19 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
7 սեպտեմբերին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Իտլիպի հարցով Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա վեհաժողովը, որուն ընթացքին կարելի չեղաւ համաձայնութիւն գոյացնել: 10 օր ետք` 17 սեպտեմբերին, Սոչիի մէջ Փութին-Էրտողան հանդիպումի ընթացքին, սակայն, նոյն հարցին շուրջ գոյացաւ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր երկրին մեկուսացման ծանրութիւնը մեղմացնելու փորձով մը յայտարարեց. «Անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին Անգարա եւ Դամասկոս այցելութեանս ընթացքին, ինչպէս նաեւ հետագային Թեհրանի մէջ Իրան-Ռուսիա-Թուրքիա վեհաժողովին ու Սոչիի մէջ ժողովի ընթացքին կիրարկուած պատասխանատու եւ աշխուժ դիւանագիտութեան շնորհիւ, կրցանք Իտլիպի մէջ պատերազմ մը կանխարգիլել»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի իր կարգին համաձայնութիւնը` կատարուած իրողութիւնը ողջունելով նշեց, թէ իր երկիրը տեղեակ պահուած է եւ Թեհրանի հետ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է: Այդ յայտարարութիւնները, սակայն, չէին կրնար թաքցնել Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ կողքին Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երրորդ երկրին` Իրանի Սոչիի համաձայնութենէն հեռու պահուելուն դառն իրողութիւնը:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն ռուս-թրքական համաձայնութիւնը ներկայացուց իբրեւ Էրտողանի` «Իտլիպի մէջ մարդասիրական մեծ աղէտ մը կանխարգիլող» նախաձեռնութիւնը` դիւանագիտական մեծ յաջողութիւնը: Գոյացած համաձայնութիւնը արդիւնք է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ Ռուսիոյ նախանձախնդրութեան, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ կուտակուած մարտանաւերուն եւ անոնց օգտագործման պատրուակին` սուրիական բանակին կողմէ քիմիական զէնքի ենթադրեալ կիրարկման չէզոքացման քայլով մը:
Փութին-Էրտողան համաձայնութեամբ` Անգարան կը շարունակէ պահել Սուրիոյ տագնապի լուծման բանակցութեան սեղանին վրայ իր աթոռը: Այդ երկկողմանի համաձայնութիւնը, սակայն, հակառակ հրապարակային դիւանագիտական յայտարարութիւններուն, չի կրնար դժգոհ չձգել Թեհրանն ու երկրին ամբողջ տարածքին վրայ իր վերահսկողութեան վերականգնման առաջնահերթութիւնը ունեցող Դամասկոսը: Սուրիական տագնապին առնչակից այլ կողմեր եւս հաւանաբար դժգոհ են: Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, եթէ դժգոհները պիտի կարենան վիժեցնել ռուս-թրքական համաձայնութիւնը:
aztagdaily.com/archives/409139