The New York Times-ը Անդրադարձած է Հայկական Զիլջեան Ընտանիքի եւ Համանուն Ապրանքանիշի Պատմութեան

17 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Թմբկահարի սիրտ տանող ամենավստահելի ուղին ծնծղաներ են. այս տողերով ամերիկեան The New York Times-ը «Ընտանիքի 400-ամեայ երաժշտական գործիքը կը շարունակէ ճիշդ հնչողութիւնը» խորագիրով լայնածաւալ յօդուածին մէջ անդրադարձած է հանրայայտ Զիլջեան ընտանիքին եւ անոնց կողմէ տարիներէ ի վեր արտադրուող «Զիլջեան» ապրանքանիշի ծնծղաներու պատմութեան:

«Դուն կրնաս ունենալ աշխարհի լաւագոյն ներդաշնակութիւնը, սակայն միայն ծնծղաներն են, որոնք կրնան քեզի դէպի գագաթ բարձրացնել»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս գործիքին մասին կը խօսի յայտնի թմբկահար Պրայըն Պլեյտը, որ երկար տարիներ կ՛օգտուի «Զիլջեան» ապրանքանիշի ծնծղաներէն:

The New York Times-ը կը պատմէ, որ «Զիլջեան»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած է գործունէութիւն ծաւալել 1929 թուականէն ի վեր: Սակայն ընկերութեան պատմութիւնը աւելի հին` շուրջ 400 տարուան պատմութիւն ունի: Անոր պատմութիւնը կը սկսի 1618 -էն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ:

Ծնծղաներու պատրաստութեան գործը կը սկսի Աւետիս Զիլջեանը, որ քիմիական փորձեր կատարելով կը փորձէր ոսկի ստանալ, սակայն ի վերջոյ պղինձի, արծաթի եւ անագի խառնուրդէն ան կը յաջողի ստանալ նիւթ մը, որ բարձր եւ յստակ հնչողութիւն ունէր:

Օսման 2-րդ սուլթանը, հաւնելով երիտասարդ հայ արուեստագէտին աշխատանքը, անոր ոչ միայն կը թոյլատրէ պատրաստել գործիքներ Օսմանեան արքունիքին համար, այլեւ Աւետիսին կու տայ Զիլջեան (թրքերէն «զիլ» կը նշանակէ «զանգ») ազգանունը: Ընտանիքը խանութ կը բանայ Կ․ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ, կը համագործակցի յունական ու հայկական եկեղեցիներու, սուֆի տերվիշներու, սուլթանի հարեմին հետ:

«Զիլջեան» ապրանքանիշի առաջին ծնծղաները 1851 թուականին յատուկ նաւու մը միջոցով կը տեղափոխուին Լոնտոն` ցուցադրուելու համաշխարհային տօնավաճառին:

20-րդ դարասկիզբին ընկերութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը ղեկավարէր Արամ Զիլջեանը, որ կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներ բնակող իր զարմիկին` Աւետիսին, ղեկավարել ընկերութիւնը: Աւետիսը, որ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած էր նախքան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը համաձայնի` տեսնելով երկրին մէջ այդ երաժշտական գործիքի հանդէպ աճող հետաքրքրութիւնը:

Այժմ ընկերութիւնը կը գործէ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ: «Այսօր իւրաքանչիւր գործիք կը շարունակէ անցնիլ բարձր որակաւորում ունեցող տասնեակ աշխատակիցներու ձեռքերով, որոնք կը ստուգեն, որ «թուղթի բարակութիւն» ունեցող ծնծղաները ունենան անհրաժեշտ երաժշտական ձայնածաւալը (diapason)»,- կը գրէ ամերիկեան թերթը` աւելցնելով, որ գործիքներէն իւրաքանչիւրը ունի իւրօրինակ, չկրկնուող ձայն:

yerakouyn.com/2018/09/17

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail