ ունեցած առաջին բանակցութիւններէս ետք, որոնք կը ներառէին անոր յարգանքը մեր ազգային ինքնիշխանութեան` սեփական արտաքին քաղաքականութիւն վարելու իրաւունքին նկատմամբ: Երբ ես ընդդիմութիւն էի, ան չմիջամտեց` կանխելու մեր յեղափոխութիւնը: Ան չմիջամտեց նաեւ յետոյ, երբ ես դարձայ վարչապետ: Մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ»,- պատասխանած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Շենգաւիթ» բժշկական կեդրոնի նոր մասնաշէնքի բացման արարողութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձագանգած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, թէ` «Նիկոլ Փաշինեան դեռ պիտի զղջայ, որ իրեն հետ գլուխ դրած է»:

Փաշինեան ըսած է, որ այդ յայտարարութիւններով Քոչարեան ցոյց կու տայ իր քաղաքական ընկալումներուն եւ ըմբռնումներուն մակարդակը: «Ասիկա իրենց թաղի կռիւը չէ, ուր պարտուողները հեռանալու ատեն կ՛ըսեն` «դուն դեռ պիտի զղջաս»,- ըսած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ռոպերթ Քոչարեան նաեւ ըսած է, թէ իշխանութիւնները իր մէջ սպառնալիք կը տեսնեն, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած է. «Քոմերսանթ» թերթը ինծի հարցում ուղղած էր, որ կ՛ըսեն, թէ դուք ատիկա կ՛ընէք քաղաքական գործօնը չէզոքացնելու համար: Ես ըսած եմ եւ հիմա ալ կ՛ըսեմ` Ռոպերթ Քոչարեան անունով քաղաքական գործօն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գոյութիւն չունի»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանի հետ որեւէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չէ եղած, երէկ ի պատասխան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան:

Երէկ թրքական «Հիւրրիեթ» պարբերականը հրապարակած էր յօդուած մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետին զանգահարած է` ապօրինաբար հայ-թրքական սահմանը անցած 16-ամեայ Ումութ Ալին ազատ արձակելու խնդրանքով:

«Եթէ որեւէ խօսակցութիւն տեղի ունենայ, մեր հանրութիւնը պիտի տեղեկանայ մեզմէ»,- աւելցուցած է վարչապետ Փաշինեան:

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին, Ումութ Ալի Էօզմեն 45 օր է կը պահուի հայկական բանտին մէջ` 24 յուլիսին Կարսի մէջ որսի ժամանակ հայ-թրքական սահմանը հատելու պատճառով:

yerakouyn.com/2018/09/17/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail