17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
10 սեպտեմբերին, 120 տարի առաջ, 51 տարեկանին Գերմանիոյ Հոհենհոնոֆ քաղաքին մէջ մահացաւ հայոց հինաւուրց Արծրունի տոհմին վերջին շառաւիղներէն Անդրէաս Երեմիայի Արծրունին:
Համաշխարհային հռչակով մեծ գիտնական է Ա. Արծրունի` երկրաբան, հանքագէտ եւ մետաղագէտ, որուն անունով կը ճանչցուին հրաբխային կազմաւորումներու վերաբերեալ շարք մը տեսութիւններ, ինչպէս նաեւ` ոսկեայ եւ թանկագին քարերու տեսակներ:
Ծնած է 15 նոյեմբեր 1847-ին: Թէեւ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը իբրեւ ծննդավայր կը յիշատակէ Մոսկուան, բայց ինչպէս որ գերմանական եւ ամերիկեան աղբիւրներն ալ կը հաստատեն, Ա. Արծրունի ծնած է Թիֆլիս եւ եղբայրն է հայ քաղաքական մտքի մեծանուն ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Արծրունիի, որուն թիֆլիսեան «Մշակ» թերթը հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ ազգային ազատագրական շարժման զարթօնքին մէջ:
Համալսարանական բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի, Դորպատի եւ Հայտելպերկի համալսարաններուն մէջ: 1871-ին աւարտած է Հայտելպերկի համալսարանը` քիմիագէտի բարձրագոյն կոչումով:
Թէեւ մեծարժէք հայ գիտնականը բախտը չունեցաւ երկար ապրելու, բայց անուանի դասախօս եղաւ գերմանական հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ` փնտռուած դասախօսութիւններ կարդալով երկրաբանութեան, հանքագիտութեան եւ յատկապէս մետաղագիտութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ:
Նաեւ` գործնապէս ու հողի վրայ գիտական հետազօտութիւններ կատարող գիտնականը եղաւ Ա. Արծրունի, որ համապատասխան արշաւախումբեր կազմակերպեց ոչ միայն Ուրալի շրջաններուն մէջ, այլեւ` Հարաւային Կովկասի տարածքին ու յատկապէս ի Հայաստան: Ա. Արծրունի գիտական արշաւախումբեր կազմակերպեց նաեւ դէպի Ափրիկէ` հասնելով մինչեւ Հարաւային Ափրիկէի հանքերը: Հանքային մետաղ մը իր անունը (Արծրունիտ) կը կրէ, եւ իր գիտական յայտնագործումներէն շատեր նոր ուղղութիւն բացին երկրաբանութեան, քիմիագիտութեան եւ, մանաւանդ, մետաղագիտութեան մարզերէն ներս: Իր գիտական յայտնութիւններուն առ ի գնահատանք` ան պատուոյ եւ թղթակից անդամի կոչումներու արժանացաւ գերմանական եւ եւրոպական շարք մը գիտութիւններու ակադեմիաներու կողմէ, իսկ 1895-ին ստացաւ Ս. Փեթերսպուրկի գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից անդամի աստիճան:
Առաւելաբար Գերմանիոյ մէջ ապրելով եւ իր գիտահետազօտական աշխատանքները կատարելով` Անդրէաս Արծրունիի գիտնականի համբաւը յատկապէս Գերմանիոյ մէջ եւ գերմանացիներու ճամբով աշխարհով մէկ տարածուեցաւ, այն աստիճան, որ միջազգային գիտական հանդէսներու կողմէ ան երբեմն կը յիշատակուի իբրեւ գերմանացի գիտնական:
Բայց հայ իրականութենէն կտրուած մարդ չեղաւ Ա. Արծրունի` ողջ կեանքը գիտական հետազօտութեանց նուիրելով հանդերձ: Եղբօր` Գրիգոր Արծրունիի հետ ազգային քաղաքական հայեացքներով սերտ կապի մէջ մնաց եւ անոր մահէն ետք, 1895-էն մինչեւ 1898-ի իր վաղաժամ մահը, անուանապէս արտօնատէրն ու հրատարակիչը դարձաւ «Մշակ»-ի: Նաեւ` երկու տարբեր առիթներով, առաջինը 1873-1875-ին եւ երկրորդը` 1892-ին, Ա. Արծրունի երկու մեծ արշաւախումբեր կազմակերպեց դէպի Հայաստան, հայրենի երկրաբանական կառուցուածքը եւ հանքային նիւթերը տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու համար:
1894-ին ան բարձրացաւ փոքր Մասիսի գագաթը եւ առաջինը եղաւ, որ իջաւ մարած հրաբուխի խառնարանը` իր հետազօտութիւնները ամբողջական դարձնելու նպատակով: Ան հերքեց մինչ այդ տարածուած գիտական այն տեսակէտը, թէ Հայաստանի հրաբուխները ուղղաձիգ տեղադիրք ունին: Նաեւ` Վանայ լիճին մակարդակի տատանումները բացատրեց երկրաբանական գործօններով, եւ իր տեսական այդ մօտեցումը կէս դար յետոյ գիտականօրէն հաստատուեցաւ:
Վերջապէս Անդրէաս Արծրունի ի՛նք եղաւ, որ 1890-ականներուն նախատեսեց Դիլիջանի ապագան` իբրեւ առողջարանային կարեւոր կեդրոնի:
Գերմանական «Մետաղագիտական Հանդէս»-ը, իր 12-րդ հատորով, յատուկ մահագրութեամբ մը, Անդրէաս Արծրունին կ’արժանացնէ մեծարժէք գիտնականի կոչումին: Կ’ընդգծէ, որ հայ գիտնականը հեղինակ էր աւելի քան յիսուն արժէքաւոր աշխատասիրութիւններու, որոնք գերմաներէնով, ռուսերէնով եւ իտալերէնով հրատարակուած են գիտական հեղինակաւոր հանդէսներու մէջ, ներառեալ` «Մետաղագիտական Հանդէս»-ը: Կը շեշտէ, որ երկու հանքային մետաղներ` groddeckite եւ utahite առաջին անգամ գիտականօրէն յայտնաբերուած ու նկարագրուած են Ա. Արծրունիի կողմէ: Կ’ընդգծէ նաեւ, որ երրորդ մետաղի մը (Chilian) գիտական յայտնագործումը, որուն վրայ Ա. Արծրունի կ’աշխատէր 1895-1896-ի ձմեռը, Բրիտանական Կինէայի մէջ, չկրցաւ իր աւարտին հասցնել, որովհետեւ տասնամեակներու իր տքնաջան աշխատանքը հրաբխային գօտիներու եւ հանքերու մէջ` ծանրօրէն քայքայած էր անոր առողջական վիճակը, իսկ 1896-ի ձմրան ցուրտը ուղղակի անկողին գամեց զինք: Ստիպուեցաւ ապաքինման համար երկար ժամանակով մնալ Զուիցերիոյ Ռայնի առողջարանները եւ մահացաւ 10 սեպտեմբեր 1898-ին ու փոխադրուեցաւ Թիֆլիս` թաղուելու համար իր ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Մեծանուն հայ գիտնականը իր ետին թողուց նաեւ երկու հիմնական աշխատասիրութիւններ, որոնք բազմաթիւ հրատարակութեանց արժանացած են եւ իրենց բնագաւառին մէջ կը նկատուին դասական արժէքով գործեր: Առաջինը 1883-ին լոյս տեսած «Բիւրեղներու քիմիական բաղադրութեան եւ անոնց քիմիական ու ֆիզիքական յատկութիւններու կապը» անունով աշխատասիրութիւնն է, երկրորդը «Բիւրեղներու ֆիզիքական քիմիան» կը կոչուի եւ լոյս տեսած է 1893-ին:
Իսկ Գերմանիոյ Ախենի համալսարանին Բազմարհեստից կաճառի (փոլիթեքնիք) շէնքի մուտքին, ուր երկար տարիներ դասախօսեց եւ հետազօտական աշխատանք կատարեց հայ գիտնականը, առ ի գնահատանք անոր մեծ ներդրումին` կանգնեցուած է Անդրէաս Արծրունիի կիսանդրին:
Մարդ, որ իր գիտութեամբ եւ գործով իւրովի փայլք աւելցուց հայ անունին վրայ:
Նաեւ ու մանաւա՛նդ ՀԱՅ մարդ, որ գաղափարական խոր պաշտամունքով փարեցաւ իր եղբօր` Գրիգոր Արծրունիի հրատարակած «Մշակ» թերթին` անոր մէջ տեսնելով հայութեան ազգային զարթօնքին եւ գաղափարական վերանորոգումին կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը:
Այդ առումով, «Մշակ»-ին եւ անոր օրինակով գաղափարական կոչումի տէր մամուլին վերաբերեալ Ա. Արծրունիի մտորումները ուղեցոյց կրնան հանդիսանալ մերօրեայ հայ մամուլին համար.
«Ընթերցողները կը հասկանան, որ «Մշակ»-ը ուժ է, որ` նա չի շողոքորթում հասարակութեանը, որ` նա իր կարծիքից եւ ուղղութիւնից չէ շեղւում, եւ ոչ թէ իր օգուտն ունի աչքի առաջ, այլ` հասարակաց օգուտը, եւ որ` որքան եւ դառն լինեն ճշմարտութիւնները, «Մշակ»-ը դրանց ուղիղ երեսին է ասում` արդար եւ ազնիւ վարուելով, բարձր պահելով իր դրօշակը, որ արդարութեան, ճշմարտութեան եւ անկեղծութեան դրօշակն է»:
aztagdaily.com/archives/408849