Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները – Կենդրոնական Ընտրական յանձնախումբ

ՈՐՈՇՈՒՄ

Կենտրոնական Ընտրական յանձնաժողովի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու ընտրութիւններուն մասին

14 սեպտեմբեր 2018,ը ()

Համաձայն ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Հանընդհանուր Հռչակագիրի 21-րդ յօդուածի (10 դեկտեմբեր 1948-ին), «Բնիկ ժողովուրներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագիր (13 սեպտեմբեր 2007-ի) եւ համաձայն՝

-«Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողով (Խորհրդարան) ձեւավորելու մասին» Հռչակագիր ( 24 մայիս 2013 թ.),

-«Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու կարգավիճակին եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կանոնակարգի մասին» Օրէնք, ( 21 յունուար 2014 թ., լրացումներով եւ փոփոխութիւններով, ընդունուած՝ 29 մայիս 2018 թ.),

-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 1-ին գումարման 7-րդ նստաշրջանի որոշման, 29 մայիս 2018 թ.,

-Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագիրի թիւ 16/2018, 01 յունիս 2018 թ.,

հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով, ամբողջ աշխարհի տարածքին, 2018 թ. սեպտեմբեր 1-են, ժամը 00-01-են մինչեւ 2018 թ. սեպտեմբեր 5-ը, ժամը 24,00, Երեւանի ժամանակով, տեղի ունեցան Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ( Խորհրդարանի) պատգամաւորներու ընտրութիւններ, որոնք տեղի ունեցան ուղիղ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ, համացամցի, հետեւեալ հասցէով
www.elections-western-armenia.info, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու տարածքային գրասենեակներու մէջ:

-Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ գումարման պատգամաւորներու ընտրութիւնները կազմակերպելու համար ձեւաւորուած էր յանձնաժողով ( ԿԸՀ ), որը լիազօրուած էր կազմակերպելու եւ կատարելու ընտրական ողջ գործընդացը:

2018 թ. յունիս 1-են մինչեւ 2018 թ. սեպտեմբերի 14-ը կատարուած է Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի 19 նիստ, որտեղ ընդունուած են համապատասխան որոշումներ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ պատգամաւորներու ընտրութիւնները կազմակերպելու համար, հաստատուած են ընտրողներու եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ կայանալիք, պատգամաւորներու թեկնածուներու ցուցակները, ինչպէս նաեւ ստուգուած եւ վերջնականապէս հաստատուած են Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ կայացած պատգամաւորներու ընտրութիւններու արդիւնքները:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական կայքերում՝

Խորհրդարանի ընտրութիւններու՝ www.elections-western-armenia.info,
քաղաքացիութեան համար դիմելու՝ www.citizenship-western-armenia.info,
Խորհրդարանի՝ www.parliament-wa.info ,
Կառավարութեան՝ www.gov-wa.info ,
եւ ԶԼՄ-ներուն մշտապէս հրապարակուած են նիւթեր ինչպէս նախնտրական քարոզարշաւի, այնպէս ալ ընտրութիւններու ընթացքի մասին վեց լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, թուրքերէն, եւ արաբերէն:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ կայացումի պատգամաւորներու ընտրութիւններն կատարելու, այդ թիւին՝ ընտրողներու ու պատգամաւորներութեան թեկնածուներու արձանագրութեան եւ քուէարկութեան համար համացանցի ալիքներուն բացուած էր հատուկ կայքէջ հետեւեալ հասցէով՝
www.elections-western-armenia.info, որտեղ բոլոր ցանկացողները կարող էին՝

— առաջին, դիմել Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիութեան համար,
–երկրորդ, արձանագրուիլ որպէս ընտրող,
–երրորդ, համաձայն՝ «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կանոնակարգի մասին» օրէնքի, (լրացումներով ու փոփոխութուններով ընդունուած՝ 29 մայիս 2018 թ.) եւ հրապարակուած, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական կայքեդրով, արձանագրուիլ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորութեան թեկմածու,
–չորրորդ, որպէս Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացի մասնակցիլ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ պատգամաւորներու ընտրութիւններուն ուղիղ եւ գաղտնի քուէարկութեան միջոցով:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ ընտրութիւններուն պատգամաւորութեան թեկնածութեան դիմում ներկայացուցած է 112 անձ:

Ներկայացուած փաստաթուղթերու ստուգումի համապատասխան, որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ ընտրութիւններու պատգամաւորութեան թեկնածու, 11 անձի դիմումը մերժուած է: Անոնք Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովին չէին ներկայացուցած համապատասխան փաստաթուղթեր, որոնք անհրաժեշտ էին արձանագրուելու որպէս պատգամաւորութեան թեկնածու:

Սոյն որոշումը չէ բողոքարկուել:
Համաձայն՝ «Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառուցուածքի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու կարգավիճակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) կանոնագիրի մասին» Օրէնքի, (լրացումներով եւ փոփոխութիւններով ընդունուած՝ 29 մայիս 2018 թ.) եւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագիրի թիւ 16/2018, 01 յունիս 2018 թ., հաստատուել է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ պատգամաւորներու ընտրութիւններու վերջնական ցանկը՝ բաղկացած 101 անձնաւորութիւններէ, որոնց տուեալները արձանագրուած են քուէարկութեան ընտրացուցակի մէջ:

Պաշտօնապէս արձանագրուած Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ ընտրութիւններուն պատգամաւորներու թեկնածուներու ցանկը հրապարակուել է 2018 թ. օգոստոս 31-ին ընտրութիւններու պաշտօնական կայքի մէջ՝
www.elections-western-armenia.info:

2018 թ. սեպտեմբեր 1-են մինչեւ 2018 թ. սեպտեմբերի 5-ը ներառեալ, արձանագրուել է, մասնակցել եւ քուէարկել է 51,505 ընտրող 47 երկիրներէ, փաստօրէն ներկայացուած աշխարհի արնուազն բոլոր հայաբնակ տարածքներէն, որոնք, ինչպէս եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիները, ստացած են իրաւունք մասնակցելու Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ կայացած պատգամաւորներու թեկնածուներու ընտրութիւններուն:

Անոնք ընտրողներ են՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, Արեւմտեան Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, Աբխազիայէն, Ղրիմէն, Ջավախքէն, Վրաստանէն, Ուգրանիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Պոլիվիայէն, Արժանթինայէն, Ուրուկուեյէն, Պրազիլիայէն, Մեքսիքայէն, Պոլիվիայէն, Աւստրալիայէն, Գերմանիայէն, Հունաստանէն, Կիպրոսէն, Չեխիայէն, Դանիայէն, Հոլանտայէն, Սերպիայէն, Հունգարիայէն, Լեհաստանէն, Պուլղարիայէն, Սպանիայէն, Շուետէն, զուիցերիայէն, Լատվիայէն, Լիտվայէն, Մոլտովայէն, Պելառուսիայէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Հորդանանէն, Քուէթէն, Իսրայելէն, Եգիպսոսէն, Ղազախստանէն, Ուզպեկիստանէն, թուրքիայի Հանրապետութենէ:

Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 2-րդ պատգամաւորներու թեկնածուներու ընտրութիւններուն մասնակցած եւ քուէարկած 51,505 ընտրողներէն՝

-»կողմ՝ քուէարկած է 51,116 ընտրող, ինչը կազմած է 99,245% ընտրութիւններուն մասնակիցներու ընդհանուր թիւէն,

-»դեմ՝ քուէարկած է 37 ընտրող, ինչը կը կազմէ 0,072% ընտրութիւններուն մասնակիցներու ընդհանուր թիւէն,

-»անվաւեր՝ ճանաչուած է 352 քուէ, ինչը կը կազմէ 0,0683% ընտրութիւններուն քուէաթերթիկներուն ընդհանուր թիւէն,

Ընտրութիւններու արդիւնքով ընտրուած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 101 պատգամաւորներ:

Որոնք 11 երկիրներու եւ 32 քաղաքներէն են:

Երկիրներն են՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն, Ռուսաստան, Աբխազիա, Ֆրանսա, Մոսկուա, ԱՄՆ, Լիբանան, Սուրիա, Իսրայել, Գանատա, Հոլանտա, Շուէտ:

Քաղաքներն են՝ Երեւան, Էջմիածին, Արմաւիր, Թալին, Դուին, Սպիտակ, Ապարան, Մոսկուա, Սան-Պետերսպուկ, Կրասնոտար, Դոնի Ռոստով, Սոչի, Նովորոսիսկ, Օդինցովո, Տուլա, Վոլգոգրատ, Գագրա, Սուխում, Ախալքալակ, Փարիզ, Գրեթէյ, Շուազի լե Րուա, Ալֆորվիլ, Նիս, Կրենտել, Օթմարսում, Վեստերոս, Լոս-Անջելոս, Պէյրութ, Երուսաղեմ եւ այլ:

Ընտրուած պատգամաւորներն արմատներով կը ներկայացնեն Արեւմտեան Հայաստանի 27 տարածքներ եւ մարզեր այդ թուին՝ Պիթլիս, Սասուն, Մուշ, Վան, Տիգրանակերտ, Խարբերդ, Համշեն, Տրապիզոն, Օրդու, Սեբաստիա, Կարին, (Էրզրում) Կարս, Արտահան, Անի, Իգտիր, Կիլիկիա, Սիս, Ատանա, Ուրֆա, Մարաշ, Մալաթիա, Խնուս, Դերսիմ, Տարոն, Ջավախք եւ այլ:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամաւորներու տարիքային կազմը հետեւեալն է՝

70 տարեկանէ բարձր – 7 պատգամաւոր,
60-են մինչեւ 70 տարեկան – 26 պատգամաւոր,
50-են մինչեւ 60 տարեկան – 29 պատգամաւոր,
40,են մինչեւ 50 տարեկան –20 պատգամաւոր,
30-են մինչեւ 40 տարեկան –14 պատգամաւոր,
30-են փոքր – 5 պատգամաւոր:

Ամենատարեց պատգամաւորը 80 տարեկան է, ամենաերիտասարդ պատգամաւորը 25 տարեկան:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ ընտրութիւններուն 101 պատգամաւորներէն 48-ը վերընտրուած են Խորհրդարանի առաջին ընտրութիւններու կազմէն, իսկ 53-ը ընտրուած են առաջին անգամ ըլլալով:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ ընտրութիւններուն, ընտրուած եւ ընդգրկուած է 19 իգական սերի պատկանող պատգամաւորներ, որը կը կազմէ ընդհանուր թիւի 19%-ը:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ ընտրութիւններուն, պատգամաւոր է ընտրուած Բնիկ ժողովուրդներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու 5 ներկայացուցիչ, ասորի, հույն, եզըտի:

Հատկանշական է, որ առաջին ընտրողը քուէարկեց Հայաստանի Հանրապետութենէ՝ արմատներով Կիլիկիայէն, վերջինը Ռուսաստանի Դաշնութենէ: արմատներով Համշենէն:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ պատգամաւորական ընտրութիւններու ընթացքին խախտումներ չեն յայտնաբերուած:

Քուէարկութեան կատարման եւ ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի հասցէով բողոքներ չէ ստացուած:

Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը որոշէ՝

1»Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ ընտրութիւներու արդիւնքի հիմքի վրայ, պատգամաւորներու ընտրութիւնները կը համարէ կայացած:

2»Կը հաստատէ 101 պատգամաւորներու ընտրութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) երկրորդ ընտրութիւներու արդիւնքի հիմքի վրայ, (Ցուցակը կցուած է):

3»Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) հաստատման ներկայացնել 101 պատգամաւորներու լիազօրութիւնները:

Որոշումն ընդունուած է միաձայն:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) ընտրութիւնները իրականացնող՝ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողով

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail